Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/717

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տիար Տոքթ. Նեւրուզ. Այդ պարագային՝ Միացեալ Պատոփրակութիւնը պիտի խորհրդակցի, եւ եթէ հւսմաձայնութեան չգայ՜ խնդիրը պիտի տեղեկագրէ կառավարութեան:

Տիար Գ. Սինապեան. Այսինքն կ՚ուզոփ նախատեսել սա պարագան՝ թէ կառավարութիւնը կրնայ վճռական հրահանգ մը տալ Տիար Ահարոնեանի եւ Միացեալ Պատոփրակութիւնը համաձայն չըլլար այդ հրահանգին նկատմամբ: Անշուշտ կրնան ծագիլ այս եւ ասոր նման անհամաձայնութիւններ, բայց կարելի չէ առաջուց լուծում մը գտնեչ անոնց մասին: Երկու կողմերու իմաստութեան պէտք է թողուլ այդ անհամաձայնութեանց լուծումը:

Վսեմ. Պօղոս Նուպար. Կառավարութիւն մը կայ՝ որուն գոյութիւնը չենք կրնար անտեսել, նոյնիսկ երջանիկ ենք որ գոյութիւն ունի: Այդ կառավարութեան իրաւունքն է անշուշտ դիմումներ ընել, ինչպէս ըրած է անցեալին մէջ: Կրնայ պատահիլ, որ բոլորովին համաձայն չըլլանք իր ամեն դիմումներուն, բայց չենք կրնար արգիլել զինքը: էականը սա է, որ մեր համամտութենէն դուրս կատարուած դիմումներուն պատասխանատուութիւնը ինք ստանձնէ:

Վսեմ. Տիար Գաբրիէլ Նորատունկեան. Կ՚առաջարկեմ, որ այլեւս չվիճաբանիք այս խնդրին նկատմամբ, եւ անմիջապէս քուէարկենք ներկայացուած գիրը: Տարակոյս չկայ, թէ ամէնքս ալ ուրախ ենք, որ ելքի մը յանգեցաւ վերջապէս այս խնդիրը:

Տիար Վ. Թէքէեան. Այստեղ կը նախատեսուի կոր պարագայ մը, որ Հանր. Պատոփրակութիւնը պիտի կրնայ առանձինն ստորագրել, կամ դիմում ընել, անշուշտ՝ Միացեալ Պատոփրակութեան խորհրդակցութեամբ, նոյնիսկ այն առիթներուն մէջ, ուր Ազգ. Պատոփրակութիւնը համամիտ չըլլայ իրեն: Կ՚ուզէի գիտնալ, թէ արդեօք Ազգ. Պատ.-թիւնն ալ, Պատրիարքարանին հետ իր ունենալիք յարաբերութենէն անկախաբար, պիտի կրնա՞յ առանձին դիմում ընել թրքահայոց անունով, եւ եթէ միւս Պատ.-թիւնը համաձայն չըլլայ այդ դիմումին՝ Ազգ. Պատոփրակութիւնը իրաւունք պիտի ունենա՞յ միշտ ընելու իր հարկ դատած դիմումը, միա Պատոփրակութիւնը անհամաձայն ըլլալը միայն արձանագրելով, ինչպէս Հանր. Պատուիրակութիւնը իրաւունք ունի:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Ձեւը խնդիր չէ ինծի համար, մէկը կը ստորագրէ, միւսը կը ստորագրէ, կարեւորութիւն չունի, այլ՝ էութիւնը: Արտաքին հարցերու մասին՜ Հանր. Պատոփրակութեան գործը կարելի է երկոլքի բաժնել, մէկ մը դեսպանական գործը, մէկ մըն ալ Խաղաղութեան Վեհաժողովին մօտ կատարուելիք գործը: Դեսպանական գործերը կրնայ ընել մինակը: Ո՛չ ոք տարակարծիք է այս մասին: Ինչ որ զիս կը հետաքրքրէ՝ Խաղաղութեան Վեհաժողովին մօտ ընելիք դիմումներն են: Եթէ այդ մասին Երեւանի կառավարութիւնը որոշում մը տայ եւ Ազգ. Պատ.-թիւնը համաձայն չըլլայ. ի՞նչ պիտի ընէ Հանր. Պատ.-թիւնը: Երկու լուծում կայ այս մասին, կա՜մ Հանր. Պատոփրակութիւնը առանց Ազգ. Պատոփրակութեան հետ համաձայնելու ոեւէ քայլ չառնէր, եւ կա՜մ ընթացք կու տայ իր ստացած հրահանգին, նոյնիսկ առանց համաձայնութեան: Առաջին պարագային' խնդիր չի մնար: Իսկ երկրորդ պարագային՝ ես կը կարծեմ, որ Ազգ. Պատ.-թիւնը ճիշդ նոյնքան մասնաւոր իրատւնքներ պէտք է ունենայ՛ իբր տաճկահայոց ներկայացուցիչ, որքան Հանր. Պատ.-թիւնը պիտի ունենայ իբր հայկական կառավարութեան ներկայացուցիչ:

Տիար Տոքթ. Նեւրուզ. Պէտք չէ ներքին հարցերը շփոթել արտաքին հարցերուն հետ: Ներքին հարցերու մէջ՛ Ազգ. Պատոփրակութեան համար կրնայ պէտք ծագիլ առանձինն ստորագրելու: Բայց արտաքին հարցերու մէջ՝ չեմ կարծեր, որ այդ պէտքը ծագի: Ինչ որ Ամբողջական Հայաստանի, հետեւաբար նաեւ թրքահայոց կը պատկանի, խորհրդակցութեան առարկայ պիտի դառնայ Միացեալ Պատոփրակութեան մէջ, ու պիտի ստորագրուի երկու Նախագահներուն կողմէ: Ուրեմն, մինակ դիմում ընելու պէտք չի մնար Ազգ. Պատոփրակութեան: Իրաւունքը հաւասարակշռութիւնը երկու Պատոփրակութեանց միջել՛ փնտռել պէտք է լոկ ներքին