Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/722

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Քուէի դրուեցաւ նաեւ նախորդ նիստին ատենագրութիւնը անեղծ պահելու առաջարկութիւնը եւ ստացաւ 5 քուէ:

Քուէարկութեանց միջոցին ներկայ եղող պատգամատրներու թիլը 16 ըլլալով, երկու առաջարկութիւններն ալ մեծամասնութիւն չստացան եւ խնդիրը մնաց այնպէս, ինչպէս որ էր:

Տիար Արտաւազդ Հանըմեան. Պատուիրակութեանց անդամներուն քուէարկութեան սկսելէ առաջ' ժողովիդ ուշադրութիւնը կը հրափրեմ հետեւեալ երեք կէտերուն վրայ: Նախ՝ Համագումարին արժանապատոտւթիւնը որոշ չափով պահելու համար՝ Պատուիրակութեան անդամները ընտրելէ առաջ պէտք է քուէի ենթարկենք սա կէտը, թէ կընդունի՞նք, որ Պատոփրակութիւնը վեցի տեղ չորս անդամ պիտի ունենայ: Երկրորդ՝ ատենագրութեանց մէջ արձանագրուած է, որ երկու անգամ այս Համագումարը մերժեց Պատուիրակութեան հրաժարականը: Պէտք է ընդունինք, ուրեմն, նախորդ Պատուիրակութեան հաւաքական հրաժարականը եւ վերջը ձեռնարկենք նոր Պատուիրակութիւն ընտրելու:

Տիար Տէրպէտէրեան. Հապա Բրօֆ. Տէր-Յակոբեա՞նը:

Տիար Հանըմեան. Ան բնաւ ւոեղեկութիւն չունի եղածէն:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Բայց Պատուիրակութեան հրաժարականին մերժումէն վերջ նոր իրողութիւն մը տեղի ունեցաւ: Վսեմ. Փաշան, իր վերջին նամակին մէջ ըսած է, թէ ժողովիդ պնդումներում վրայ ետ կառնէ իր հրաժարականը եւ թէ նոր Պատուիրակութեան կազմութեան պիտի աշխատի: Այս նամակը կարդացուեցաւ այստեղ եւ ժողովն ալ պաշտօն յանձնեց Դիւանին, որ այդ մասին գոհունակութեան ու շնորհակալութեան գիր մը ուղղէ Ն. Վսեմութեան, ինչ որ եղաւ: Ուրեմն, այդ կերպով, Համագումարն իրաւունք տուաւ Փաշային՝ նոր Պատուիրակութիւն մը նշանակելու:

Տիար Ա. Հանըմեան. Երրորդ կէտը՝ որուն վրայ ժողովիդ ուշադրութիւնը պիտի հրափրեմ՝ սա է: Այս գործին մէջէն աւելի արժանի կերպով մը ելլելու համար՝ լաւագոյն պիտի ըլլար, որ Համագումարը միայն մէկ անձ ընտրէր իբր Պատուիրակութեան նախագահ եւ անոր թողուր Պատուիրակութեան միլս անդամներուն ընտրութիւնը:

Համագումարը որոշեց Տիար Հանըմեանի առաջարկութիւններէն քուէի ենթարկել միայն առաջինը, որ կը վերաբերէր Պատուիրակութեան անդամներուն թիւին վեցէն չորսի վերածուելուն:

Տիար Տէր-Ստեւիանեան յայտարարեց, թէ բացարձակապէս կը հակառակի այս որոշման, առարկելով, որ Պատուիրակութեան առջեւ ահագին գործ կայ ընելիք եւ թէ չորս անդամներ անբաւական են այդ մեծ աշխատութիւնը տանելու: Տիար Տէր- Ստեւիանեան աւելցուց, թէ կը բողոքէ ու չի մասնակցիր քուէարկութեան ել առաջարկեց նոյն ատեն, որ նախորդ Պատոփրակութիւնը վերընտրուի' անոր աւելցնելով Տիար Լեւոն Մկրտչեանը:

Տիար Տոքթ. Բարսեղեան ալ առաջարկեց, որ Պատուիրակութեան անդամներուն թիլը 4-էն 3-ի իջեցոփ:

Տիար Հանըմեանի առաջին առաջարկութիւնը թէ՝

«Համագումարը համամիտ է, որ Ազգ. Պատուիրակութեան անդամներուն թիլը 6-էն 4-ի վերածուի»,

16 պատգամատրներու ներկայութեան քուէի դրուելով' ընդունուեցաւ 14 քուէով:

Յետոյ Համագումարը ձեռնարկեց Պատուիրակութեան ընտրութեան, ի ներկայութեան 17 պատգամաւորներու, որոնցմէ Տիար Չօպանեան յայատարարեց, թէ ձեռնպահ կը մնայ:

Առաջին քուէարկութեան արդիւնքը եղաւ հետեւեալը.

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար 12 քուէ

Տիար Լեւոն Մկրտչեան 9