Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/709

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ընթացքին, թէ Համագումարը, միաձայնութեամբ Պատուիրակութեան նախագահ ընտրած է Փաշան: Մինչդեռ Համագումարը Փաշան ընտրած էր Պատուիրակութեան անդամ, եւ ոչ նախագահ: Ապահովաբար՝ այդ կերպ յայտարարուեր է հոն՝ որոշ ազդեցութիւն գործելու համար:

Տիար Տէր-Ստեւիանեան. Նախ՝ Երեւանի մեր բանակցութեանց ատենւսգրութիւնները թերի են. եւ յետոյ՝ իմ ըսածիս մէջ հիմնական սխալ մը չկւպ, որովհետեւ՝ Պատուիրակութեան ընտրութեան միջոցին ամեն մարդ գիտէր Համագումարին մէջ՝ Փաշան պիտի ըլլայ նախագահը:

Տիար Տոքթ. Բարսեղեան. Ուրի՛շ դիտողութիւն մը: Այստեղէն գացող առաքելութեան անդամները բանակցութեանց ընթացքին շատ աւելի խիստ ոգի ցոյց տուած են, քան այնտեղինները: Եւ յետոյ՝ գերագոյն ներկայացուցչութեան հանգամանքը յատկապէս Փաշային անձին վրայ կեդրոնացնելու մտայնութիւնը չի պատշաճիր բնաւ այն ոգիին, որ պէտք է տիրեր բանակցութեանց մէջ: Միւս կողմէ՛ վստահութեան պակասը Տիար Թէքէեանի ենթադրածին չափ փոխադարձ չէ եղած: Հասկնալի է, թէ Պ. Խատիսեան լոկ քաղաքավարութեան համար գործածած է «փոխադարձ» բառը, մինչդեռ ամեն բան ցոյց կու տայ, թէ գացողներն են, որ վստահութեան պակաս ժւ՚՚նեցած են: Այստեղ՝ առաքելութեան անդամներուն, մասնաւորաբար Պ. Թէքէեանի կողմէ եղած լրագրական հրատարակութիւնները պատճառ եղան, որ պատասխան չարուի: Որովհետեւ Պ. Թէքէեան ինքզինքին ներած էր գրելու Պոլսոյ մէջ, Երեւանէ վերադարձին, թէ «ինքզինքին հանդէպ յարգանք ունեցող կառ.-թիւն մը ինքը պէտք է բանակցեր եւ ոչ թէ ցոյց տար կուսակցութեան մը դուռը»:

Տիար Թէքէեան. Իմ այդ յօդուածս գրուած է Պ. Շաւարշ Միսաքեանի՝ «ճակատամարտեի մէջ ըրած այն յայտարարութենէն ետք, թէ «տհաս եւ յաւակնոտ առաջարկներով անկարելի դարձուցած ենք միութեան յաջողութիւնը»:

Կարդացուեցաւ Տիրէքթիւներու Սահմանման Յանձնաժողովին Ց-րդ առաջարկութիւնը՝ միացեալ կառավարութեան խնդրի մասին, որու նկատմամբ Յանձնաժողովին կողմէ չորս տարբեր կարծիքներ բերուած էին:

Տիար Արշակ Չօպանեան. Փաշան եւ Պ. Ահարոնեան այս միջոցիս խօսակցութեան մը մէջ են. տարակոյս չկայ, որ այս խօսակցութիւնը կը ղառնայ երկու Պատուիրակոլթեանց յարաբերութեանց շուրջ: Այնպէս կը կարծեմ, թէ բանաւոր է, որ իրենք ալ տեղեկութիւն ունենան, թէ այս տեսակ առաջարկութիւններ եղած են Համագումարին կողմէ, եւ այս տեղեկութիւնը պէտք է Փաշային տալ քուէարկելէ առաջ, որպէսզի գիտնայ, թէ ի՞նչ կը խորհի Համագումարը եւ ըստ այնմ իր կարծիքը յայտնէ: Միւս կողմէ՝ Համագումարն ալ պէտք է գիտնայ, թէ ի՞նչ կ՛ընեն այդ բանակցութեանց մէջ: Կայ նաեւ սա պարագան: Պ. Խատիսեան Փարիզ գալու վրայ է. հետեւաբար՝ պէտք չունինք աճապարելու, եթէ կարելի ըլլար՝ լաւագոյն էր անոր ժամանման սպասել:

Տիար Հանըմեան. Դեռ Պոլիս անգամ հասած չէ:

Տիար Վ. Թէքէեան. Եւ իբր վարչապետ ալ չի գար կոր: Լաւագոյն է քուէարկել այս առաջարկութիւնները: Տիար Բարսեղեանի եւ միւս կողմէ՝ Տիարք Թէրզիպաշեանի ու Տէր-Սւոեփանեանի առաջարկութիւնները միայն Պատուիրակութեան մասին իրարմէ կը հեռանան, մինչղեռ կառավարութեան մասին համաձայն են իրարու: Ուրեմն, քուէարկութեան հիմ մը կայ:

Տիար Բարսեղեան. Ես իմ առաջարկս իբր ամբողջութիւն մը կը նկատեմ, եթէ մէկ մասը չընդունուի համամիտ չեմ, որ միւս մասը քուէի դրուի:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Մենք ալ այդպէս:

Տիար Բարսեղեան. Միւս կողմէ պէտք չեմ տեսներ նախապէս Փաշային հաւանութեան ընթերցելու այս առաջարկութիւնը: Կա մ պէտք է քուէարկել, եւ կամ եթէ Փաշային պիտի ղրկուի, պէտք է ղրկել նաեւ Յանձնաժողովին միւս