Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/703

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Այս մասին Երեւանի մէջ ալ Պ. ԹԷքէեանի անհամաձայն էի եւ կ՛ուզեմ պարգել թէ ինչո՛ւ: Պատուիրակութեան որոշումը՝ միացեալ կառավարութեան տաճկահայ անդամներու մասին, այսինքն 2 Դաշնակցական եւ 2 ոչ-Դաշնակցական ըլլալն այնքան ճիշդ է, որ մեր հրահանգներուն մէջ ալ ատիկւս որոշապէս գրուած էր: Իրաւ է, որ մեր Երեւան մեկնելէն մէկ-երկու օր առաջ, նիստի մը մէջ, որուն ես ալ ներկայ էի, մէկ հոգիի կողմէ կարծիք յայտնուեցաւ, որ ոչ-Դաշնակցականները պէտք էր նմանապէս կուսակցական տիսիրլինի ենթակայ անձեր ըլլային, բայց ոեւէ որոշում չառնուեցաւ: Ուրիշ ապացոյց մըն ալ այն հանգամանքն է. որ երբ Պատ.-թիւնը ստացած է Երեւանի մեր ուղղած հեռագիրը՝ կառավարութեան ոչ-Դաշնակցական անդամներուն նշանակումը փութացնելու մասին, դիմած է Պատրիարքարան, որպէսգի Պոլսէն երկու ձեռնհաս անձերու դիմում ըլլայ այդ նպատակով:

Տիար Ա. Չօպանեան. Ես ներկայ չեմ գտնուած Ազգ. Պատուիրակութեան այն նիստին, որուն մէջ որոշուեր է «ոչ-Դաշնակցականի» տեղ «Ռամկավար» բառը դնել: Եթէ ներկայ եղած ըլլայի՝ ատոր համաձայն չպիտի ըլլայի:

Տիար Վ. Թէքէեան. Երեւան հասնելով՝ ներկայացանք, ինչպէս մեր պաշտօնն էր, նախարարապետ Պ. Խատիսեանին, որ ըսաւ, թէ ինք ձեռքէ եկածը պիտի ընէ անպատճառ համաձայնության մը գալու համար, եւ թէ չի կարծեր, որ էական տարբերութիւններ գոյութիւն ունենան մեր եւ իրենց տեսակէտներուն միջեւ: Այդ առաջին տեսակցութեան մէջ բերանացի եւ համառօտ կերպով յայտնեցինք մեր պահանջներուն գլխաւոր գիծերը: Պ. Խատիսեան առարկութիւն ըրաւ միայն կառավարութեան գլուխը Ագգ. Պատուիրակութեան Նախագահը դնելու առաջարկին դէմ, յայտնելով, որ ատիկա անկարելի պիտի ըլլայ ընդունիլ տալ: Ասիկա գիտցանք առաջին վայրկեանին: Պ. Խատիսեան նոյն ատեն կարծիք յայտնեց, թէ փոխանակ վարչապետի տիտղոսին, կարելի էր Պօղոս Փաշա ևոլպարը Հանրապետութեան նախագահ կամ Հանր. գերագոյն ներկայացուցիչ անուանել, ինչպէս Պ. ժորդանիա՝ «Վրաստանի Հանրապետութեան գերագոյն ներկայացուցիչ» տիտղոսը կը կրէր: Պ. Խատիսեան յայտնեց նոյնպէս, թէ մեզի հետ բանակցելու համար Դաշնակցութեան նոյն միջոցին գումարուած Ընդհանուր Պատգմ. ժողովը պիտի նշանակէր իր ներկայացուցիչները: Պատասխանեցինք, որ մենք եկած ենք կառավարութեան հրաւէրին եւ նոյն ինքն Պ. Խատիսեանի հեռագրին համաձայն՝ կառավարութեան հետ բանակցելու, որով եթէ կուսակցութիւնն ան ընտրեր բանագնացները, զանոնք պիտի նկատէինք ներկայացուցիչները կառավարութեան, որ անշուշտ ուղղակի իր անդամներէն ալ բանագնացներ պիտի կարգէր: Այս կէտը նոյն պահուն առկախ մնաց: Տետոյ դահլիճը ամբողջական նիստ մը գումարեց, որուն առջեւ հրաւիրուեցանք պարգելու Ազգ. Պատուիրակութեան պայմանները: Այդտեղ միայն լուսաբանութիւններ խնդրուեցան մեզմէ, գոր տուինք առանց էութեան մասին վիճաբանութեան մտնելու: Մինչեւ բանագնացներուն նշանակումը՝ երկու շաբաթ ժամանակ անցաւ, եւ մենք երկիցս բերանացի ու գրաւոր խնդրեցինք Պ. Խատիսեանէ, որ փութայ մեգ յարաբերութեան դնել իրենց բանագնացներուն հետ: Վերջէն հասկցանք, թէ ի՛նչ էր այս յապադման պատճառը: Փարիգէն մեկնելնէս շաբաթ մը վերջ՝ Պ. Ահարոնեան Երեւան ղրկած էր Պ. Բրօֆ. Խաչատրեանը, անդամ Ագգ. Համագումարի: Բրօֆեսորին հանդիպեցանք Պոլիս, մեր մեկնած օրը, եւ միասին ճանապարհեցինք մինեւ Թիֆլիս: Ինք, ընտանեկան պատճառներով մնաց այնտեղ 10-12 օր: Պ. Ահարոնեանի կողմէ իրեն տրուած նամակ մը հասցուցած էր Երեւան, մեր ժամանումէն քիչ վերջ, բայց կը սպասէին նաեւ իր Երեւան ժամանման, լսելու համար իր բերանացի տալիք հրահանգները եւս: Այս էր պատճառը, որ բանակցութեանց բացումը ուշացաւ: Ի վերջոյ Պ. Խատիսեան մեզ հրաւիրեց եւ ծւսնոյց, թէ Դաշնակցութեան Ընդհ. Պատգմ. ժողովը ընտրած է երեք բանագնացներ՝ Պ. Պ. Սիմոն Վրացեան, Մարտիրոս Յարութիւնեան եւ Պոլսոյ «ճակատամարտ» թերթի խմբագիր Շաւարշ Միսաքեան: Պ.