Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/718

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

հարցերու համար, արտաքին հարցերու համար պէտք չկայ: Խնդիրներ կան, որոնք կը հետաքրքրեն լոկ Հայկ. պետութեանը. եւ որոնց մասին կատարուելիք դիմումները պէտք է ընէ միմիայն պետութեան ներկայացուցիչը, նոյնիսկ Ազգ. Պատ.-թիւնը պիտի փափաքէր, որ այդ կարգի խնդիրները լոկ Հանր. Պատուիրակութեան պատկանին: Գալով այն անհամաձայնութեանց, որոնք կրնան ծագիլ, պիտի աշխատուի անշուշտ որ բնաւ չծագին, եւ հթէ երբեք ծագին ու կարելի չըլլայ գանոնք բառնալ այստեղ, Պատոփրակութեանց կը մնայ դիմել հայկական կառավարութեան եւ անոր ներկայացնել իրողութիւնը:

Տիար Վ. Թէքէեան. Այդ պարագային՝ պէտք է, որ Պատրիարքարանին ալ ներկայացուի իրողութիւնը՝ Ազգ. Պատուիրակութեան միջոցաւ:

Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկոպոս. Կարծեմ, թէ այդ կերպով աւելի դժուար կը դառնայ լուծումը:

Տիար Ա. Չօպանեան. Պատոփրակութեանց անհամաձայնութեանց մասին խօսուեցաւ, քանի մը բառ ալ ես պիտի ըսեմ այդ մասին: Վերջին տարուան ընթացքին երկու Պատուիրակութիւնները անշուշտ համաձայն չգտնուեցան ամեն տեսակէտով՝ ներքին եւ արտաքին խնդիրներու մէջ, բայց Խաղաղութեան Վեհաժողովին մօտ ըլլալիք դիմումներու մասին անոնք միշտ համերաշխ մնացին: Կրնամ վստահեցնել ժողովիդ, թէ եղան նոյնիսկ պարագաներ, որոնց ընթացքին Հանր. Պատ.-թիւնը վախեց իր կառավարութենէն ստացած հրահանգները, ինչ որ կ՚ենթադրէ, թէ կառավարութիւնը լայն իրաւասութիւններ տուած էր իրեն: Կը հաւատամ, որ ասկէ վերջն ալ տարբեր չըլլար: Հետեւաբար, լաւագոյն է, որ վերջ տանք այս վիճաբանութեան:

Տիար Ռ. Որբերեան, Ներկայ կացութիւնը կը պահանջէ, որ թշնամիին դէմ մէկ ճակատ կազմենք եւ ձեռք-ձեռքի աշխատինք: Այս մասին* ամէնէն անհրաժեշտ քայլն է, որ առնուեր է: Գալիք գործողութեանց համերաշխութեան խնդիրը երկու Նախագահներուն իմաստութեան թողունք եւ, ինչպէս Տիար Չօպանեան ըսաւ, վիճաբանութեան վերջ տալով՝ անցնինք քուէարկութեան:

Տոքթ. Բարսեղեան. Այս թուղթը կա՜մ պէտք չէր գար ժողովին եւ կա՜մ գալէ վերջ, պէտք է անանկ ձեւ մը առնէ, որ անպատեհութեանց ծնունդ չտայ: Որովհետեւ անոր բովանդակութիւնը պարզ չէ, եւ կը վախնամ, որ վաղուընէ սկսեալ անպատեհութիւններ ծագին: Պարզ չէ' որովհետեւ Խաղաղութեան Վեհաժողովը իր պաշտօնագիրները կ՚ուղղէ միայն Հանր, Պատուիրակութեան. չեմ հասկնար թէ Հանր. Պատ.-թիւնը ինչպէ՞ս կրնայ թոյլատրել, որ ուրիշ Պատուիրակութեան մըն ալ պետը՛ որ կառավարութեան մը ներկայացուցիչը չէ, իրեն հետ ստորագրէ Խաղաղութեան Վեհաժողովին ուղղուելիք պաշտօնագրեր: Ասիկա անիմաստ է, որովհետեւ չկայ ուրիշ օրինակ մը. Խաղաղութեան Վեհաժողովին մօտ կա՞յ ժողովուրդ մըն ալ, որան անունով երկու անձ խօսին:

Տիար Չօպանեան. Մինչեւ հիմա այսպէս եղած է:

Տոքթ. Բարսեղեան. Մինչեւ հիմա պարագաները տարբեր էին. իսկ այժմ, Թուրքիոյ դաշնագիրը ներկայացուելէն ի վեր՝ ինչ որ Հայկ. պետութեան իրաւական ճանաչումը կը հռչակէ, բանակցութիւնները պէտք է ըլլան պետական հողի վրայ, եւ այդ դրութիւնը, զոր կ՚ուզուի նուիրագործել, պետութիւն ըմբռնումն իսկ կը քանդէ: Կը կրկնեմ, որ անիմաստ են այդ թուղթերը, եւ կ՚ւսռաջարկեմ, որ այն բոլոր դիմումները, որոնք պիտի կատարուին յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան, պէտք է ստորագրուին միմիայն Հանր. Պատուիրակութեան Նախագահին կողմէ:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Չեմ հասկնար, թէ ինչո՞ւ կը վիճաբանիք այս խնդրին վրայ, երբ Տիար Ահարոնեան ու ես համաձայն ենք անոր մասին, ինչպէս կը վկայէ բերուած ու կարդացուած թուղթը:

Տոքթ. Բարսեղեան. Ատիկա համաձայնութիւն մը չէ. ստորագրոայծ ալ չէ:

Տիար Տոքթ. Նեւրուզ. Եթէ համաձայնութիւն մը չըլլար՝ չէինք բերեր այս ժողովին: