Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/706

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ներքին գործոց, աշխատանքի ու երկրագործութեան նախարարները, որ պատերազմական նախարարն ալ իրենց կողմէ ներկայացուի եւ ըլլայ ի հարկին նոյնիսկ ոչ-զինուորական մը: Գալով արտաքին գործոց նախարարին, թեեւ ընդունած էին, որ Պօղոս Փաշան իբր Պատ -եան Նախագահ ունենայ նաեւ արտաքին գործոց նախարարի հանգամանքը: Բայց երբ հարցուցինք, թէ Երեւանի դահլիճին մէջ աթոռ ունենալիք իր փոխանորդը կ՚ընդունի՞ն որ ոչ-Դաշնակցական մը ըլլայ, միակ պատասխանը որ ստացանք՝ Պ. Մարտիրոս Յարութիւնեանի պատասխանն էր. «Ո՛չ, արտաքին գործոց նախարարի փոխանորդն ալ կ՛ուզենք, որ մեր կողմէ ներկայացուի»: Իրաւ է. թէ յաջորդ եւ վերջին նիստին՝ այդ նիստին ատենագրութեան ընթերցման պահուն Պ. Վրացեան ըսաւ, թէ ատիկա Պ. Մարտիրոս Յարութիւնեանի անձնական կարծիքն է եւ թէ կրնայ մտածուիլ այդ մասին, բայց այդ վերջին պահուն իսկ, հակառակ մեր պնդումին, չյայտարարեցին, թէ կընդունին արտաքին գործոց նախարարի իրական պաշտօնը վարելու կոչուած, Երեւան մնացող փոխանորդին ոչ- Դաշնակցական մը ըլլալը: Պատուիրակութեան կազմին նկատմամբ անհամաձայնութիւն չկար, քանի որ կընդունէին Պօղոս Փաշա Նուպարի նախագահութիւնը եւ անդամներու հատուածական ու կուսակցական համեմատութեան վերաբերող մեր պայմանները: Բայց, այս համամտութիւնը ոեւէ լուրջ երաշխիք մը չէր ներշնչեր, քանի որ իրենց պահանջմամբ Պատ.-թիւնը ամեն կերպով ենթակայ կը մնար կառավարութեան եւ խորհրդարանին որոշմանց, որոնք կրնային առ նուազն այնպիսի հրահանգներ տալ, զորս կաթիլի չըլլալով գործադրել, Պատ.-թիւնը պիտի ստիպուէր հրաժարիլ: Մեր սկզբնական պահանջն էր Պատուիրակութեան ապահովել գործունէութեան որոշ անկախութիւն մը, իբրեւ աւելի մօտէն տեղեակ Խաղաղութեան Համաժողովին աշխատութեանց եւ քաղաքական կացութեան: Բայց այդ պայմանը երբեք կարելի չեղաւ ընդունիլ տալ: Գալով խորհրդարանին, մինչեւ անոր ամբողջացումը դադար տալու առաջարկը, գոր ըրած էինք' չընդունուեցաւ անոնց կողմէ, կարգ մը առարկութիւններով, որոնց պատասխանները մեր վերջնական պայմանները պարունակող գրութեան մէջ քիչ վերջը պիտի տեսնէք:

Միացման յայտարարութեան մասին եւս կատարեալ համաձայնութիւն չգոյացաւ, ըստ որում' Փարիզէն մեզի տրուած վճռական հրահանգին համաձայն, պայման կը դնէինք, որ թրքական Հայաստանը իր անկախութիւնը հռչակած եւ իր կառավարութիւնը կազմած նկատուելէն վերջ, ռուսական Հայաստանը իր կառավարութեամբ միացած հռչակուի անոր: Այդ նիստին պահանջեցին մենէ, որ Պ. Պ. Վրացեանի, Մար. Յարութիւնեանի եւ Միսաքեանի ստորագրութեամբ նախապէս մեզի ուղղուած Նոյեմբեր 4 թուակիր նամակին պայմաններուն նկատմամբ մեր վերջնական պատասխանը գրաւոր հաղորդենք: Այդպէս ալ ըրինք եւ իրենց ուղղեցինք հետեւեալ նամակը, որ կը պարունակէր մեր վերջնական պայմանները, եւ, ինչպէս պիտի տեսնուի, շատ մեծ զիջողութիւններ կ՚ընէր մեր ներկայայուցած սկզբնական առաջարկներուն վրայ:


N 6

Թէքէեան-Ստեփանեան-Յարութիւնեան

Տիար Վ. Թէքէեան. Այս նամակը ղրկելէ ետք, գումարուեցաւ վերջին նիստը, որուն մէջ յայտարարեցինք, թէ կը ցաւինք, որ հակառակ մեր բովանդակ բարեկամեցողութեան եւ զիջումներուն, անկարելի եղաւ համաձայնութեան մը գալ եւ թէ մեր պաշտօնը լրացած նկատելով՝ կը վերադառնանք Փարիզ՝ համար տալու Ազգ. Պատուիրակութեան, որուն կը մնայ վերջին խօսքը ըսել: Այդ նիստին մէջ որոշուեցաւ, որ բանակցութիւնները վերջնականապես խզուած չնկատելով, այդ մասին լրագրական թեր եւ դէմ հրատարակութիւններ չընել: Այդ պայմանը դժբախտաբար չյարգեցին ո՛չ