Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/695

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տիար Ռուբէն Որբերեան. Նախ իմ խորին շնորհակալութիւններս կը յայտնեմ, որ ի յարգանս Եթովպիոյ հայ գաղութին՝ ընդունեցիք զիս իբր իրենց պատգամաւոր: Եթովպիոյ հայերը, որքան ալ անջատուած եւ հեռու կապրին, միշտ ամէնաբուռն կերպով հետաքրքրուած են ազգային դատով: Առաջին առթիւ իրենց պիտի ներկայացնեմ Ազգ. Պատուիրակութեան երկու տարուան գործունէութիւնը: Շնորհակալ պիտի ըլլամ Դիւանին, եթէ այդ մասին տեդեկութիւններ տայ ինծի: Քիչ մը առաջ դրամի խօսք եղաւ, ըսուեցաւ, թէ Պատուիրակութիւնը նիւթական շատ անձուկ դրութեան մը մէջ կը գտնուի: Կրնաք վստահ ըլլալ, որ եթէ երբեք Եթովպիոյ հայերն համոզուին, թէ Պատուիրակութիւնը իսկապէս արդիւնք մը կու տայ, սիրով պիտի ընծայեն նիւթական շատ մեծ աջակցութիւն մը, ինչպէս ըսին ինծի մեկնած միջոցիս: Բայց ասոր համար անհրաժեշտ է, որ գիտնան, թէ ի՞նչ կընէ Պատուիրակութիւնը: Քննադատութեան համար չէ, որ կ՛ուզեն գիտնալ, այլ՝ պարզապէս, տեդեկութիւն ունենալու համար: Անոնք կը խնդրեն, որ զիրենք ազգին անհարազատ զաւակները չնկատէք: Անոնք հաւասարապէս հայ են որքան ամեն տեղ ցրուած հայերը, եւ կը փափաքին չմոռցուիլ: Նիւթական աջակցութեան մասին իրենց պատրաստակամութիւնը անոնք յայտնած են երկու տարի առաջ, եւ նոյնիսկ գրած ալ են Պատուիրակութեան, բայց իրենց խօսք մը ըսող չէ եղած: Անկէ ի վեր ազգային պէտքերու համար տասնեակ հազարատր լիրաներ տոլին եւ միշտ պատրաստ են տալու, եթէ աւելի սերտ եւ աւելի տաք յարաբերութիւն մը պահուի իրենց հետ: Դարձեալ իրենց փափաքն է, որ ամեն բան չգլացուի ազգ. համերաշխութիւն մը ստեղծելու համար: Խնդրեցին ինձմէ. որ այս մասին թախանձագին կոչում ընեմ ամէնուր: Կը հաւատամ, որ դրամը ջիղն է մեր դատին, եւ անգամ մըն ալ կը կրկնեմ, որ մեր գաղութը սիրով պիտի տայ պէտք եղածը: Բայց եթէ միութիւն չըլլայ, այս բոլորը զուր կը ծրագրէք, թուղթի վրայ պիտի մնան, որովհետեւ չեմ կարծեր, որ ոեւէ մէկը դրամ տայ այս պայմաններում մէջ: Քանի որ դրօշակ մը ունինք այսօր եւ այս դրօշակը բարձրացեր է Արարատի վրայ, խմբուինք անոր շուրջը եւ աշխատինք զօրացնելու այն պետութիւնը, որ կազմուեցաւ: Աս ալ մէկն է այն տիրական բաղձանքներէն, որոնցմով տոգորուած է Եթովպիոյ հայ գաղութը:

(Ծափահարութիւններ)

Տիար Արշակ Չօպանեան. Ազգ. Պատուիրակութիւնը արդէն երբեք իր գործունէութիւնը չէ սահմանափակած լոկ թրքահայ խնդիրներու մէջ, անիկա միշտ ձեռք-ձեռքի եւ նոյնքան կորովով դիմումներ ըրած է, Հանր. Պատուիրակութեան հետ, այնքան Ղարաբաղի, որքան նաեւ Կիլիկիայի համար: Հանրապետութեան տրուած ամերիկեան ալիւրի գործին մէջ ալ գլխաւոր դերն Ազգ. Պատուիրակութիւնը կատարեց: Տարակոյս չկայ, որ այս ոգին պիտի տիրապետէ նաեւ իր յառաջիկայ գործունէութեան մէջ:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 5 ½-ին:

ՀԱԱ, ֆ. -430, ց. 1, գ. 66, թթ. 38-60: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ ԻԴ

28 Յունիս 1920, ժամը 4 ½-ին

Նախագահութեամբ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեանի.

Ներկայ էին 17 պատգամաւոր

Ամեն. Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Դուրեան, Բարսեղեան, Դաւիթ-Բէկ, Թէրզիպաշեան, Թէքէեան, Թումայեան, Մալքոլմ, Մսըրլը Պէյ, Տոքթ. Նեւրուզ, Վսեմ. Գ.