Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/705

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ձայներ. Հարկ չկայ. միայն պատմեցէ՚ք իրողութիւնները:

Տիար Վ. Թէքէեան. Մեր առաջարկներուն բոլոր կէտերուն վրայ երկար վիճաբանութիւններէ եւ մեր կողմէ եղած կարետր զիջումներէ վերջ, հասանք այնպիսի կացութեան մը, ուրկէ անդին այլեա բանակցութիւնները կարելի չէր առաջ մղել: Այդ նիստին մէջ, որ կացութիւնը այս կէտին հասաւ՝ կը բացակայէր Պ. Վրացեան: Երկրորդ բանագնաց Պ. Մարտիրոս Յարութիւնեան խօսք առաւ եւ ըրաւ այնպիսի յայտարարութիւններ, որոնք ոչ միայն իրենց վերջնական պայմանները կը ներկայացնեն, այլեւ անոնց ընդունելութիւնը մեզի հարկադրելու դիտումով խնդրոյ առւսրկայ կը դարծնէին Ազգ. Պատուիրակութեան եւ մեր առաքելութեան իրաւասութիւնները, հակառակ Պ. Խատիսեանի կանխաւ այդ մասին մեգի տուած բացարձակ հաւաստիքին: Պահանջեցինք, որ այդ առաջարկները եւ դիտողութիւնները գրաւոր յանծնուին մեզի, որպէսզի կարենայինք բանակցութիւնները շարունակել: Ահաւասիկ այդ գիրը՝ ստորագրուած երեք բանագնացներուն կողմէ.


N 3

Վրացեան-Յարութիւնեան-Միսաքեան

Տիար Վ. Թէքէեան. Թէ՜ այս նիստին գումարուած միջոցին, եւ թէ՜ վերոյիշեալ գրութեան մեզի յանձնուած օրը վարչապետ Պ. Խատիսեան բացակւսյ էր Երեւանէն՜ իր պաշտօնին բերումով: Երբ վերոյիշեալ գրութիւնը ստացանք' իսկոյն պատրաստեցինք մեր պատասխանը, զոր նոյնպէս ղրկեցինք գրաւոր Պ. Խատիսեանի, անմիջապէս երբ Երեւան դարձաւ, իրեն ուղղուած նամակով մը որուն մէջ կը յայտնէինք մեր զարմանքը՝ յարուցուած միջադէպին մասին, եւ այն անել դրութիւնը, որուն մատնուած էին բանակցութիւնները՝ այդ միջադէպին պատճառաւ: Ահաւասիկ Տիար Խատիսեանի ղրկուած մեր պատասխանագիրը.


N 4

Թեքէեան-Յարութիւնեան-Տէր-Ստեփանեան

Տիար Վ. Թէքէեան. Այս նամակին իբր առաջին արդիւնք՝ Պ. Խատիսեան Երեւան դառնալուն պէս հրաւիրեց մեզ իր մօտ եւ յայտնեց, թէ շատ չնչին տարբերութւին մը միայն պատճառ եղած է մեր բանակցութեանց ընդհատման եւ թէ ինք կը յուսայ, որ փոխադարձ զիջողութեամբ կարելի պիտի ըլլայ հարթել այդ անհամաձայնութիւնը, ինչպէս որ նոյն մտքով արդէն խօսած է Պ. Վրացեանի: Գալով յարուցուած իրաւասութեան վէճին, ցաւ յայտնեց, որ հակառակ իր բացարձակ յայտարարութեան ու խոստումիս, այդ կարգի միջադէպ մը ստեղծուած էր, եւ նոյնպէս ծանոյց, թէ այդ մասին եւս ինք պէտք եղածը կարգադրելու ? Է: Պ. Խատիսեան աւելցուց, թէ մէկ-երկու օրէն իր նախագահութեամբ նիստին պիտի հրաւիրէ երկու կողմերը: Մինչ այդ՝ ստացանք Պ. Վրացեանի հետեւեալ պատասխանագիրը մեր ուղղած նամակին, զոր Տիար Խատիսեան իրենց հաղորդած էր.

N 5

Վրացեանի նամակը

Տիար Վ. Թէքէեան. Երբ Պ. Խատիսեանի խոստման համաձայն' իրեն հետ մեր տեսակցութենէն յաջորդ օրն իսկ գումարուեցանք, դժբախտաբար Պ. Խատիսեան միայն մենէ պահանջեց զիջողութիւն, հակառակ որ մինչեւ այն ատեն արդէն բոլոր զիջողութիւնները մեր կողմէ միայն կատարուած էին: Կը պահանջէին մասնւսւորաբար, որ կառավարութիւնը կազմուի 9 կամ 11 անդամի վրայ, 5 կամ 6 Դաշնակցական նախարարներով: Պորտֆելներու մասին կը պահանջէին, բացի նախարարապետէն,