Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/720

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մէջ ես կ՚ակնարկէի Համագումարի այն անդամներուն միայն, որոնք բարեացակամ էին իմ մասիս եւ զօրավիգ եղան ինծի:

Առաջարկուեցաւ վերջ տալ վիճաբանութեան եւ քուէարկել համաձայնութեան գիրը իր ամբողջութեամբ, ինչպէս պահանջած էր Պատուիրակութեան Վսեմ. Նախագահը:

Տոքթ. Բարսեղեան. Ես կը հակառակիմ այս գիրն ամբողջութեամբ քուէարկելուն, որովհետեւ տակաւին ըսելիքներ ունիմ անոր երկրորդ մասին նկատմամբ:

Ձայներ. Ըսէք, ըսէք ու վերջանայ:

Տոքթ. Բարսեղեան. Այն չորս թիլը, որ որոշուեր է Պատուիրակութեան անդամներուն համար՜ պարզապէս կամայականութիւն մըն է: Պատուիրակութիւնը անցեալ տարի վեց անդամ ունէր. այս տարի շատ աւելի նուազ գործեր կան ընելիք, եւ բնական կը գտնեմ, որ Պատուիրակութեան անդամներուն թիւն ալ նուազ ըլլայ: Բայց աւելի բանաւոր պիտի ըլլար, որ փոխանակ 4-ի, 3-ի վերածուեր այդ թիլը: Հանր.-թեան Պատ.-թիւնը երբեք երկու հոգիէ աւելի չէ եղած, արդեօ՞ք իր գործերը նուազ ծանր են, քան Ազգ. Պատուիրակութեան գործերը: Նախորդ տարի, հակառակ անոր որ, աւելի բազմապահանջ աշխատութիւն մը անհրաժեշտ էր, Պատ.-թիւնը կրցաւ իր անդամներէն երկուքը Ամերիկա ղրկել, վերջէն ալ ուրիշ անդամ մը Կովկաս գնաց, եւ Պատուիրակութիւնը կրցաւ շարունակել իր գործը երեք անդամով: Այս տարի, երբ աշխատութիւնները նոյնքան բազմապահանջ չեն, կրնայ նոյնպէս երեք անդամով բաւականանալ:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Ես հիւանդ եմ, զիս մի հաշուէք:

15 պատգամաւորներու ներկայութեան քուէի դրուեցաւ Համաձայնագիրը եւ ընդունուեցաւ 12 ձայնի մեծամասնութեամբ:

Տիար Տէրպէտէրեան. Կ՚առաջարկեմ, որ Փաշան ինք անուանէ Պատուիրակութեան անդամները եւ այլեւս այս խնդիրը վւակուի:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Կը խնդրեմ, որ չպնդէք այդ մասին: Շատ-շատ՜ կրնամ անձեր առաջարկել, ինչպէս պիտի առաջարկեմ Տիար Լեւոն Մկրտչեանը, որ կարող, գործունեայ, բազմակողմանի հմտութեան տէր անձնաւորութիւն մըն է եւ որուն համար վստահ եմ, թէ պիտի կրնայ իմ վրաս ծանրացող գործին մէկ մասը ստանձնել: Իրեն հեռագրեցի այս մասին եւ տակաւին չեմ գիտեր, թէ պիտի ընդունի0: Ամեն պարագայի մէջ՝ իմ կողմէ ներկայացուելիք անձերուն նկատմամբ վերջին խօսքը ժողովիդ կը պատկանի:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 7 1/2-ին:

ՀԱԱ, ֆ. -430, ց. 1, գ. 67, թթ. 25-45: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ Իէ

3 Յուլիս, 1920, Ժամը 4 ½-ին,

նախագահութեամբ

Վսեմ. Տիար Գ. Նորւյտունկեանի

Ներկայ էին 17 պատգամաւոր՝

Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկոպոս, Բարսեղեան, Թէրզիպաշեան, Թումայեան, Թէքէեան, Հանըմեան, Մալքոլմ, Տոքթ. Նեւրուզ, Վսեմ. Գ. Նորատունկեան, Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար, Որբերեան, Չօպանեան, Պզտիկեան, Սինապեան, Տէրպէտէրեան, Տէր-Ստեփանեան, Քէլէկեան Խան:


Օրակարգ