Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/699

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տիար Բարսեղեան պահանջեց, որ գրաւոր ըլլայ Տիար Թէքէեանի տեղեկատուութիւնը, բայց ժողովը ոեւէ պայման չորոշեց այդ մասին:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 5 ½ -ին:

ՀԱԱ, ֆ. -430, ց. 1, գ. 66, թթ. 61-68: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ ԻԵ

29 Յունիս 1920, ժամը 4-ին,

նախագահութեամբ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեանի.

Ներկայ էին 15 պատգամաւոր՝

Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկ., Բարսեղեան, Դաւիթ-Բէկ, Թէրզիպաշեան, Թէքէեան, Թումայեան, Մսըրլը Պէյ, Վսեմ. Գ. Նորատունկեան, Որբերեան, Չօպանեան, Պապաջանեան, Պգտիկեան, Սինապեան, Տէրպէտէրեան, Տէր-Ստեփանեան:


Օրակարգ

1. Վերակազմաթիւն Ազգ. Պատուիրակութեան

ԱՏԵՆԱԿԱՆ ԳՈՐՕՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. Ընթերցում ատենագրութեան

Կարդացուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ Յունիս 28-ի նիստին ատենագրութինը:


Օրակարգ

1. Վերակազմաթիւն Ազգ. Պատուիրակութեան

Համագումարի նախորդ նիստի որոշման համաձայն, Կովկասի առաքելութեան անդամ Տիար Վահան Թէքէեան պարզեց միացման խնդրին համար Երեւանի մէջ Հանրապետութեան ներկայացուցիչներուն հետ կատարուած բանակցութիւնները եւ անոնց խռովութեան պատճառները:

Տիար Վ. Թէքէեանի խօսք առնելէն առաջ, Տիար Թէրզիպաշեան առաջարկեց, որ վիճաբանութիւն չմնայ այն խնդրին նկատմամբ, այլ ժողովը լսէ տրուած տեղեկութիւնները իբր յետահայաց ակնարկ մը միացման խնդրին նկատմամբ:

Տիար Չօպանեան կրկնեց այս առաջարկութիւնը, աւելցնելով, որ «ինչ որ է այլեւս պատմոլթեան կը վերաբերի: Անոնց անդրադառնալը ժամանակի կորուստ պիտի ըլլայ. ընդհակառակը, պէտք է օգտուինք անոնցմէ՛ ասկէ ետք ըլլալիքներուն համար»:

Տիար Վ. Թէքէեան. Անցեալ տարի Համագումարը բագմաթիւ նիստերու մէջ եւ մասնաւոր յանձնաժողովի մը միջոցաւ քննեց Երեւանի Հանրապետութեան եւ թրքահայոց ներկայացուցիչ Ազգ. Պատուիրակութեան միջեւ հասկացողութիւն մը առաջ բերելու եւ միացեալ կառավարութիւն, խորհրդարան ու Պատուիրակութիւն կազմելու հարցը: Համագումարը չկրցաւ վերջնական որոշման մը յանգիլ, եւ տիրէքթիւներուն մէջ յանձնարարեց Պատուիրակութեան, որ ինք ջանայ իրականացնել այդ նպատակը: Թէ ի նչ էր Համագումարին մեծամասնութեան տեսակէտը այս խնդրին նկատմամբ ծանօթ է անշուշտ ձեզի: Աէկ կողմէ կար գոյութիւն առած, բայց տակւսւին անհաւասար եւ քաղաքականապէս չճանչցուած պետութեան մը դատը, եւ միւս կողմէ՝ ւոակաւին գոյութիւն չառած, բայց քաղաքականապէս աւելի հաստատ ու ծանօթ