Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/719

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տիար Սինապեանն ալ, որ Տիար Տոքթ. Նեւրուզի հետ մասնակցած էր բանակցութեանց, նոյնը հաստատեց:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Քանի որ Տիար Ահարոնեան խնդիր չըներ, կընդունի եւ ես ալ կ՚ընդունիմ, այլեւս ի՞նչ տեղի կը մնայ վիճաբանութեան: Ես այս գործը ա յս պայմաններով միայն կրնամ շարունակել, ազատ էի մերժելու այդ պայմանները, բայց պետք է, որ զիս ալ ազատ թոդոփ:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Պատուիրակութեան վերակազմութեան խնդրին մէջ Տիար Ահարոնեան միջամտեր է Համագումարի գործին, սահմանելով Պատուիրակութեան անդամներուն թիլը եւ անոնց կուսակցական հանգամանքը: Այս ոտնձգութիւնը անընդունելի է: Հետեւաբար՝ պէտք է երկու մասի բաժնել այս համաձայնութեան գիրը եւ ըստ այնմ քուէարկել:

Տիար Տոքթ. Նեւրուզ. Տիար Ահարոնեան երբեք միջամտած չէ Համագումարի գործերուն. մտքեն անգամ չէ անցած այս տեսակ բան մը, եւ եթէ ուգէ՝ այսօր ինքզինքը բոլորովին ազատ կը զգայ նոյնիսկ այս համածայնութիւնը չեղեալ նկատելու:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Պատուիրակութեան անդամներուն թիլը եւ անոնց կուսակցական հանգամանքը պէտք էր դուրս մնային այս խնդրէն, քանի որ Համագումարին կը պատկանի անոնց մասին որոշում մը տալու իրաւունքը:

Տիար Տոքթ. Նեւրուզ. Եղածը համաձայնութեան մը արդիւնքն է, եւ Տիար Ահարոնեանը չէր, որ այդ համածայնութիւնը փնտռեց, ոչ ալ ինք պատրաստեց զայն:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Կը պահանջեմ, որ կա՛մ ամբողջությամբ քուէարկոփ եւ ընդունուի այդ համածայնութիւնը եւ կա՜մ բնաւ չընդունուի: Ըսի արդեն, թէ Պատուիրակութեան անդամներու թիլին 4-ի վերածումը իմ մտածումս չէր. ընդհակառակը՝ անբնական եւ անյարմար կը նկատեմ զայն, նկատի առնելով կատարաելիք գործերու ծանրութիւնը: Բայց վերջապես ստիպուեցայ համակերպիլ: Ել իմ կողմէս եղած այս գոհողութիւնը ինքնին ցոյց կու տայ, թէ որքան կը փափաքէի այս համաձայնութեան գոյանալուն:

Տիար Տէրպէտէրեան. Տիար Ահարոնեան ինք չմիջամտե՞ց այս մասին:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Չեմ ծածկեր, որ ես դիմեցի իրեն: Ես իրեն գացի եւ ամենայն անկեղծութեամբ ըսի, որ չպիտի կրնամ Ազգ. Պատուիրակութեան նախագահութիւնը ստանձնել' եթէ ապահով չըլլամ, որ միասին պիտի քալենք: Հարցուցի իրեն, թէ կարելի պիտի ըլլա՞ր, որ անցեալ տարուընէ աւելի սերտ կերպով մը գործակցինք: Տիար Ահարոնեան նոյնպէս համամիտ էր այս համագործակցութեան տեսակետին: Խօսեցանք, եւ վերջապես յանգեցանք համաձայնութեան մը: Այդ համածայնութիւնը կարդացուեցաւ: Կա մ կ՚ընդունիք անոր ամբողջութիւնը եւ կա՜մ կը մերժէք: Կը կրկնեմ, որ ուրիշ ոեւէ կարգադրութեան առջեւ պիտի ստիպուիմ քաշուիլ վերջնականապես: Այնքան խարխափումներէ ետք, երբ վերջապես համաձայնութեան գետին մը գտանք, չեմ հասկնար, թէ ինչո՞ւ կը փորձեք զայն քանդել, դուք որ ամենեն աւելի պետք է բաղձաք այդ տեսակ համաձայնութեան մը գոյացումը: Եւ արդեն այս չէ՞ նաեւ ընդհանուր ազգին բաղձանքը:

Տոքթ. Բարսեղեան. Այս համածայնութիւնը եղեր է երկու Պատուիրակութեանց Նախագահներուն միջեւ, մինչդեռ անցեալ օր այստեղ կարդացուեցաւ Փաշային մեկ նամակը, որուն մէջ կ՛ըսեր, թէ Պատուիրակութեան վերակազմութեան մասին անհրաժեշտ կարգադրութիւնները պիտի ընէ Համագումարի իր բարեկամներուն հետ խորհրդակցելով: Մենք այնպես կարծեցինք, թէ այդ կերպով կ՚ակնարկէ ամբողջ Համագումարին, մինչդեռ կը տեսնուի, որ Համագումարը անտեղեակ մնացած է կատարուած բանակցութիւններէն: Կարծեմ այս է իրականութիւնը, ինչ որ սակայն այնքան անհամապատասխան է մեր հասկացողութեան:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Նամակիս իմաստը սխալ մեկնուեր է: Չէի կրնար ենթադրել, որ ամբողջ Համագումարը ինծի համամիտ է եւ կրնայ ըլլալ: Իմ նամակիս