Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/696

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Նորատունկեան, Որբերեան, Չօպանեան, Պապաջանեան, Պզտիկեան, Սինապեան, Տէրպէտէրեան, Տէր-Սաեփանեան:


Օրակարգ

1. Վերակագմութիւն Ազգ. Պատուիրակութեան


ԱՏԵՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. Ընթերցում ատենագրութեան

Կարդացուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ Յունիս 26-ի նիստին ատենագրութիւնը:

2. Նամակ Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունեանի առ Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար

Կարդացուեցաւ հետեւեալ նամակը, զոր Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան, Համագումարի նախորդ նիստին որոշման համաձայն, յանուն ժողովին ուղղած էր Ազգ. Պատուիրակութեան Վսեմ. Նախագահին' գոհունակութիւն ու շնորհակալութիւն յայտնելու համար իր պաշտօնը շարունակելու մասին ցոյց տուած պատրաստակամութեան նկատմամբ:

Փարիզ, 27 Յունիս, 1920.

Վսեմաշուք Պօղոս Փաշա Նուպար,

Տիար Նախագահ,

Ինչպէս արդէն առիթ ունեցայ Ձեր Վսեմութեան հաղորդելու, Համագումարը որուն կարդացի Ձեր վերջին նամակը եւ անոր կցուած գիրերը, ինծի յանձնարարեց Ձեզի յայտնել իւր գոհունակութիւնն ու շնորհակալութիւններն այն խոստումին նկատմամբ, զոր Ձեր Վսեմութիւնը կընէ, գտնելու համար այն տեսակ կարգաղրութիւն մը, որ իրեն թոյլ տայ, իր միջոցներուն ներած չափով, գործակցիլ ապագայ Ազգ. Պատուիրակութեան:

Կը ձայնակցին մեր ընկերակիցներուն, խնդրելու համար Ձերդ Վսեմութենէն, որ հակառակ մեզի այնքան թանկագին եղող իր առողջական վիճակին, կարելին ընէ, որպէսզի այս խնդիրը, որչափ հնարաւոր ըլլայ, շուտով իւր պատշաճ լուծումը ստանայ յօգուտ ազգային շահուց, եւ Համագումարն ալ, մեր ամէնուս բաղձանքին համեմատ, կարենայ ւիակել իր նստաշրջանը:

Հաճեցէք ընդունիլ, Տիար Նախագահ, մեր լաւագոյն զգացմանց հաւաստիքը:

Գաբրիէլ Նորատունկեան
Նախագահ
Ազգ. Համագումարի

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունեան. Վսեմ. Փաշան պիտի գայ քիչ մը վերջը, եւ իւր ներկայութեան կը խորհրդակցինք այս խնդրին վերջնական կարգադրութեան մասին: Ն. Վսեմութիւնը անշուշտ իր առաջարկը պիտի բերէ:

3. Հեռագիր Պոլսոյ Համազգային Խորհուրդին:

Կարդացուեցաւ Պոլսոյ Համազգային Խորհուրդին կողմէ Պատուիրակութեան

Վսեմ. Նախագահին հրաժարականին առթիւ Դիւանին ուղղուած հետեւեալ հեռագիրը.

Վսեմ. Գաբրիէլ էֆենտի Նորատունկեան

12, Avenue de Pmsident Wilson

Paris