Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/704

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Խատիսեան խնդրեց մեզմէ, որ չպնդենք բանագնացներուն ուղղակի կառավարոլթեան ներկայացուցիչ համարուելու հանգամանքին վրայ, աւետելով, թէ ինք պիտի նախագահէ առաջին նիստին եւ պիտի յայտնէ, որ մեր կնքելիք համաձայնութիւնը կառավարութիւնը իրեն համար պարտադրիչ կը նկատէ եւ կը վստահեցնէ, թէ խորհրդարանն ալ պիտի վաւերացնէ զայն: Միւս կողմէ, այդ բանագնացներն ալ, Պ. Խատիսեանի տուած հաւաստիքին համաձայն, երբեք խնդրոյ առարկայ չպիտի ընէին Ազգ. Պատոփրակութեան' թրքահայոց ներկայացուցիչ ըլլալու հանգամանքը, ինչպէս նաեւ մեր՛ Ազգ. Պատոփրւսկութեան հարազատ ներկայացուցիչը եւ բանագնացները ըլլալու հանգամանքը: Այստեղ պէտք է յայտնեմ, թէ Ազգ. Պատ.-թիւնը երբ Պ. Տէր- Ստեփանեանը եւ զիս Պատուիրակ նշանակեց, խորհեցաւ իբրեւ երրորդ անդամ Կովկասի մէջ առաքելութեան աւելցնել Պ. Սամսոն Յարութիւնեանը: Այս որոշման տեղի տոտդ նկատումը սա էր, որ Պ. Սամսոն Յարութունեան ո'չ միայն ծանօթ էր տեղական պայմաններուն, այլ եւ վարիչներէն մէկն էր ժողովրդական Կուսակցութեան որ կատարուելիք բանակցութեանց հետեւանքով անդամներ պիտի տար կազմուելիք խառն դահլիճին, ինչպէս արդէն Մայիս 28-էն առաջ կէս առ կէս համեմատությամբ կը մասնակցէր դահլիճին եւ Պ. Սամսոն Յարութիւնեան եւս նախարարական պաշտօն մը ունէր նոյն դահլիճին մէջ: Պ. Սամսոն Յարութիւնեանի հաւանութիւնը ստանալէ վերջ, յայտնեցինք մեր առաքելութեան իր անդամակցութիւնը Պ. Խատիսեանի, որ ոեւէ առարկութիւն չըրաւ: Ասոնք կ՛ըսեմ, որովհետեւ մամուլին մէջ՝ խորհրդարանի անդամ թրքահայ Դաշնակցականի մը կողմէ խիստ դիտողութիւններ հրատարակուեցան թէ' Ազգ. Պատոփրակութեւսն՝ ամբողջ թրքահայոց ներկայացուցիչը ըլլալու եւ թէ՞ մեր երեք հոգիէ բաղկացած առաքելութեան՜ Ազգ. Պատուիրակութեան հարազատ ներկայացուցիչը ըլլալու հանգամանքին դէմ: Պ. Խատիսեանի տուած հաւաստիքը, թէ Դաշնակցական բանագնացները բանակցութեանց ընթացքին պիտի չանդրադառնան այս կէտերու մասին, մեզի տրուած երաշխաւորութիւն մըն էր ընդդէմ վերոյիշեալ առարկութիւններուն: Բայց, քիչ մը վերջ' ընելիք ընթերցումներնէս պիտի տեսնուի, որ տրուած այս պայմանը չյարգուեցաւ նոյն ինքն բանագնացներուն կողմէ, երբ բանակցութիւնները յանգեցան այնպիսի կէտի մը, ուրկէ անդին նոր զիջումներով հասկացողութեան մը գալ անկարելի կ՚երեւար: Ինչպէս կ՚երեւայ երկու կողմի բանագնացներու կազմութենէն, մեր առաքելութեան երեք անդամներէն մէկը ռուսահայ մըն էր եւ միւս կողմի երեք բանագնացներէն մէկն ալ՝ թրքահայ մը:

Ահաւասիկ հիմա այն նախնական առաջարկներում ծրագիրը, զոր դահլիճին փափաքին համաձայն, մեր առաջին տեսակցութիւներէն վերջ' գրաւոր ղրկեցինք, եւ զոր դահլիճն ալ յանձնած էր նախ Դաշնակցութեան Ընդհ. Պատգամաւորական ժողովին, որ, իր կարգին, յանձներ էր զայն իր նշանակած բանագնացներուն: Մեր բանակցութիւնները սկսան կատարոփլ այս նախնական պայմաններու ծրագրին վրայ:


Ծրագիր N 1

Տիար Վ. Թէքէեան. Մեր առաջին նիստին մէջ, ըստ Պ. Խատիսեանի նախապէս տուած խոստման, ինքը Պ. Խատիսեան, իբրեւ նախագահ ըրաւ հետեւեալ յայտարարութիւնը, զոր նոյնութեամբ կը կարդամ այդ առաջին նիստի ատենագրութենէն:


Ատենագրութիւն N 2

«Վարչապետը նիստը բացեց»

Տիար Վ. Թէքէեան. Ասիկա մինակ առաջին նիստին ատենագքտւթիւնն է: Եթէ ժողովը փափաքի՝ կարդամ նաեւ միւս ութ նիստերում մասին ալ կազմուած ատենագրութիւնները: