Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/733

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Խնդրին լուծումը, եւ այս յապաղումը միլիոններ արժեց ազգին: Եթէ յիշենք նաեւ զինադադարէն վերջ մեր ունեցած մարդկային կորուստները, որոնք 200.000-ը կ՚անցնին, մեր վնասները կը հասնին ահաւոր համեմատութեան մը: Եթէ այս յապաղումը չըլլար, Կիլիկիոյ կորուստներն ալ չպիտի ունենայինք հաւանաբար, եւ մեր ժողովուրդը ազատած պիտի ըլլար այն թշուառութենէն ու համաճարակներէն, որոնց մէջ կը տուայտի այսօր: Կամ գոնէ' եթէ հոգատար պետութիւն մը ունեցած ըլլայինք, երբ տակաւին Վերսայլի Դաշնագրին 22-րդ յօդուածը գոյութիւն չունէր: Բայց զգուշանանք դատաստան մը ընելէ. ո՜չ ոք մեղադրենք: Թերեւս բախտին մէկ բերմուճքն է այս ամենը:

Պ. Ա. Չօպանեան. Պ. Ն. Տէր-Ստեփանեան, ես ֆաթալիսթ չեմ. անցեալին մեջ ահագին սխալներ ըրինք, հիմա ալ կը շարունակենք ընել: Այս ժողովը նոր-նոր ինքզինքը սպաննեց, իր հեղինակութխնը ոտքի տակ առաւ եւ իբր թէ ընտրեց Պատուիրակութիւն մը, որ նոյնպէս հեղինակութիւն չունի: Ել այս ամենն ըրաւ պարզապէս, որովհետեւ իր անդամներուն մեծամասնութիւնը, ամենուն հետ բարեկամ մնալու գերագոյն մտահոգութեամբ, չունեցաւ ոեւէ կարծիք եւ չստանձնեց ոեւէ պատասխանատուութիւն: Պատասխանատուութենէ վախնալու հայկական չքնաղ ձեւն է այս, այսինքն՛ չառնել ոեւէ նախաձեռնութիւն եւ չկատարել ոեւէ որոշ գործ յանուն պատասխանատուութեան գգացումին:

Տէրութեանց եւ մանաւանդ Ամերիկայի համար՝ յանցանք բառը գործածել սխալ է - եթէ յանցանք կայ՝ մերն է: Այն ատենին, որուն ակնարկեց Պ. Նախագահը, մեզի համար կարելի էր գտնել հոգատար պետութիւն մը, եւ Դաշնակիցներուն մէջ կային պետութիւններ, որ կուզէին Հայաստանի հոգատարութիւնն ստանձնել. բայց մենք ենք, որ անոնց կռնակ դարձուցինք: Ամերիկեան հոգատարութեան մեր երազն է, որ իրապէս Եւ անմիջականապէս հնարատր լուծումները վիժեցուց եւ մէկ ու կէս տարիէ ի վեր մեր ունեցած այնքան կորուստներուն եւ մանաւանդ Թրքական Հայաստանի մինչեւ հիմա գրաւուած չըլլալուն գլխատը պատճառն եղաւ: Ասիկա կ՛ըսեմ, որովհետեւ տակաւին մինչեւ այսօր ամերիկեան հոգատարութեան հաւատացողներ կան: Անցեալ տարի՝ Համագումարէն առաջ, քանի մը հոգի միայն՝ Նորատունկեան էֆենտի, Պ. Պ. Մալքոլմ, Մոստիչեան, զգացած են հոգատարութեան համար Ֆրանսայի դիմելու պէտքը: Ես ալ իրենց պէս մտածած եմ: Դժբախտաբար՝ անոնց ձայնը չլսուեցաւ:

Նորատունկեան էֆենտի. Անկէ ի վեր քանի եղան առիթներ, զորս փախուցինք:

Պ. Ա. Չօպանեան. Ֆրանսայի հետ մենք արդէն գործ մը սկսած էինք Հայկական Լեգէոնի կազմութեամբ եւ Կիլիկիոյ ու շրջակայ նահանգներու մասին Եղած համաձայնությամբ: Այդ ճամբուն մէջ կարելի էր շարունակել: Իսկ Պ. Մալքոլմ, որ Անգլիայէն կու գար եւ անգլիական կառավարութեան տրւձմադրութխնները մօտէն գիտէր, կը հաւաստէր, թէ անգլիական կառավարութիւնը չպիտի հակառակի Ամբողջական Հայաստանի հոգատարութեան Ֆրանսայի տրուելուն, որոշ պայմաններով անշուշտ: Սակայն, մեր մեջ ընդհանուր հոսանք մը ստեղծուած էր, ամերիկեան զօրութենէն շլացած եւ Ֆրանսայի հանդէպ արհամարհոտ: Ամեն տեղ բացէ ի բաց կըսէին, թէ Ֆրանսա այլասերած է, մեզի անկախութիւն չի տար, Հայաստանը գաղթավայր պիտի դարձնէ, եւ այլն: Պէտք էր այն միջոցին ըմբռնել, թէ Ամերիկա, ոեւէ վերջնական պատասխան տալու համար, ստիպուած էր հարցը Քոնկրէսին դնել, ինչ որ երկար ամիսներու կարօտ էր. այդ միջոցին ամենաթանկագին ժամանակ մըն է, որ կը կորսուէր, կացութիւնը եւ տրամադրութիւնները կը փոխուէին ամեն տեղ, եւ ոչինչ կապահովէր, թէ այդքան սպասումէ վերջ Ամերիկայի պատասխանը պիտի ըլլար հաստատական: Ընդհակառակը, Ամերիկան մօտէն ճանչցողներ որոշապէս կը յայտարարէին, թէ ամերիկիան ժողովուրդը, իր ստուար մեծամասնութեամբ. Հայոց դատին համակրութիւն ունենալով հանդերձ, ոեւէ հոգատարութիւն ընդունելու, արեւելեան թնճուկին մէջ խառնուելու բնաւ