Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/693

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Պատոփրակութեան, հիմա կը քուէարկեն այն տեսակ որոշում մը, որ լայն ու պատասխանատու գործունէութեան իրաւասութիւն մը կու տայ Պատոփրակութեան: Պարգապէս կը հաստատեմ այն հակասութիւնը, որուն մէջ կ՛իյնան եւ զոր կրնանք նշան մը նկատել իրենց անկեղծութեան:

Կարդացուեցաւ Տիրէքթիւներու Սահմանման Յանձնաժողովին բերած 8-րդ առաջարկութիւնը.

«8. Բրոբականտ. Ազգ. Պատոփրակութիւնը պէտք է շարունակէ բրոբականտի գործը, նախապատոտւթիւն տալով հետեւեալ երկու միջոցներուն, եւ իրագործելով անոնցմէ առնուազն մէկը: 1. Հրատարակել մեծ tirage-ով թերթ մը, շաբաթաթերթ կամ աո առաւելն կիսամսեայ, ուր ուժգին կերպով պաշտպանուին հայութեան շահերը եւ, մասնատրապէս, անոր անկախութեան ու վնասուց հատուցման իրաւունքները: 2. Նոյն նպատակով յօդուածներ հրատարակել տալ անգլերէն եւ ֆրանսերէն առնուազն մէկ մէկ թերթերու մէջ, դրամական օժանդակութեան փոխարէն»:

Տիար Ա. Չօպանեան. Որպէսզի այս տիրէքթիւը նշանակութիւն մը ունենայ, պէտք է նաեւ, որ Համագումարը կարգադրութխն մը ընէ նիւթական միջոցներ ապահովելու համար:

Տիար Զ. Պզտիկեան. Մինչեւ հիմա եղած հրատարակութիւններէն ի՞նչ խէր տեսանք, որ ասկէ վերջն ալ շարունակենք: Օրուան լուրերը եւրոպական թերթերէն 15- 20 օր վերջ տալու համար հրատարակուելիք թերթ մը չեմ կարծեր, որ ոեւէ օգուտ ունենայ մեր դատին: Ըստ իս այս տեսակ ձեռնարկ մը աւելորդ է եւ ի զուր անոր համար պիտի ծախսուի դրամ մը, որ կրնար այլապէս օգտակար ըլլալ: Բայց համաձայն եմ, որ եւրոպական թերթերու միջոցով բրոբականտը շարունակուի:

Տիար Ա. Չօպանեան. Մեր հայրենակիցներէն ոմանք բրոբականտը անօգուտ կը նկատեն: Սխալ է ասիկա: Օրինակը տաճիկներէն առնենք: Անոնք այս միջոցին ահագին ծախք կ՛ընեն եւ ամեն ճիգ կը թափեն բրոբականտ ընելու համար ճիշդ այն ձեւով, որով մենք ըրինք, այսինքն միթինկներ եւ քոնֆերանսներ սարքել, պրօշիւր կամ թերթ հրատարակել: Մենք անշուշտ չունինք անոնց ունեցած միջոցները' շատ աւելի տարածուն եւ ազդու դարձնելու համար մեր բրոբականտը: Բայց մտածել, թէ ինչ որ ըրինք անօգուտ էր' ճիշդ չէ: Տաճիկներում ըրած բրոբականտը պատասխան մըն էր հայկական բրոբականտի դէմ: Եթէ առիթ ունենաք տեսնելու Echo de I’lslam թերթը, պիտի տեսնէք, թէ բոլոր յօդուածներն ալ մեր կողմէ եղած հրատարակութիւններու դէմ գրուած են: Մեր բրոբականտը պէտք է շարունակուի, բայց դրամ պէտք է, որպէսզի աւելի ազդեցիկ ըլլայ:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Յանձնաժողովին առաջարկած թերթը Bulletin-ը կամ անոր նման հրատարակութիւն մը չէ: Bulletin-ը, տրուած ըլլալով իւր կազմութիւնը, չի կրնար կատարել այն դերը, զոր մենք կակնկալենք մեր առաջարկած թերթին հրատարակութենէն: Մենք կը փափաքինք, որ այդ հրատարակութիւնը արտաքին աշխարհին առջեւ պարզէ մեր դատը, մեր պահանջները, կորովով, լուրջ ու խորունկ ոաումնասիրութիլններով: Ապացուցանելու համար, թէ այս տեսակ հրատարակութիւն մը այնքան օգտակար կրնայ ըլլայ, յիշեմ միայն իտալացի նախորդ նախարար Պ. Մէտայի այն խօսքը, զոր ինծի ըրաւ օր մը, ըսելով, թէ այլեւս չի կրնար յօդուած գրել Հայկական Խնդրին վրայ, որովհետեւ Armenia չի հրատարակոլիր: Պ. Մէտա այդ թերթէն կ առնէր իր նիւթերը Հայկական Դատին պաշտպանութեան համար: Թուրքերում հրատարակած Echo de I’lsIamQ այդ ուղղութեամբ խմբագրուած թերթ մըն է, եւ կը հաւատամ, որ շատ ազդեցութիւն կը գործէ: Մենք պէտք չէ անտարբեր մնանք. Այդ թերթը պէտք է հիմնուի եւ կրնայ մնալ նոյնիսկ Պատոփրակութեան պաշտօնին լրանալէն ետքն ալ, իբր աշխարհի հանրային կարծիքին առջեւ ընդհանուր հայութեան իրաւանց պաշտպանութեան նուիրուած օրկան մը: Չեխօ-սլովաքները եւ ուրիշ ազգեր, որոնք այլեւս գործ չունին Վեհաժողովին հետ, քանի որ իրենց բախտը