Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/710

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

առաջարկութիւնները, որոնք քուէարկուեցան, բնականաբար՝ չեղեալ նկատելով քուէարկութիւնները:

Տիար Վ. Թէքէեան. Համագումարը միաձայնութեամբ Փաշան ազատ թողած է, որ Պատ.-թիւնը կազմէ. հիմա ինչպէ՞ս կրնանք այդ ազատութիւնը ետ առնել՝ պարտադիր առաջարկութիւն մը ներկայացնելով:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Եթէ ժողովը ուզէ, թերեւս կարելի ըլլայ միաձայնութեամբ Պատուիրակութեան իրաւասութիւն տալ այս մասին, եւ խնդիրը կը փակուի:

Տիար Վ. Թէքէեան. Կարծեմ ատով Համագումարը նուազեցուցած կըլլայ իր հեղինակութիւնը:

Համագումարը ի վերջոյ որոշեց Փաշային ներկայութեան շարունակել Տիրէքթիւներու Յանձնաժողովին այս 9-րդ առաջարկութեան նկատառումը:

Տիար Արշակ Չօպանեան՝ հիմնուելով Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպարի վերջին նամակին այն պարբերութեան վրայ, որով կը յայտնէր, թէ Պատուիրակութեան կազմութեան մասին կարգադրութիւն մը ընելու համար պիտի խորհրդակցի Համագումարի իր բարեկամներում հետ, կրկնեց նախապէս ըրած առաջարկը, թէ Համագումարը, այդ նամակով յայտնուած փափաքին համեմատ, իր մէջէն պէտք է պատգամաւորութիւն մը կազմէ՝ Փաշային հետ բանակցելու համար: Համագումարը անհետեւանք թողուց այս առաջարկը:

Նիստը փակուցաւ ժամը 7-ին:

ՀԱԱ, ֆ. -430, ց. 1, գ. 67, թթ. 1-24: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ ԻԶ

30 Յունիս 1920, ժամը 4-ին,

նախագահութեամբ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեանի

եւ Տիար Գ. Սինապեանի.

Ներկայ էին 18 պատգամաւոր՝

Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկ., Բարսեղեան, Դաւիթ-Բէկ, Թէրզիպաշեան, Թէքէեան, Բրօֆ. Թումայեան, Հանըմեան, Մալքոլմ, Մսըրլը Պէյ, Տոքթ. Նեւրուզ, Վսեմ. Գ. Նորատունկեան, Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար, Ռ. Որբերեան, Չօպանեան, Պզտիկեան, Սինապեան, Տէրպէտէրեան, Տէր-Ստեփանեան:

Նիստին ներկայ էր նաեւ Կիլիկիոյ Վեհ. Տ. Սահակ Կաթողիկոսը:


Օրակարգ

1. Վերակագմութիւն Ազգ. Պատուիրակութեան

ԱՏԵՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. Կիլիկիոյ կացութիւնը

Կարդացուեցան Որբախնամ Ընկերութեան Աղեքսանդրիոյ հատուածին Մայիս 12 եւ 14 թուակիր երկու նամակները ուղղուած Ազգ. Պատուիրակութեան Վսեմ. Նախագահին եւ անոնց յարակից' Տիկին Զապէլ Եսայեանի կողմէ, Ապրիլ 24-ին ու 25- ին Որբախնամ Ընկերութեան նոյն հատուածին ղրկուած երկու կոեղեկագրերու պատճէններ, որոնցմով տեղեկութիւններ կու տար Կիլիկիոյ որբերու թիլին, դրութեան, փոխադրութեան եւ վտանգի րոպէին Կիլիկիա մնացող որբերու պաշտպանութեան համար ձեռք առնուած միջոցներուն նկատմամբ: Կարդացուեցաւ նաեւ Տիկին Զապէլ