Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/729

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

միջոցին, եւ այս 9-րդ առաջարկութիւնն ալ յանծնել նորընտիր Պատուիրակութեան, որպէսզի ժողովին բերէ իր կարծիքը անոնց մասին:

Տիար Բարսեղեան պահանջ դրաւ դարծեալ, որ Տիրէքթիւներու Յանձնաժողովին առաջարկութիւնները, որոնք ընդհանուր պատգամաւորներու թիլին կէսէն մէկ աւելի բացարձակ մեծամասնութեամբ չեն անցած, տիրէքթիւ չնկատուին, այլ՝ պարզ թելադրութիւն:

ժողովն անհետեւանք թողուց այս պահանջումը:


Հարցում Տիար Վահան Թէքէեանի

Տիար Վահան Թէքէեան. Ասկէ առաջ ժողովին մէջ խնդիր եղաւ, թէ Խորէն Եպիսկոպոս եւ Տիարք Փաստրմաճեան ու Գարտաշեան Ուաշինկթոն՝ Ծերակոյտի Արտաքին Գործոց Յանձնաժողովին յայտարարած էին, որ հայերը մանտա չեն ուզեր: Ինչպէս կը յիշուի, Փաշան այս մասին հեռագիր մը ուղղեց Տիար Սվազլըի, որմէ ստացուած պատասխանը նոյնպէս կարդացուեցաւ այս ժողովին մէջ: Այդ թղթակցութիւնները այն տպատրութիւնը թողուցին, թէ խնդիրը սխալ ներկայացուած էր, եւ ժողովը դժգոհութիւն յայտնեց, որ Տիար Սվազլը սխալ տեղեկութիւն մը հաղորդեր է՝ առանց լրջօրէն խնդիրը քննելու: Կը լսենք, թէ անկէ ի վեր Պատուիրակութեանը նոր տեղեկութիւններ հասած են այս խնդրին նկատմամբ: Հետեւաբար, կը խնդրեմ Պատուիրակութեանէն, որ Համագումարի յառաջիկայ նիստին բերէ այդ տեղեկութիւնները, որպէսզի խնդիրը պարգուի վերջնականապէս:

Տիար Թէրզիպաշեան. Արդէն առաջին օրէն, երբ այս խնդիրը ժողովին եկաւ, ըսի, թէ Տիար Ավազլըի տուած տեղեկութիւնը չի' կրնար սխալ ըլլալ, քանի որ ծանօթ են Հանր. կառավարութիւնը ձեռք առած մարդոց տրամադրությունները «մանտա»յի խնդրին նկատմամբ: Որչափ որ իմացանք՝ Պատուիրակութեանը հասած լիակատար տեղեկութիւնները, որոնց ճշդութիւնը կարելի չէ բնաւ տարակոյսի ենթարկել, հիմնովին կը հաստատեն ասիկա: ժողովին համար խղճի պարտք է ուղղել այս մասին իր նախապէս ըրած յայտարարութիւնը, որ համաձայն չէր իրականութեան:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 6-ին:

ՀԱԱ, ֆ. -430, ց. 1, գ. 67, թթ. 56-63: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ ԻԹ

9 Յուլիս 1920, ժամը 4-ին,

նախագահութեամբ Գաբրիէլ էֆ. Նորատունկեանի

Ներկայ էին 12 պատգամաւորներ՝

Եղիշ՝ Արքեպ. Դուրեան, Պ. Պ. Դավիթ-Բէկ, Ա. Թէրզիպաշեան, Վ. Թէքէեան, Գ. Նորատունկեան, Ռ. Որբերեան, Ա. Չօպանեան, Մ. Պապաջանեան, Զ. Պզտիկեան, Գ. Սինապեան, Մ. Տէրպէտէրեան, Ն. Տէր-Ստեփանեան:


ՕՐԱԿԱՐԳ

1. Վերակազմութիւն Ազգ. Պատուիրակութեան

Նորատունկեան էֆենտիի յայտարարութիւնները ֆրանսական հոգատարութեան խնդրին նկատմամբ:


ՕՐԱԿԱՐԳ

1. Վերակազմութիւն Ազգ. Պատուիրակութեան