Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/731

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

տարակոյս չկայ, թէ մեր պետութիւնը այդքան գումար մը ուրիշ միջոցներով շատ դժուարութեամբ պիտի կրնայ գտնել, գոնէ առաջին տարիներու ընթացքին: Քանի որ դեռ չունինք հոգատար պետութիւն մը, որուն միջոցներէն օգտուինք, եթէ աս ալ չըլլայ, չպիտի կրնանք ո՛չ մեր հարիւր հագարաւոր գաղթականները տեղաւորել, ոԲչ ալ մեր պետութեան ելեւմուտքն հաւասարակշռել: Կարծեմ գէշ չըլլար, եթէ այս մասին յանձնարարութիւն մը ընենք Պատուիրակութեան Սբա գտնուող անդամներում:

Պ. Ռ. Որբերեան. Պատուիրակութիւնը իր բոլոր խորհրդականներով Սբա գացեր է, կըսեն, ինչպէս գացեր են նաեւ Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը եւ իր խորհրդականները: Բայց կը ցաւիմ հաստատելու, թէ այդ բազմութեան մէջ մէկ հատիկ դիւանագէտ մը չկայ: Միակ դիւանագէտը, որ ունինք՝ մեր Նախագահն է. Գացողները՝ ամենը մէկ չեն կրնար անոր գործը կատարել: Կարծեմ ամբողջ ժողովին թարգմանը եղած պիտի ըլլամ, փափաք յայտնելով որ Նորատունկեան էֆենտին ալ Սբա երթայ այս վճռական օրերուն:

Պ. Ա. Չօպանեան. Գերագոյն ձեռնարկն է, որ այս պահուս Սբայի մեջ տեղի պիտի ունենայ Հայկական Հարցին համար: Ո՛չ միայն Նորատունկեան էֆենտի, այլ նաեւ Պ. Սինապեան եւ միլս բոլոր խորհրդականները պէտք է Սբա գտնուէին հիմա: Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը 8-10 խորհրդականներ ունի, անոնք ալ պէտք էր հոն գտնուէին: Ինչպէս կիմանանք բոլոր ազգերը մեծ թուով պատուիրակութիւններ ղրկեր են Սբա: Պէտք է, որ մենք ալ այդպէս ընենք, որովհետեւ, ինչպէս ըսի, Սբայի մեջ վերջնական գերագոյն կարգադրութիւնները պիտի ըլլան Արեւելեան Խնդրին նկատմամբ:

Նորատունկեան էֆենտի. Մեր Պատուիրակութիւնները քիչ մը ուշ արթնցան այս խնդրին մէջ: Չէին գիտեր, թէ Սբայի մէջ թրքական հարցն ալ պիտի քննոփ: Վերջէն, յանկարծակի իմացեր են. եւ կը վախնամ, որ դաշնագրին սրբագրելի կէտերուն նկատմամբ պատրաստուած Յիշատակագիրը չհասնի յարմար ատենին: Այդ Յիշատակագրին պատրաստութիւնը անցաւ կարգ մը գործողութիւններէ, որոնց ծանօթացումը ժողովիդ թերեա աւելորդ չըլլայ: Ինչպէս յայտնի է, յանձնաժողովի մը մէջ պատրաստեցինք այդ Յիշատակագրին նախնական օրինակը, որ կարդացուեցաւ այստեղ: Այդ օրինակին մէջ մեր կողմէ շնորհակալութիւն յայտնուած էր պետութեանց, որ նկատի առած են մեր իրատւնքները եւ հայկական պետութիւն մը կազմած, ու միւս կողմէ ալ պետութեանց ուշադրութեան ներկայացուած էին կարգ մը կէտեր, որոնք կարօտ էին սրբագրութեան կամ լրացման: Այսպէս վնասուց հատուցման, Թուրքիոյ հանրային պարտուց մեր պետութեան իյնալիք բաժնին, հողային պահանջմանց, մասնաւորներու ըլլալիք փոխարինութեանց, Քիւրտիստանի եւ կարգ մը ուրիշ խնդիրներու վերաբերող կէտերը, որոնք յայտնի են արդ№ ժողովիդ: Այս ձեւով' Յիշատակագիրը պատրաստ էր եւ պիտի ներկայացուէր Գերագոյն Խորհուրդին, երբ թուրքերը դաշնագրին նկատմամբ իրենց պատասխանը տոլին: Ատոր վրայ օգտակար դատուեցաւ վերահասու ըլլալ անոր պարունակութեանը եւ որոշուեցաւ ըստ այդմ մեր Յիշատակագիրը բարեփոխել խորհրդակցութեամբ Պ. Մանտէլշթամի, որ թէԲ կարող օրէնսգետ մըն է եւ թէ մեր ազգին նկատմամբ բարեացակամ անձնաւորութիւն մը: Թուրքերու տուած պատասխանէն միայն մէկ օրինակ տրամադրուած էր եւ այդ մէկ օրինակն ալ կը գտնուէր Պ. Մանտէլշթամի մօտ: Հետեւաբար՝ ո՛չ Պ. Սինապեան, ո՛չ ալ ես չկրցանք ատենին աչքի առջեւ ունենալ զայն: Իրաւաբանները սովորութիւն մը ունին մինչեւ texte մը աչքի առջեւ չունենան՝ անոր մասին վերջնական կարծիք չեն յայտներ: Եւ ասիկա անհրաժեշտ է, որպէսգի ոչինչ վրիպի ուշադրութենէ: Ստիպուեցանք սպասել: Երբ Պ. Մանտելշթամ իր աշխատութիւնը աւարտեց, այն ատեն միայն տեսանք, որ թուրքերու պատասխանէն նկատի առած էր միմիայն հատուցման խնդիրը, իսկ մեր հողային պահանջմանց մասին թուրքերու կողմէ եղած առարկութեանց բնաւ չէր ակնարկած: Եւ որովհետեւ կարելի չէր Յիշատակագիրը