Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/708

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ներկայացուցիչ կարգելով միացման գործին համար: Պ. Խատիսեանի տրուած հեռագրին պատասխան ստացուած չէ մինչեւ այսօր: Այս մասին կ՚արժէ բւսցատրութիւն մը տալ: Ասկէ առաջ ըսի արդէն, թէ մեր Երեւան մեկնելէն շաբաթ մը վերջ Հանր. Պատ.-թիւնը հարկ համարած էր դէպի Երեւան ճամբայ հանել նաեւ Բրօֆ. Խաչատուրեանը, որոշ հրահանգներով: Բայց Բրօֆ. Խաչատուրեանէ զատ Փարիզէն Երեւան եկաւ նաեւ, երբ մենք այնտեղ էինք տակաւին, Տոքթ. Մանդինեան, որ զեկոյցներ ւոուած էր, ինչպէս լսեցինք, կառավարութեան. Դաշնակցական Ընդհ. Պւսւոգմ. ժողովին եւ էջմիածնի Միաբանութեան: Այս զեկոյցները մեր բանակցութեանց ընթացքին վրայ աննպաստ ազդեցութիւն մը գործեցին: Այս մասին աւելի ստոյգ տեղեկութիւն մը ստացանք մեր մեկնումէն օր մը առաջ, Երեւանի Առաջնորդ Խորէն Եպիսկոպոսի՝ մեզի ի պատիւ տուած հացկերոյթի մը միջոցին, որուն ներկայ էր նաեւ Տոքթ. Մանդինեան: Խորէն Եպիսկոպոս սեղանին վրայ, ակնարկելով մեր առաքելութեան ձախողանքին, խօսքն ուղղեց Տոքթ. Մանդինեանի եւ ըսաւ. «Բժի՜շկ, ղո՜ւն պատճառ եղած ես այս բանակցութեանց ձախողանքին»: Բժիշկը պատասխանեց. «Լո՞ւրջ կցսէք կոր»: -«Այո՜, յարեց եպիսկոպոսը,- քու հաղորդած զեկոյցներու զուր պատճառաւ»: Ստոր վրայ՝ Տոքթ. Մանդինեան ըսաւ, թէ ինք անձնապէս իր խօսքերովը չէր կրնար այդպիսի արդիւնք մը առաջ բերած ըլլալ, բայց հաւանական է, որ Պ. Ահարոնեանի կողմէ իրեն տրուած եւ իր Երեւան բերած թղթածրարը որոշ դեր մը խաղցած ըլլայ այդ ուղղութեամբ, որովհետեւ, աւելցուց, «իմ մեկնած օրերուս՝ միացման խնդրի մասին տրամադրութիւնները փոխուած էին Հանր. Պատուիրակութեան մէջ»:

Ինչպէս կը տեսնուի՝ Երեւանի մէջ մեր ունեցած բանակցութեանց ելքին անյաջոդութեան պատճառը պէտք է փնտռել այստեղ: Նոյնպէս՝ եթէ Պ. Խատիսեան կամ Հանր.-թեան կառ.-թիւնը անպատասխանի թողուցին իրենց իսկ ներկայացուցած առաջարկներուն հիման վրայ Ազգ. Պատուիրակութեան հետ միութեան կնքումը, պատճառը հետեւեալն է: Պ. Ահարոնեան երբ տեղեկութիւն ունեցած է Ազգ. Պատ.- փեան հեռագրէն, իսկոյն հեռագրած է Երեւան, թէ Պ. Օհանջանեան ճամբայ կ՚ելլէ Փարիզէն եւ յանձնարարած է, որ մինչեւ անոր Երեւան հասնիլը ոեւէ ձեռնարկ չընեն: Ասիկա ցոյց կու տայ, որ ինչպէս մեր կատարած բանակցութիւններուն ընթացքին, նոյնպէս այստեղէն ղրկուած վերջին հաւանութեան հեռագրին ընդունելութեան առթիւ, դժուարութիւնը յարուցուած է Փարիզէն: Համագումարը պէտք է գիտնար, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս մինչեւ այսօր կը շարունակեն երկու անջատ Պատ.-թիւններ գոյութիւն ունենալ:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Քանի որ Պ. Օհանջանեանի մեկնման նպատակին մասին խօսք եղաւ, օգտակար կը նկատեմ յայտնել, թէ ի՜նչ անցաւ Միացեալ Պատուիրակութեան այն նիստին մէջ, որ Ազգ. Պատ.-թխնը հաղորդեց Հանր. Պատուիրակութեան' Պ. Խատիսեանի առաջարկները ընդունած ըլլալը: Պ. Ահարոնեան, որ տարի է մը ի վեր միացման առաքեալ եղած էր այստեղ, կը սպասէինք, որ ուրախանայ, բայց պաղ ու շփոթ պատասխան մը տուաւ եւ, ի միջի այլոց, ըսաւ, որ անշուշտ դուք զանազան ժողովներ ըրած էք այսպիսի որոշում մը տալու համար, հետեւաբար, պէտք է որ ես ալ մեր պատգամատրները հաւաքեմ, որպէսզի որոշենք մեր տեսակէտը: Ինչ որ ցոյց կու տայ թէ Պ. Աիարոնեան ինքզինքը առնուազն կառ- թեան համւսզօր մարմինի մը գլուխ կը կարծէր: ժողովին վերջն ալ երբ ոտքի ելէր էինք, ըսաւ, որ Երեւանի մէջ միայն կառավարութեան կագմութեան տեսակէտը նկատի առնուեր է, եւ Պատուիրակութեան մասին հոգ չէ տարուեր: Ասով ըսել կ՚ուզէր, թէ Դաշնակցական մեծամասնութիւնը կաո.-թեան մէջ ապահովուած էր, մինչդեռ Պատուիրակութեան մէջ ոչ:

Տիար Տոքթ. Բարսեղեան. Ես սկիզբէն ներկայ չէի, բայց գալէս .ի վեր քանի մը նօթեր առի եւ կ՛ուզեմ մէկ-երկու դիտողութիւն ընել: Մէկը փաստացի բան մըն էր, կ՚ուզէի որ ճշդուէր: Պ. Տէր-Ստեփանեան յայտարարեր է Երեւանի բանակցութեանց