Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/702

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Կուսակցութեան անդամ նախարարներուն հրաժարելովը վերածուած էր ամբողջովին միատարր Դաշնակցական կառավարութեան մը: Ազգ. Պատուիրակութիւնը, միացման մասին մտածած պահուն՝ պարտաւոր էր նկատի առնել նաեւ կազմուելիք կառավարութեան մասնակցութիւնը ոչ-Դաշնակցական կոաակցութեանց, մասնատրապէս Կովկասի ժողովրդական Կուսակցութեան, որ նախորդ խառն դահլիճին մէջ կէս առ կէս համեմատութեամբ մասնակցութիւն ունէր ել քաշուած էր ճիշդ արեւմտահայոց իրատւնքներուն Մայիս 28-ի ակտով ոտնակոխ ըլլալուն պատճառաւ: Ազգ. Պատ.-թիւնը Հանր. Պատուիրակութեան հետ իր բանակցութեանց միջոցին արդէն յայտնած եւ, ըստ Տոքթ. Նեւրուզի վկայութեան, Պ. Ահարոնեան եւս ընդունած էր, որ կազմուելիք 9 անդամով դահլիճին 2 ռուսահայ եւ թրքահայ անդամները ըլլան Դաշնակցական, մնացեալ հինգ անդամներէն 2-ը ըլլան ռուսահայ ժողովրդական, 2-ը թրքահայ եւ ոչ-Դաշնակցական, իսկ պատերազմական նախարարը, երկու կողմերու հաւանութեամբ նշանակուելիք՝ անկուսակցական զօրավար մը: Այս վերջին կարգադրութիւնը պիտի ըլլար այն մտածմամբ, որ ազգը տակաւին ամբողջութեամբ իր կամքը յայտնած չէր, թէ անպատճառ կը նախընտրէ սա կամ նա կուսակցութիւնը: Իսկ պատերազմական նախարարին անկուսակցական ըլլալու պայմանն ալ դրուեցաւ այն կանխատեսութեամբ, որ Հայաստանի բանակը կուսակցական վէճերու թատր չդառնայ եւ նուիրուի զուտ Հայրենիքի պաշտպանութեան: Արդէն պատերազմական նախարարը, նախոիդ խառն դահլիճին մէջ ալ նոյն նկատումով անկուսակցական զինուորական մըն էր: Վերջին պահուն, մեր մեկնելէն առաջ, Ազգ. Պատուիրակութեան մէջ մտածուեցաւ, թէ քանի որ դահլիճին անդամներում բոլոր մնացեալ մասը կոաակցականներէ պիտի բաղկանայ, թրքահայ ոչ-Դաշնակցական երկու նախարարներն ալ, որ լաւագոյն է որ ըլլան ժողովրդական Կուսակցութեան անդամ նախարարներու նման, նոյն հոսանքին մօտ, այսինքն ոչ- ընկերվարական եւ ազգայնական ուղղութեամբ կուսակցականներ: Այս ուղղութեամբ գործող թրքահայ երկու կուսակցութիւններ գոյութիւն ունէին, մէկը՝ Վերակազմեալ Հնչակեանները եւ միտը Ռամկավարները:

Նկատելով, որ Վեր. Հնչակեանները յայտնի ոյժեր չունէին ոչ այստեղ եւ ոչ ալ Կովկաս, որոշուեցաւ վերոյիշեալ առժամեայ խառն դահլիճին թրքահայ ոչ- Դաշնակցական անդամները առաջարկել Ռամկավար Կուսակցութենէն:

Տիար Թէրզիպաշեան. Ես կը կարծեմ, որ Տիար Թէքէեան փոքրիկ շեղում մը կ՚ընէ: Ռամկավարներու անունով չէր կրնար կտրուկ պայման մը եղած ըլլալ, քանի որ վերջէն իմացանք, թէ նախարարական պաշտօնի համար առաջարկ եղած է Տիար Նորատունկեանի եւ Տիար Ռսկւսն Մարտիկեանի նման անձնաւորութեանց, որոնք չեն պատկանիր Ռամկավար Կուսակցութեան:

Տիար Վահան Թէքէեան. Ասիկա հարկադրիչ պայման մը չէր: Նկատելով, որ նախարարներուն մնացեալ կէսը կուսակցական տիսիբլինի տակ գտնուող անձերէ պիտի բաղկանար, մեր մեկնելէն առաջ Պ. Պապաջանեանի ներկայութեան գումարուած Պատուիրակութեան վերջին նիստին մէջ յարմար նկատուեցաւ, որ մեր ներկայացնելը նախնական պայմաններում մէջ ոչ-Դաշնակցական տաճկահայ անդամները նոյնպէս կուսակցական տիսիբլինի ենթակայ եղող Ռամկավարներ ըլլային: Մանաւանդ թէ խառն դահլիճին նպատակներէն մէկն ալ կուսակցական համերաշխութիւն եւ գործակցութիւն ստեղծելն էր: Արդէն, ինչպէս պիտի տեսնուի մեր գրաւոր առաջարկներում ընթերցումէն, միայն մեկ անգամ գործածուած է «Ռամկավար» անունը տաճկահայ ոչ-Դաշնակցական նախարարներու համար, եւ անկէ վերջ յիշուած է «թրքահայ ոչ-Դաշնակցական» բացատրութիւնը: Այս կէտը վերջէն շեշտուած է նաեւ բանակցութեանց արդէն պատրաստուած ատենագրութիւններու մէջ, ի պատասխան Դաշնակցական բանակցողներու այն առարկութեան, թէ մեր բանակցութիւնները կ՚ուզէինք կուսակցական հողի վրայ կատարել: