Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/697

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Կ. Պոլիս, 24 Յանիս 1920, via Malta.

Երեք հայ յարանուանութեանց ընդհանուր ժողովը, ամբողջական նստի մը մէջ, մեծապէս գնահատելով Պօղոս Փաշայի մատուցած թանկագին ծառայութիւնները, իր ի*ւր ցաւը կը յայտնէ անոր հրաժարականի նկատմամբ, եւ թախանձագին կը խնդրէ ՁեզմԷ կարելին ընել Ն. Վսեմութիւնը համոզելու համար, որ շարունակէ իր բարձր պաշտօնը: Անձկութեամբ կը սպասենք պատասխանի:

Զաւէն (Պատրիարք Կ. Պոլսոյ)
Սայիլեան (Պատրիարք Կաթողիկէ Հայոց)
Պէզճեան (Ազգապետ Բողոքական Հայոց)

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Նիստէն վերջ կը հեռագրենք, թէ հրաժարականի խնդիրը կարգադրուած է:

Յայտարարաթիւն Տիար Գ. Սինապեանի:

Տիար Գ. Սինապեան, որ Պատուիրակութեան Վսեմ Նախագահին հետ տեսնուած էր, յայտարարեց, թէ Ն. Վսեմութիւնը պաշտօն յանձնեց իրեն՝ իր շնորհակալութիւնները յայտնելու Համագումարի Դիւանին կողմէ անցեալ օր ղրկուած նամակին համար: Ն. Վսեմութիւնը, յայտնեց Գ. Սինապեան, կը փափաքէր անձամբ գալ այսօրուան նիստին, խորհրդակցելու համար Պատուիրակութեան կազմութեան մասին, բայց, իր իսկ բառերով, «Տիար Ահարոնեանի հետ ունեցած բանակցութիւններս սոսկալին ելքի մը յանգած չըլլալով», վաղը միայն պիտի կրնայ գալ:


Օրակարգ

1. Վերակագմութիւն Ազգ. Պատուիրակութեան

Կարդացուեցաւ Տիրէքթիւներու Սահմանման Յանձնաժողովին 9-րդ առաջարկութիւնը, որան նկատառումը յետաձգուած էր նախորդ նիստին մէջ, եւ որ Յանձնաժողովին տեղեկագրին մէջ ներկայացուած էր հետեւեալ ձեւով.

«9. Այս հարցի մասին Յանձնաժողովին մէջ յայտնուեցան հետեւեալ կարծիքները.

Ա. Պ. Պ.ԹԷրզիպաշեան եւ Տէր-Ստեփանեան կը կարծեն, որ Պատուիրակութիւնը պէտք է դիմէ Երեւանի կառավարութեան, առաջարկելով անոր՝ միացումը կատարել դաշնագրին ստորագրութենէն անմիջապէս վերջ, եւ եթէ դաշնագիրը նուագագոյն գոհացում մը տայ արեւմտահայերուն, այդ միացումը ըլլայ Պ. Խատիսեանի առաջարկութեան հիման վրայ: Մերժումի պարագային, Պատուիրակութիւնը պէտք է շուրջ 50 անդտմէ բաղկացած արեւմտահայ Համագումարի մը ընտրութեան ձեռնարկէ, գայն գումարելով Երեւան եւ անոր յանձնելով միացման եւ ուրիշ արեւմտահայ հարցերը: Այդ Համագումարը կրնայ, համածայնութեան պարագային, ինքգինքը արեւմտահայ խորհրդարան նկատել եւ ձուլուելով Երեւանի խորհրդարանին հետ՝ կազմել Միացեալ խորհրդարան:

Բ. Պ. Սինապեան կը կարծէ, որ այս մասին ալ Համագումարը ոեւէ որոշում չառնելով, պէտք է միայն հաղորդէ դրութիւնը իւր մէջ ներկայացուցիչ ունեցող ամեն մարմիններուն, անոնց թողլով ոեւէ որոշում:

Գ. Պ. Բարսեղեան կը կարծէ, որ Պատուիրակութիւնը պէտք է անմիջապէս առաջարկէ Երեւանի կառավարութեան միացում մը գոյացնել Պ. Խատիսեանի