Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/700

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

տաճկահայ դատ մը: Համագումարը նկատի առնելով կարգ մը վտանգներ, որոնք գոյութիւն ունէին, անպատեհ նկատեց երկու դատերը անմիջապէս իրարու խառնել եւ յանձնարարեց Պատուիրակութեան, որ յարմար ժամանակին եւ յարմար միջոցներով աշխատի այդ միութիւնը ձեռք բերելու: Անտարակոյս, ո՞չ ոք հակառակ էր այս միացման, ո՜չ ոք մտքէն կանցընէր, որ երկու առանձին Հայաստաններ պէտք է գոյութիւն առնեն:

Պատուիրակութիւնն իր պաշտօնը սկսաւ 1919 Ապրիլի սկիզբները եւ մինչեւ Մայիսի վերջերը տակափն ձեռնարկ մը չէր ըրած այդ մասին, սա պատճառաւ, որ Համագումարին մէջ յայտնուած մտահոգութիւնները գոյութիւն ունէին միշտ, եւ չէր կրցած միջոց մը գտնել: Բայց Պատուիրակութեան անդամներնէն մէկը, Տիար Փաստրմաճեան Մայիս 20-ի նիստին մէջ մէջտեղ դրաւ միացման խնդիրը, պահանջելով, որ Պատ.-թիւնն իսկոյն անոր իրականացման ձեռնարկէ: Պատուիրակութեան միւս անդամները համամտութիւն յայտնեցին այդ մասին, բայց առարկեցին, թէ ի՞նչ նոր ձեւով մը պէտք էր կատարել այդ ձեռնարկը, առանց շեղուելու Համագումարին մէջ յայտնուած մեծամասնութեան կարծիքին ոգիէն: Տիար Փաստրմաճեան, ինչպես արդեն ըրած էին Համագումարին մէջ ինք եւ իր համախոհները, առաջարկեց Երեւանի կառավարութիւնն ընդունիլ իբր ընդհանուր հայ կառավարութիւն: Պատ.-թիւնն իր մէջէն յանձնախումբ մը ընտրեց՛ երկու կողմին մտահոգութիւնները նկատի առնելով յարմար լուծում մը գտնելու համար: Այդ յանձնախումբն ամբողջ շաբաթներ նիստեր գումարեց, եւ չէր կրցած տակաւին վերջնական որոշման մը յանգիլ, երբ յանկարծ Մայիս 28-ին, Հանրապետութեան հաստատութեան տարեդարձի օրը Երեւանի մէջ կատարուած ակտին լուրը առնուեցաւ: Այդ օրը, Երեւանի կառավարութիւնը ո՞չ միայն հռչակեր էր երկու Հայաստաններու միացումը, բան մը, որուն նախաքայլն առած էր արդէն Ազգ. Պատուիրակութիւնը նախորդ տարուան Նոյեմբեր 30-ին ըրած Անկախութեան յայտարարութեան առթիւ, այլ՛ ինքզինքն հռչակած էր իբր Միացեալ Հայաստանի կառավարութիւն, առանց այդ մասին թրքահայ ժողովուրդին ներկայացուցիչը եղող Համագումարին ընտրուած Ազգ. Պատուիրակութեան կարծիքը կանխաւ հարցնելու եւ ստանալու: Այսպիսով, Պատ-թիւնը կատարուած իրողութեան մը առջեւ կը գտնուէր: Անիկա, առաջին վայրկեանին իսկ մտածեց բողոքել, որովհետեւ այդ ակտը ոտնակոխ կընէր թէ՛ քաղաքական այն լուրջ նկատումները, որոնք յայտնուած էին Համագումարին մէջ եւ թէ՛ այն իրաւասութիւնը, զոր Համագումարը տուած էր Պատուիրակութեան: Այդ բողոքը, սակայն, անմիջապէս տեղի չունեցաւ, եւ վերջէն ալ չկատարուեցաւ այն ձեւով, որով կը մտածուէր ընել: Պատուիրակութեան անդամներէն Տիար Տոքթ. Նեւրուզ երկիւղ յայտնեց, թէ այդ կարգի բողոք մը խոշոր պառակտումներ առաջ բերէ, եւ պէտքը շեշտեց Հանրապետութեան Պատուիրակութեան հետ հասկացողութեան մը գալու: Այս մտքով բանակցութիւններ սկսան Հանր. Պատուիրակութեան հետ, բայց այդ բանակցութիւնները արղիւնքի մը չյանգեցան, եւ անհամաձայնութիւնը կը տեւէր, երբ Փարիզ ժամանեց Համագումարի Վսեմ. Նախագահը՛ Տիար Նորատունկեան, որուն միջամտութեամբ որոշուեցաւ Երեւանի կառավարութեան ուղղել բողոքի հեռագիր մը Մայիս 28-ի ակտին դէմ, ստորագրուած երկու Պատոփրակութեանց նախագահներէն: Այդ հեռագրով, Տիար Ահարոնեան կը յայտնէր, թէ Ազգ. Պատ.-թիւնը ընտրուած բոլոր թրքահայերու ներկայացուցիչ Ազգ. Համագումարէն, անընդունելի գտած էր այն պայմանները, որոնց մէջ հրատարակուած էր Մայիս 28-ի յայտարարութիւնը, աւելցնելով, թէ զայն դարմանելու համար Ազգ. Պատ.-թիւնը առաջարկներ ներկայացուած է եւ թէ առաքելութիւն մը պիտի ղրկուի Երեւան: Մինչեւ սոյն ատեն՝ կը խնդրէր յետաձգել խորհրդարանին կողմէ այդ յայտարարութեան վաւերացումը: Իսկ Ազգ. Պատուիրակութեան Նախագահ Նուպար Փաշա այդ հեռագրին ներքեւ յայտնած էր, թէ Ազգ. Պատ.-թիւնը կը հաստատէ հեռագրին պարունակութիւնը: