Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/698

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

նամակին՝ խորհրդարանի ու կառավարութեան վերաբերող մասերու հիման վրայ: Գալով Պատոփրակութիւններու հարցին, կը կարծէ, որ Համագումարը պէտք է ընտրէ չորս անձնաւորութիւններ, որոնցմէ երկուքը Երեւանի կառավարութեան կողմէ Հանրապետութեան Պատուիրակութեան անդամ նշանակուին, ու այդպիսով կազմոփ Միացեալ Պատոփրակութիւնը»:

Տիար Վահան Թէքէեան յայտնեց, թէ Յանձնաժողովին այս առաջարկութիւնը կը շօշափէ միացման համար եղած վերջին ձեռնարկը եւ այն առաքելութիւնը, որ այդ առթիւ ղրկուեցաւ Կովկաս: Հետեւաբար, իբր անդամ նոյն առաքելութեան, պատրաստակամութիւն ցոյց տուաւ լիակատար ծանօթութիւն տալու բանակցութեանց մասին, նկատելով, որ այդ խնդրին նկատմամբ արդէն անգամ մը խօսուեցաւ Պատուիրակութեան համարատուութեան ընթացքին եւ նկատառումը վերապահուեցաւ: Տիար Թէքէեան աւելցուց, թէ այդ տեղեկատուութիւնը անհրաժեշտաբար պէտք է հիմնուի տօքիւմաններու վրայ, որոնցմէ մաս մը Պատուիրակութեան մօտն են, եւ առաջարկեց, որ եթէ ժողովը փափաքի, յաջորդ նիստին բերուին, կարդացուին եւ իր տալիք տեղեկութեանց հետ անցնին ատենագրութեանց մէջ:

Նոյնպէս Կովկաս ղրկուած առաքելութեանց անդամ Տիար Տէր-Ստեփանեան պաշտպանեց այս տեսակէտը, իւր կարգին պահանջելով, որ բոլոր տօքիւմանները ատենագրուին ատենագրութեանց մէջ:

Տիար Արշակ Չօպանեան ալ համամտութիւն յայտնեց այդ մասին, եւ պէտք ցոյց տուաւ, որ Համագումարը տեղեկանայ այդ խնդրին բոլոր մանրամւսսնութիւններուն, քանի որ խնդիրը ինքնին ազգ. ժամանակակից պատմութեան կարեւոր էջերէն մէկը կը կազմէ: «Ես կը կարծեմ, թէ,-յարեց,-այս իրիկուն աճապարանքով լուծելիք հարց մը չէ ասիկա: Պ. Խատիսեան քանի մը օրէն Փարիզ կու գայ եւ անշուշտ իւր խորհուրդներն ալ այս մասին կրնան օգտակար դառնալ, քանի որ համաձայնության հիմ ցոյց կը տրուին իւր կողմէ եղած վերջին առաջարկները: Պատուիրակութեան կազմութեան միջոցին Համագումարը պէտք է նկատի առնէ, թէ ինչ պիտի ըլլան իւր յարաբերութիւնները միլս Պատուիրակութեան հետ: Բայց միացման խնդիրը պէտք չէ թողուի դաշնագրի ստորագրութենէն ետքը: Տաճկահայաստանէն նոյնիսկ եթէ երկու թիզ հող միացուի Հանրապետութեան, ամէնքն ալ թրքահայ, ռուսահայ, պարսկահայ, պէտք է ներկայացուցիչ ունենան հայ տէրութեան կառավարութեան մէջ:

15 պատգամաւորներու ներկայութեան քուէարկութիւն կատարելով, 8 ձայնի մեծամասնութեամբ որոշուեցաւ յաջորդ նիստին լսել Տիար Թէքէեանի տալիք բացատրութիւնները:

Տիար Բարսեղեանի մէկ հարցման վրայ Տիար Թէքէեան յայտնեց, թէ առաքելութեան նկատմամբ գրաւոր զեկուցում չէ եղած Պատուիրակութեան, եւ այդ մասին հետեւեալ բացատրութիւնը տուաւ.

Տիար Վահան Թէքէեան. Մեզի պաշտօն մը յանձնուեցաւ, ստանձնեցինք ու ելանք գացինք: Պաշտօնը դիւրին չէր, բայց ըրինք ինչ որ կարելի էր: Թերեւս մեզի տրուած իրաւասութիւններէն աւելի զիջումներ ալ ըրինք անպատճառ յաջողցնելու համար մեր պաշտօնը: Բայց նորէն օգուտ չըրաւ եւ ստիպուեցանք ընդհատել բանւսկցութիւնները ու մեկնիլ: Վերադարձիս ամիս մը Պոլիս մնացի: Այդ միջոցին լսեցի, թէ Փաշան հեռագրով յայտնած է, թէ կ՛ընդունի այն պայմանները, զորս Տիար Խատիսեան ներկայացուցած էր իբր հակառաջարկներ: Մտածեցի, թէ պատգամաւորներու ստիպման տակ այնպէս վարուեր է, եւ այլեւս գրաւոր տեղեկատուութիւն մը չպատրաստեցի: Երբ Փարիզ դարձայ, Փաշան ալ ատանկ բան մը չուզեց, բայց Պատուիրակութիւնը անտեղեակ չմնաց, որովհետեւ ընկերս՛ Տիար Տէր-Ստեփանեան, իսկոյն Փարիզ անցած եւ բերանացի տեղեկութիւն տուած էր իրեն: