Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/694

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

վճռուած է, միշտ կը շարունակեն այստեղ Փարիզի մէջ, հրատարակել իրենց դատին պաշտպանութեան նուիրուած օրկաններ:

Յանձնաժողովին առաջարկութիւնը քուէարկութեան դրուելով 14 պատգամատրներու ներկայութեան ընդունուեցաւ 13 քուէով: Ձեռնպահ մնաց Տիար Զաքարիա Պզտիկեան, առաջարկութեան առաջին մասին համաձայն չըլլալով:

Համագումարը յառաջիկայ նիստին յետաձգեց Տիրէքթիւներու Սահմանման Յանձնաժողովին 9-րդ առաջարկութեան քննութիւնը եւ յաջորղ առաջարկութեանց անցաւ:

Կարդացուեցաւ Յանձնաժողովին 10-րդ առաջարկութիւնը.-

«10. Կամաւորական բանակ. Պատուիրակութիւնը պէտք է դիմէ Դաշնակից կառավարութիւններուն կամ անոնցմէ մէկուն, խնդրելով, որ իրեն օժանդակեն արեւմտահայ կամաւորական բանակ մը կազմելու' Տաճկահայաստանի գրաւման գործածուելու համար: Բանակը կը հաւաքուի եւ կը մարզուի ոեւէ base-ի մը մէջ, ու երբ պատրաստ ըլլայ, կը գործածոփ ըստ Հանրապետութեան գրաւման բանակի սպայակոյտի հրահանգներուն»:

Յանձնաժողովի անդամներէն Տիար Տոքթ. Ա. Բարսեղեան յայտարարեց, թէ ինք համաձայն չէ այս առաջարկութեան ամբողջութեան:

Տիար Զ. Պզտիկեան. Ես հակառակ եմ, որ Կիլիկիոյ մէջ ըլլալիք կամաւորական կազմակերպութիւնը Հանր. կառավարութեան հրամանին ենթարկոփ, քանի որ Կիլիկիա ֆրանսական ազդեցութեան շրջանակին մէջ է եւ այնտեղ ըլլալիք կարգադրութիւնները պէտք է ենթակայ մնան ֆրանսական իշխանութեանց հաւանութեան: Եթէ պարագաները նպաստաւոր ըլլան, որ ֆրանսացիք հաւանին կամաւորական կազմակերպութիւն մը, այդ պարագային պէտք է հրամանատարութիւնը իրենց մնայ:

Առաջարկութիւնը քուէարկութեան դրուեցաւ 14 պատգամաւորներու ներկայութեան եւ ընդունուեցաւ Ց ձայնի մեծամասնութեւսմբ:

Կարդացուեցաւ Տիրէքթիւներու Սահմանման Յանձնաժողովին 11-րդ եւ վերջին առաջարկութիւնը.

«11. Ամերիկահայ գաղութ. Պատուիրակութիւնը, կարելիօրէն Հանրւսպետութեան Պատուիրակութեան գործակցութեամբ, պէտք է ջանայ վերջ մը տալու Ամերիկայի հայ գաղութին եւ հոն ուղարկուած առաքելութեան պառակտման, վերականգնելով Ամերիկահայ Ազգային Միութիւնը»:

Յանձնաժողովին անդամներէն Տիար Տոքթ. Բարսեղեան յայտարարեց, թէ ինք համաձայն չէ առաջարկութեան այս ձեւով խմբագրութեան:

Տիար Զաքարիա Պզտիկեանի առաջարկութեան վրայ, որոշուեցաւ ուրիշ գաղութներու մասին ալ նոյն յանձնարարութիւնը ընել, որով' առաջարկութիւնը բարեվտխուեցաւ հետեւետլ ձեւով.

«11. Ամերիկայի եւ ուրիշ վայրերու հայ գաղութները. Պատուիրակութիւնը, կարելիօրէն Հանրապետութեան Պատուիրակութեան գործակցութեամբ, պէտք է ջանայ վերջ մը տալու Ամերիկայի եւ ուրիշ վայրերու հայ գաղութներուն, ինչպէս նաեւ Ամերիկա ուղարկուած առաքելութեանց պառակտման, վերականգնելով Ամերիկահայ Ազգային Միութիւնը»:

Այս ձեւով քուէարկութեան դնելով, առաջարկութիւնը 14 պատգամաւորներու ներկայութեան ընդունուեցաւ 11 քուէով: Տիար Բարսեղեան ձեռնպահ մնաց:

Տիար Արշակ Չօպանեան առաջարկեց, որ Համագումարը պիւտճէի յանձնաժողով մը կազմէ, եւ այդ առթիւ յայտարարեց, թէ Պատուիրակութեան ձեռքը դրամական միջոցներ չկան գործերու հետապնդութեան համար:

Տիար Ճ. Մալքոլմ. Անցեալ տարի ըսի, որ խոշոր հատուցում չպահւսնջէք, մտիկ չըրիք, միլիառներ պահանջեցիք: Եթէ համեստ պահանջում մը ըրած ըլլայիք, հաւանական է, որ այսօր տրուած ըլլար: