Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/728

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

յարմարագոյն ատենին եւ յարմարագոյն եղանակով զինքը կառուցանել այդ հիման վրայ: Կը զարմանամ, որ Տիար Բարսեղեան այսօր կուզէ այս խնդիրը քանդել:

Տոքթ. Բարսեղեան. Չըսի, թէ քանդել կ՛ուզեմ: Եթէ իմ առաջարկութիւնս ընդունուի իր ամբողջութեան մէջ, կը մասնակցիմ ես ալ:

Տիար Թէքէեան. Բայց կըսէիք, թէ կարծիք չունէիք միացման մասին, ինչ որ ժխտում մըն էր միացման խնդրին անհրաժեշտութեան:

Տոքթ. Բարսեղեան. Աւելցուցիք նաեւ, թէ կեանքը կ՚որոշէ այդ ուղղութեամբ ըլլալիքը:

Տիար Տէր-Ստեւիանեան. Կեանքը տակափն շատ բան պիտի որոշէ, եթէ մինչեւ այսօր որոշածները չեն բաւեր: Ձերը պարզապէս քանդման գործ մըն է եւ ոչ ուրիշ բան: Մենք տակափն կը պնդենք մեր առաջարկութեան վրայ: Կարելի չէ նախատեսել Պատուիրակութեան համար ապագայ ոեւէ գործունէութիւն առանց այս հիման:

Տիար Թէրզիպաշեան. Եթէ դաշնագիրը գոհացում տայ հայկական պահանջներուն եւ Թրքահայաստանէն մաս մը միանայ Հանրապետութեան, այդ պարագային աւելի դրական կը դառնայ թրքահայոց իրաւունքը՜ հայկական կառավարութեան ու խորհրդարանին մասնակցելու: Բայց եթէ կառավարութիւնը մերժէ, այդ պարագային' Պատուիրակութիւնը, որ թրքահայ ժողովուրդը ներկայացնող Համագումարէն բղխած մարմին մըն է, պարտաւոր է խնդիրը ենթարկել նոյն ինքն թրքահայ ժողովուրդին, հրաւիրելով նոր համագումար մը, որուն կը մնայ որոշել, թէ ի՞նչ ընթացք պէտք է բռնել թրքահայոց իրաւանց պաշտպանութեան համար: Այդ համագումարին է, որ կը մնայ վերջին խօսքը: Այս անբնական պայմաններուն մէջ, երբ թրքահայութիւնը ցրուած վիճակ մը ունի, հարկաւոր է, որ ոեւէ մարմին նախաձեռնութիւնը ստանձնէ թրքահայութեան ցրուած կամքերը իրար բերելու եւ Թրքահայաստանի վերաշինութեան ու թրքահայերու ներգաղթին առթիւ անոնց շահերը պաշտպանելու եւ առհասարակ կառավարութեան մօտ զիրենք ներկայացնելու գործին մէջ: Արդ, ո՛չ մեկ մարմնին կը պատշաճի այս նախաձեռնութիւնը, եթէ ոչ Հայկական Հարցի առիթով ընտրուած Համագումարին բղխող Պատուիրակութեան:

Վսեմ. Պօղոս Նուպար Փաշա համամտութիւն յայտնեց առաջարկութեան այս կերպ մեկնութեան:

Տիար Տոքթ. Բարսեղեան. Այս առաջարկը պարզելու համար՝ պէտք է հասկնալ, թէ նախատեսուած համագումարին պիտի մասնակցին միայն ա՛յն արեւմտահայերը. որոնք կը գտնուին Հայաստանի սահմաններուն մէջ եւ կամ բնիկներն են կցուած նահանգներուն, թէ՛ պիտի մասնակցին գաղութներու հայերն ալ: Առաջին պարագային՝ նախաձեռնութիւնը չի՝ կրնար պատկանիլ Ազգ. Պատուիրակութեան, քանի որ տարիներէ ի վեր Հայաստան ապաստանած արեւմտահայութիւնը իր ներկայացուցիչներն ունի, թուով 13, խորհրդարանին մէջ: Երկրորդ պարագային՝ այս առաջարկին գործադրութիւնը շատ աւելի կը դժուարանայ, որովհետեւ աշխարհի չորս կողմը ցրուած հայութիւնը անկարելի է խմբել Ազգ. Պատուիրակութենէն բղխող հրաւէրի մը շուրջը: Հետեւաբար՝ Ազգ. Պատ.-թիւնը չի՝ կրնար այս տեսակ ձեռնարկի մը գլուխ կենալ: Ուրիշ բան է՝ եթէ զանազան կեդրոններէ դիմումներ ըլլան Հայաստանի կառավարութեան, որ ապահովաբար ընթացք կու տայ քաղաքացիութեան փափաքներուն:

Տիար Թէրզիպաշեան. Որ Մայիս 28-ին պետական հարուածի հետեւանքով քանի մը արեւմտահայերու՝ բարլամենտին մասնակցութիւնը Կովկասի փախստականութեան դիրքը չէ փոխած՝ յայտնի է այն հանգամանքէն, որ թրքահայերու համագումար մը այսօր գոյութիւն ունի եւ կը գործէ այստեղ:

Ի վերջոյ, որոշուեցաւ Տիրէքթիւներու Սահմանման Յանձնսւժողովին բոլոր առաջարկութիւնները, որոնք քուէարկուած էին Պատուիրակութեան հրաժարած