Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/732

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ներկայացնել առանց այդ կարեւոր կէտին նկատմամբ մեր տեսութիւնը պարզելու, փութացինք իսկոյն պատասխանագրին պատրաստութեան:

Պ. Գ. Սինապեան. Մեր Պատուիրակութեանց նախագահները չէին գիտեր անգամ, որ Սբայի մէջ այս խնդրով պիտի զբաղին, երբ այդ մասին լուր առնուեցաւ եւ հարկ եղաւ, որ Սբա մեկնին փութով: Յիատակագիրը որուն կարգ մը կէտերը անկատար էին, առին միասին տարին: Ստոր վրայ՝ մենք ջանացինք ամբողջացնել այստեղ եւ ետեւնուն հասցնել:

Նորատունկեան էֆենտի. Եւ ատոր համար ստիպուեցանք գիշերը ցերեկին, ցերեկը գիշերին խառնել, ամբողջը աչքէ անցուցինք եւ յաւելուածներով, որոնք անհրաժեշտ էին, ղրկեցինք փոսթով: Յիշատակագիրը կը պարունակէ երեք մասեր, որոնք իրար կը լրացնեն, ինչպէս պիտի տեսնուի ընթերցումէն:

Կարդացուեցաւ Յիշատակագիրը իր յարակից մասերով, որոնց կցուած էր նաեւ Միացեալ Պատոփրակութեան կողմէ անցեալ տարի պետութեանց ներկայացուած այն տետրակը, որուն մէջ, մերծաւոր հաշուով, ցոյց տրուած են պատերազմին, տեղահանութեանց ու ջարդերուն հետեւանքով հայ ժողովուրդին կրած վնասները:

Նորատունկեան էֆենտի. Ինչպէս ըսի արդէն, հողային պահանջմանց վերաբերող վերջին յարակից գլուխը Պատուիրակութեան անդամներուն մեկնելէն ետք պատրաստուեցաւ այստեղ: Եւ որպէսզի անդին' Սբայի մէջ' հապճեպով պակասաւոր բան մը չներկայացուի Գերագոյն Խորհուրդին, իսկոյն իրենց ղրկեցինք հետեւեալ հեռագիրը.

«Հայկական Պատոփրակութիւն

Սբա /Պելճիքա/».

«Ամբողջական Հայաստանի մասին՝ Ազգ. Համագումարը կը խնդրէ, որ պնդէք դաշնագրին 89-րդ յօդուածին մէջ մտցնելու «եւ Խարբերդի սահմանակից շրջանակները» պարբերութիւնը: Այսօր յանձնարարեալ ծրարով Ձեզի կը ղրկենք Յիշատակագիրը իր վերջնական ձեւին մէջ, յարակից յաւելուածներով, Վեհաժողովին մատուցելու համար:

Նորատունկեան.

Փարիզ, 8 Յուլիս 1920»:

Պ. Ա. Չօպանեան. Կը կրկնեմ, որ պէտք չէ Պատուիրակութեան անդամները մինակ թողնել Սբայի մէջ: Լոնտոնի Վեհաժողովին համար ալ ըսին նախապէս, թէ ութ օր միայն պիտի տեւէ, բայց երկու ամիս տեւեց: Եթէ Պ. Որբերեան առաջարկած չըլլար Նորատունկեան էֆենտիի համար, ես ինքս պիտի առաջարկէի: Ո՜չ միայն Նորատունկեան էֆենտի, այլ նաեւ Ազգ. Պատուիրակութեան բոլոր խորհրդականները, մանաւանդ Պատուիրակութեան նորընտիր անդամ Պ. Սինապեան այնտեղ պէտք է գտնոփն այս վճռական օրերուն: Նաեւ՝ Հանրապետութեան Պատուիրակութեան խորհրդականները' Պ.Պ.Ասատուրեան, Պէրպէրեան, էնֆիաճեան:

Նորատունկեան էֆենտի. Ըստ երետյթին' աւելի հաւանական է, որ շուտով աւարտի Գերագոյն Խորհուրդին գործը Սբայի մէջ: Ինչ որ կ՛ընենք՜ աւելի մեր պարտականութիւնը լիովին կատարած ըլլւպու եւ խղճով հանգիստ մնալու համար է: Պատոփրակութիւնը ուշ մնացած է այժմ: Եթէ հայ ազգը, տարբեր քաղաքականութեամբ, զինադադարէն անմիջապէս յետոյ տէր եղած ըլլար իր երկրին, գաղթականներն ու փախստականները տեղաւորած կ՛ըլլայինք ցարդ եւ հայկական պետութիւնը շատ աւելի կանուխ ճանչցուած դիրք կ՛ունենար իրաւապէս: Ասոր մէջ ամբողջ յանցանքը մերիններունը չէ. Եւրոպական տերութիւններն ալ իրենց յանցանքի բաժինն ունին, եւ Ամերիկան ալ: Չեմ ըսեր, թէ չարամտութեավբ ըրին, բայց, վերջապէս, շատ պարտքեր ունէին մեր ազգին հանդէպ, եւ պարագաներու դժբախտ բերումով կարելի չեդաւ, որ այդ պարտքերում գոնէ ամէնէն կենսականներուն հատուցումը գտնէինք իրենցմէ: Ահա՝ այս պայմաններում մէջյապաղեցաւ Հայկական