Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/707

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Թիֆլիսի մէջ եւ ո չ ալ Պոլիս, ինչ որ ստիպեց մեզ ալ, հրապարակաւ կարգ մը ճշդումներ ընելու:

Տիար Բրօֆ. Թումայեան. Քիչ առաջ կարդացոլած ձեր վերջնական պայմաններուն մէջ ըսուած է, թէ ընկերային բարենորոգումներու վերաբերող որոշումները 2/3-ի մեծամասնութեամբ պէտք է կայացուին: Արդեօք Տիար Թէքէեան կրնա՞յ ըսել, թէ ի՜նչ ընկերային բարենորոգումներ կատարուած են արդէն կամ կատարելու դիտում ունի կառավարութիւնը:

Տիար Թէքէեան. Օրինակի համար՝ կառավարութիւնը խորհրդարանին քուէարկել տուած է եղեր արդէն հողային գրաւմանց վերաբերող օրենք մը: Մեր այնտեղ գտնուած միջոցին օր մը՝ Դաշնակցական երեսփոխան մը հարցապնդում ըրաւ կաոավարութեան, թէ ինչո՜ւ այդ օրէնքը գործադրութեան չէ դրուած էջմիածնի հողերուն համար: Նախարարը ի պատասխան կարդաց ցուցակ մը 30-է աւելի հողի գրաւմանց, որոնց մէջ մէկ կտոր ալ էջմիածնայ հողերէն: Բայց հարցապնդող երեսփոխանը, յայտնելով, թէ էջմիածնի սեփական ուրիշ բազմաթիւ հողեր գրաւուած չեն տակաւին, պահանջեց, որ անոնք ալ գրաւուին: Նախարարը ըսաւ, թէ գյուղացիները իրենց սեփականութիւնը եղող հողերն իսկ չեն կրցած մշակել՝ սերմնացու չունին աշնանհամար, ինչ որ ինծի թոյլ կու տայ հետեւցնելու, թէ կաոավարութեան քով պատրաստակամութիւնը չպիտի պակսի այղ օրէնքը գործադրելու:

Տիար Թումայեան. Անշուշտ էջմիածնայ սեփական հողերն ալ այդ օրէնքին ենթակայ են միւսներուն պէս:

Տիար ԹԷքԷեան. Անշուշտ:

Տիար Թումայեան. էջմիածին ի՞նչ կը խորհի այդ մասին:

Տիար Թէքէեան. Որչաւի որ գիտեմ՝ էջմիածնայ մէջ դժգոհ են այդ մասին: Ահա այս կարգի երեւոյթներու առջեւ է, որ ընկերային բարենորոգմանց մասին տրուելիք որոշումները ուզեցինք, որ կառավարութիւնը իր Դաշնակցական մեծամասնութեամբ միայն չկարողանայ ի գլուխ հանել եւ պայման դրինք 2/3-ի մեծամասնութեան անհրաժեշտութիւնը այդպիսի պարագաներու համար:

Մեր մեկնելեն վերջն է որ Պ. Խատիսեան Ազգ. Պատուիրակութեան Նախագահին ուղղած նամակով յայտնած է կաոավարութեան վերջնական պայմանները, որոնք նոյնն են ինչ որ մեր բանակցութեանց վերջանալուն մեզի ծանօթ էին. Ահաւասիկ այդ նամակը.


N 7

Խատիսեանի նամակը

Տիար Վ. Թէքէեան. Ազգ. Պատ.-թիւնը այս նամակը ստացած էր իմ Փարիզ հասնելէն առաջ, եւ ինչպէս անցեալներս առիթ ունենայ ըսել, որ Խադաղութեան Համաժողովին կողմէ Թուրքիոյ դաշնագրին մօտալուտ յանծնումին պահուն միակ Պատուիրակութեան մը գոյութեան անհրաժեշտութիւնը նկատի ունենալով, ու միւս կողմէ անգլիական պատուիրակութեան ծանօթ մէկ անդամին կողմէ այդ նպատակով եղած կոչին առջեւ, որոշած է ընդունիլ Տիար Խատիսեանի նամակով առաջարկուած պայմանները, եւ ըստ այնմ՝ Պատուիրակութեան Նախագահ Պօղոս Փաշա Նուպար հետեւեալ հեռագիրը ղրկած է Տիար Խատիսեանի.


N 8

Հեռագիր Պօղոս Փաշայի

Տիար Վ. Թէքէեան. Նոյնիմաստ հեռագիր մըն ալ Ազգ. Պատ.-թիւնը ղրկած է Պ. Սամսոն Յարութիւնեանի, զինքը եւ Պ. Արշալոյս Մխիթարեանը իր կողմէ