Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/721

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

1. Վերակազմութիւն Ազգ. Պատուիրակութեան

Համագումարը ձեռնարկեց Ազգ. Պատուիրակութեան ընտրութեան:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար կրկնեց նախորդ՝ Յանիս 30-ի նիստին մէջ ըրած յայտարարութիւնը» թէ որքան ալ ինք փափաքած էր պահել Պատուիրակութեան անդամներուն նախորդ թիլը, բայց ատիկա անկարելի եղած էր: Ն. Վսեմութիւնը յայտնեց, թէ Հանր. Պատուիրակութեան հետ իր ունեցած բանակցութեանց ընթացքին թէեւ այդ թիլը չպարտադրուեցաւ իրեն, բայց վերջապէս անհրաժեշտութիւն մը դարձաւ բանակցութեանց յաջողոլթեանց եւ Երկու Պատուիրակոլթեանց ապագայ սերտ համագործակցութեան համար, ինչ որ գինքը ստիպեց համակերպիլ: Ն. Վսեմութիւնը Պատուիրակութեան կազմութեան գործը ժողովին թողլով հանդերձ, յայտնեց, թէ ինք ինչ կը խորհի այդ մասին:

Վսեմ. Պօդոս Փաշա Նուպար. Նախորդ նիստին ըսի արդէն, թէ ինծի համար փափաքելի պիտի ըլլար աշխատակից ունենալ Տիար Լեւոն Մկրտչեանը: Մեծ յատկութեանց տէր, ողջամիտ անձնաւորութիւն մըն է, խորապէս ծանօթ երեք լեգուներու, եւ կը հաւատամ, որ շատ օգտակար պիտի դառնայ Պատուիրակութեան մէջ մտնելով: Ինչպէս ծանուցի արդէն, հեռագրով հարցուցած էի իրեն, որ, ընտրութեան պարագային, պիտի կրնա՞յ Փարիզ գալ: Պատասխան ստացայ, որ կու գայ՝ պայմանաւ, որ Պատուիրակութեան նախագահութեան պաշտօնը շարունակեմ պահել: Միւս կողմէ՝ քանի ատեն է արդէն Համագումարն ալ կը լսէ, որ խօսք կը դառնայ Տիար Սինապեանի մասին, եւ ես կը հաւատամ նոյնպէս, որ Պատուիրակութեան մէջ մտնելով՝ Տիար Սինապեան մեծ օգտակարութիւն պիտի ունենայ եւ թանկագին օժանդակ մը պիտի ըլլայ ինծի: Գալով չորրորդ անդամին, որ մեր համաձայնութեան համեմատ՝ պէտք է Դաշնակցական մը ըլլայ, արդէն իսկ նշանակուած կրնանք նկատել Տիար Տոքթ. Նեւրուզը, որուն հետ կաշխատինք նախորդ տարուընէ ի վեր: Տարակոյս չկայ, որ Պատուիրակութիւնը պիտի ունենայ նաեւ կարգ մը խորհրդականներ, որոնցմէ ոմանք գործօն աշխատւսկցութիւն մը պիտի նուիրեն, մասնակցելու համար այն աշխատութեանց, որոնք կը ծանրանան մեր վրայ:

Քուէարկութեան անցնելէ առաջ՛ Տիար Տոքթ. Բարսեղեան առաջարկեց ատենագրութեանց մէջ չանցընել նախորդ նիստին այն մասը, որ կը վերաբերէր երկու Պատուիրակոլթեանց Նախագահներուն միջեւ գոյացած եւ Համագումարին կողմէ քուէարկուած համաձայնութեան, նկատելով, որ այդ խնդիրը թիւրիմացութեամբ մը բերուած է ժողովին:

Տիար Տէր-Ստեփանեան՝ յիշեցնելէ ետք, թէ նախորդ նիստին ինք չքուէարկեց այդ համաձայնագիրը, ըսաւ, թէ քանի որ չեղեալ պիտի նկատուի, ինչպէ՞ս կարելի է Պատուիրակութեան անդամներուն համար առաջարկուած չորս թիլն ընդունիլ: Տիար Տէր-Ստեւիանեան աւելցուց, թէ ժողովը այդ քուէարկութիւնն ըրաւ անոր համար, որ կը կարծէր, թէ Փաշային եւ Տիար ԱհարոՕեանի միջեւ համաձայնութիւն մը կար: Եթէ այդ տեսակ համաձայնութիւն մը չկայ' ուրեմն ժողովը ինք պէտք է որոշէ, թէ ի՞նչ թիւ պիտի ունենայ Պատուիրակութիւնը, չո՞րս թէ վեց:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Ես առարկութիւն մը չունիմ Տիար Բարսեղեանի առաջարկութեան դէմ: ժողովը եթէ ուգէ՜ կրնայ ջնջել ատենագրութեանց այդ մասը: Արդէն այդ խնդիրը առնչութիւն չունէր Համագումարին հետ, եւ ես զայն հաղորդեցի իբր բարի լուր մը, որ մեծ յոյս կը ներշնչէր երկու Պատուիրակոլթեանց համագործակցութեան մասին:

Տիարք Թէրգիպաշեան, Թէքէեան եւ Չօպանեան պահանջեցին, որ ատենագրութիւնը մնայ նոյնութեամբ:

Ի վերջոյ քուէի տրուեցաւ Տիար Բարսեղեանի առաջարկութիւնը եւ ստացաւ եօթ քուէ: