Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/716

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Ինչպէս կը տեսնէք, ասիկա հիմ մըն է, որ աւելի սերտ աշխատակցութխն մը կ՚ապահովէ, քան անցեալին մէջ եղածը, եւ մեծ յոյս ունիմ, որ այլեւս կը ղադրին այն տարակարծութիւնները, որոնց, դժբախտաբար, բոլորովին կարելի չեղաւ առաջքը առնել եւ որոնք պէտք է վերջ գտնեն այլեւս: Իմ կարծիքովս՝ այս համաձայնութիւնը շատ մեծ յաջողութիւն մըն է այդ տեսակէտով եւ երկու Պատոփրակութեանց փոխադարձ յարաբերութեանց բարտքման գրաւական մը, որմէ զուրկ էինք անցեալին մէջ: Կայ կէտ մը, որ ինծի համար մեծ կարեւորութիւն ունէր, այսինքն՜ Պատուիրակութեան անդամներու թխին խնդիրը: Նկատի առնելով կատարուելիք գործերուն բազմապահանջութիւնը, իմ Փափաքս էր՝ եթէ ոչ աւելցնել՝ գոնէ անփոփոխ պահել Պատուիրակութեան անդամներուն թիւը: Այս մասին շատ պնդեցի, բայց, դժբախտաբար, կարելի չեղաւ: Տեղի տոփ մանաւանդ այն առարկութեան առջեւ, թէ Հանր.-թեան Պատուիրակութիւնը միայն երկու անդամ պիտի ունենար՝ Տիարք Ահարոնեանը եւ Խատիսեանը, որ Փարիզ գալու վրայ է այս միջոցիս: Նկատողութեան արժանի ուրիշ կէտ մը՛ պաշտօնագիրներու ստորագրութեան հարցն էր: Իմ փափաքս էր, որ բոլոր պաշտօնագրերը, ըստ առաջնոյն, կրեն երկու Նախագահներուն ստորագրութիւնը: Տիար Ահարոնեան դիտել տուաւ, թէ Հանր. կառավարութեան պատկանող եւ ուղղակի զայն շահագրգռող պաշտօնագիրներ կային՝ զորս պէտք էր որ ինք մինակը ստորագրէր իբր ներկայացուցիչ Հանրապետութեան: Անարդար պիտի ըլլար սակայն, որ ինք իրաւունք ունենար մինակը ստորագրելու թուղթեր, որոնք կը վերաբերէին իր ներկայացուցչական իրաւասութեան, եւ ես չունենայի նոյն իրաւունքը այն տեսակ թուդթերու մասին, որոնք կը վերաբերէին իմ ներկայացուցչական իրաւասութեանս, քանի որ նոյնքան ակներեւ էր, որ ես ալ ներկայացուցիչն էի թրքահայ ժողովուրդին: Այսպէս՝ այն իրաւունքը, զոր ինք կը պահանջէր Հանրապետութեան կառավարութեան պատկանող գիրերու ստորագրութեան մասին, ես ալ պահանջեցի թրքահայ ժողովուրդին հեղինակաւոր հաստատութեանց՝ օրինակի համար՝ Պատրիարքարանին պատկանող գիրերու ստորագրութեան մասին: Պ. Ահարոնեան ընդունեց եւ, այս կերպով, իրաւանց հաւասարակշռութիւն մը հաստատուեցաւ երկու Պատոփրակութեանց միջեւ:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Անշուշտ մինակ ստորագրուելիք թուղթերը կը պատկանին ներքին խնդիրներու: Իսկ արտաքին դիմումներու համար' դարձեալ երկու Նախագահները միասին պիտի ստորագրեն:

Տիար Գ. Սինապեան. Տարակոյս չկայ, որ այս տեսակ ֆորմիւլի մը մէջ կարելի չէ ամեն բան մանրամասնել առաջուց: Վերջին երկու կողմերը իրենք իրենց միջեւ կ՛որոշեն այդ մանրամասնութիւնները:

Տիար Տոքթ. Նեւրուզ. Պէտք է ճշդել այս կէտը եւ ատիկա պիտի ընեմ մէկ-երկու բառով, քանի որ ես ալ մասնակցեցայ բանակցութեանց: Այն գիրերը, զորս Տիար Ահարոնեան մինակը պիտի ստորագրէ՝ միայն անոնք չեն, որոնք ուղղուած պիտի ըլլան իր կառավարութեան, այլ նաեւ՝ Խաղաղութեան Վեհաժողովին եւ պետութեանց ուղղուած այն տեսակ գիրեր, որոնց մէջ յուզուած խնդրին համար ինք միայն իրաւասու է դիմում ընելու իբր հայկական պետութեան ներկայացուցիչ:

Տիար Վ. Թէքէեան. Բայց այս խնդիրներուն պատկանող խորհրդակցութեանց պիտի մասնակցին երկու Նախագահներն ալ:

Տիարք Սինապեան եւ Նեւրուզ. Անշուշտ, բայց ամեն մէկը պիտի ստորագրէ:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Եթէ սակայն Հանր. կառավարութիւնը ոեւէ կարեւոր հրահանգ մը տայ, զոր օրինակ՝ ըսէ, թէ իրենք մանտա չեն ուզեր, այս պարագային՝ Ազգ. Պատուիրակութիւնը ձայն պիտի ունենա՞յ, որովհետեւ մանտայի խնդիրը այն տեսակ խնդիր մըն է, որ թրքահայերն ալ, հետեւաբար՝ Ազգ. Պատոփրակութիւնն ալ կը հետաքրքրէ: