Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/730

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Նորատունկեան /Գ. էֆ./. Քանի օր է չկրցանք գումարուիլ երկու պատճառներով: Նախ՝ դաշնագրին սրբագրութեան եւ պարզելու կարօտ կէտերուն նկատմամբ Գերագոյն Խորհուրդին մատուցուելիք Յիշատակագրին խնդիրը կար, որ բաւական լուրջ զբաղում մը եղաւ մեզի, եւ երկրորդ՝ Հայասէրներու Միջազգային Համաժողովին գումարումը: Այս Համաժողովին աշխատութեանց վերաբերող պարագայ մը կայ, զոր պարտք կը զգամ հաղորդել ժողովիդ: Համաժողովը Գերագոյն Խորհուրդին ուղերձ մը պիտի տար՝ գլխաւորաբար հայոց համար օգնութիւն հայցելով: Խնդրեցի իրենցմէ, որ հայոց համար եղած խնդրանքներուն աւելցուի նաեւ Գերմանիոյ կողմէ ըլլալիք ընդհանուր հատուցումէն պզտիկ բաժին մըն ալ, ամբողջական գումարին վրայ գոնէ 1/2 % համեմատութեամբ մաս մը մեզի տրուելու առաջարկութիւնը: Բնական է՝ այս խնդիրքը ըրած ատենս ապահով չէի կրնար ըլլալ, որ Դաշնակիցները անպատճառ պիտի ընդունին զայն, բայց ասիկա պարտականութիւն համարեցի ընել: Պէտք էինք մեր ձեռքէն եկած ամեն բան փորձել այս մասին, նոյնիսկ եթէ թերահաւատ ըլլայինք արդիւնքին նկատմամբ: Մնաց որ՛ բոլորովին անյուսալի ալ չէր, ինչպէս յայտնեցի Պ. Վիքթոր Պեռարի, որ ղեկավարեց Համաժողովին աշխատութիւնները: Պ. Պեռար նախապէս համամիտ գտնուեցաւ ինծի եւ խոստացաւ ուղերձին մէջ աւելցնել այս կէտը: Հետեւեալ առաւօտեան՝ դաշնագրի սրբագրութեան Յիշատակագրին խմբագրութեամբ զբաղած ըլլալով՝ ուշ միայն գացի Համաժողովին: Փափաքեցայ տեսնել պատրաստուած ուղերձը, գիտնալու համար, թէ ի՞նչ ձեւով ըրած էին խնդրանքը: Զարմացմամբ տեսայ, որ բոլորովին մոռցուած էր այդ մասին յիշատակութիւն ընել: Խնդրեցի թէ՜ Պ. Պեռարէն եւ թէ՝ Համաժողովին գլխաւոր անդամներէն, որ այդ կէտը աւելցուի ուղերձին, մեր պահանջումը 1/2 % ցոյց տրուելով, որպէսզի այս համեստ պահանջումը, որ 4-500 միլիոն ֆրանքի շուրջ կը դառնայ, չմերժուի: Պ. Պեռար խնդրեց, որ չպնդեմ, ըսաւ թէ արդի պարագաներուն մէջ այդ տեսակ պահանջում մը գէշ տպաւորութիւն պիտի ընէ տէրութեանց վրայ, որոնք արդէն իրենց որոշումները տուած են: Հասկցայ, որ նախորդ օրուան իր տրամադրութիւնը փոխուեր էր: Անշուշտ, կարելի չէր Համաժողովին մէջ վիճաբանիլ: Ձայն չհանեցի, բայց քիչ մը վերջը, երբ Պ. Պեռարի հետ մինակ էինք, վերստին արծարծեցի խնդիրը եւ կրկնեցի պահանջումս: Պ. Պեռար, ըսաւ թէ չի կարծեր, որ կարելի ըլլայ այդ մասին բան մը ընել, որովհետեւ առտուն Ծերակոյտին մեջ իմացած էր, թէ ութ օրէ ի վեր ամեն բան որոշուած էր հատուցման բաժիններուն նկատմամբ, թէ յետին սանթիմը տէրութեանց մէջ արդէն բաժնուած ըլլալով, հնարաւորութիւն չկար հայոց ալ բաժին մը ապահովելու: Պատասխանեցի, թէ մեր պահանջածը centimes additionales է, զորս, ի հարկին, տէրութիւնները կրնան տալ իրենց ինկած բաժնէն: Պ. Պեռար տեղի տուաւ, միասին վերադարձանք Համաժողովին զուիցերիացի անդամներուն մօտ, եւ այդ կէտը աւելցնել տուի ուղերձին: Փափաքելի է անշուշտ, որ Պատուիրակութեանց այժմ Սբա գտնուող անդամները անձամբ ալ դիմում ընեն այս մասին՝ երբ Գերմանիայէն ստացուելիք հատուցման խնդիրը պիտի քննուի: Որովհետեւ՝ ընդհանուր հատուցմանց մեջ, զորս Դաշնակիցները կը պահանջեն, ամէնէն առաջ գերմանականն է, որ ստացուելու յոյս կը ներշնչէ: Թուրքիոյ տալիք հատուցումէն պահանջելը նշանակութիւն չպիտի ունենար, քանի որ իդականութեան մէջ մեծ բան մը չարժէր թրքական հատուցումը, բայց գերմանականէն յոյս կար: 1/2% բաժինը, զոր կը պահանջենք, կարծեմ՝ ինչպէս ըսի՝ վեր ի վերոյ հաշուով մը 500.000.000 ֆրանք կ՚ընէ. ենթադրելով, որ ատկէ պակաս ալ տան, մեծ բան է մեզի համար, որովհետեւ

Նորատունկեան էֆ. ըսաւ նաեւ. «...Յայտնեցի իրենց, թէ նախապէս 20 միլիոն ֆր-ի պահանջ մը ըրած էինք և նկատողութեան չէին առած»: Նորատունկեան էֆ. ջնջեց այս տողերը: