Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/701

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տիար Չօպանեան. Այդ հեռագրով Տիար Ահարոնեան կը հաստատէր Ազգ. Պատ. թեան' թրքահայոց ներկայացուցիչ մարմինն եղած ըլլալը:

Տիար Թէքէեան. Ատկէ առաջ արդէն Պատուիրակութիւնը տեղեկացած էր, թէ Երեւանի կառավարութիւնը խորհրդարանի նոր ընտրութեանց մասնակցելու համար հրաւէր ուղղած է թրքահայոց, մասնաւորապէս Պոլիս՜ Պատրիարքարանի շրջանակներում, որուն վրայ, Պատուիրակութեան Նախագահը հեռագրով յանձնարարած էր, թէ՞ Պոլիս՝ Պատրիարքարանին եւ թէ՞ էջմիածին՝ Վեհ. Կաթողիկոսին միջոցով, որ թրքահայերը, մինչեւ քաղաքական կացութեան պարզուիլը, ձեռնպահ մնան:

Մայիս 28-ի ակտին դէմ բողոքող վերոյիշեալ հեռագրին առաքումէն վերջ, երկու Պատուիրակութիւնները այստեղ փորձեցին համաձայնութեան մը գալ այն միջոցներում նկատմամբ, որոնցմով կարելի պիտի ըլլար դարմանել այդ ակտը: Բանակցութիւնները տեւեցին շաբաթներ, բայց, դժբախտաբար, լիակատար արդիւնք մը չունեցան: Չորս խնդիր կար մէջտեղը, 1. Միացեալ կառավարութեան խնդիր, 2. Միացեալ խորհրդարանի խնդիր, 3. Միացեալ Պատուիրակութեան խնդիր, եւ 4. Միացման ակտի հռչակման խնդիր: Մսոնցմէ միմիայն Միացեալ Պատուիրակութեան կազմաթեան մասին համամտութիւն Երեւան եկաւ բանակցութեանց ընթացքին: Քանի որ կարելի չէր միլս կէտերու մասին հասկացողութեան մը գալ, որոշուեցաւ Երեւան ղրկել այն առաքելութիւնը, որ արդէն ծանուցուած էր հեռագրաւ, Երեւանի մէջ իսկ այդ համաձայնութիւնը առաջ բերելու համար, նկատի առնելով նաեւ սա պարագան, թէ Տիար Ահարոնեան այդ խնդիրներում նկատմամբ վերջնական բան մը ըսելու մասին իրաւասութիւնը չունենալը կը յայտնէր եւ կ՚աւելցնէր, թէ Երեւանի կառավարութիւնը շատ աւելի դիւրութեամբ կրնայ վերջնական համաձայնութիւն մը գոյացնել: Առաքելութեան մեկնումէն առաջ, այստեղ երկու Պաւոուիրակութեանց միջեւ անհամաձայնութեան գլխաւոր կէտն էր Միացեալ առժամեայ կառ.-թեան կազմութեան հարցը: Ագգ. Պատ-թիւնը կը նկատէր, թէ՝ միացման պարագային պէտք է զօրաւորապէս շեշտուած ըլլայ կառավարութեան մէջ թրքահայ ղատին գերակշռութիւնը, որուն համար, ըստ իրեն, անհրաժեշտ էր, որ կառ.-թեան գլուխը գտնուի թրքահայ մը. եւ այդ թրքահայն ալ ըլլայ տարիներէ ի վեր արդէն թրքահայոց դատը հետապնդող անձը, այսինքն' Ագգ. Պատուիրակութեան Նախագահ Պօղոս Նապար Փաշան: Ագգ. Պատուիրակութեան Նախագահն, անշուշտ անոր համար, որ իր անձը խնդրոյ առարկայ էր, ընդունելով հանդերձ, որ Երեւանի կառ.-թեան գլուխը պէտք է թրքահայ մը գտնուի, չէր պնդեր իրեն տրուած նախընտրութեան վրայ: Բայց Ազգ. Պատուիրակութեան միլս անդամները, բացի Տիար Տոքթ. Նեւրուզէն, համաձայն էին, որ անպատճառ պէտք է պնդել այդ տեսակէտին վրայ' քաղաքական նկատումներով:

Տիար Չօպանեան. Տիար Նեւրուզի կարծիքը nuance-ով մը կը տարբերէր Պատուիրակութեան միւս անդամներում կարծիքէն: Այսինքն, կը փափաքէր, որ Փաշան ըլլայ ո չ թէ կառավարութեան պետ, այլէ արտաքին գործոց նախարար: Այս կարծիքը ինծի առաջին անգամ յայտնած է Պատուիրակութեան մէջ:

Տիար Վահան Թէքէեան. Բացի կառավարութեան պետի տեսակէտէն, Ազգ. Պատուիրակութիւնը նկատի առաւ նաեւ կառավարութեան կազմութեան խնդիրը: Ագգ. Պատոլիրակոլթիւնը կ՚ուզէր, որ կառավարութիւնը կէս առ կէս տաճկահայ եւ ռուսահայ տարրերէ կագմուած ըլլայ, այսինքն 4 թրքահայ նախարար եւ չորս ռուսահայ նախարար, որոնցմէ զատ պատերազմական նախարար պիտի անուանուէր ռուսահայ բարձրաստիճան սպայ մը: Ազգ. Պատուիրակութիւնը, բացի կառավարութեան այս հատուածական կազմութեան տեսակէտէն, նկատի առաւ նաեւ կառավարութեան կուսակցական կազմութեան տեսակէտը: Մայիս 28-ի ակտին հրատարակութենէն անմիջապէս վերջ Երեւանի կառավարութիւնը, որ նախապէս խառն կառավարութիւն մըն էր, այդ ակտին դէմ իբր բողոք, ժողովրդական