Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/734

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

տրամաղրութիւն չուներ: Պատոփրակութեան մէջ մտնելէս յետոյ առիթ ունեցայ սէկ քանի անգամ տեսնել համբաւատր հայասեր հրապարակագիր Տելլօնը, որ նոր կու գար Ամերիկայէն, ինչպես նաեւ ամերիկացի ծանօթ անձնաւորութիւն մը Բրօֆէսէօր Պոլտոիէնը, որոնք ուժգնապես հաստատեցին, թե հայկական հոգատարութեան Ամերիկայի կողմէ ստանձնուիլը բոլորովին անհնար բան մը կը նկատեն: Սակայն, այսպիսի կարծիքներու կւսրեւորութիւն տուող չկար: Այսօր կացութիւնը բոլորովին փոխուած է, եւ տնանկ ատեն մը, ուր պօլշեւիկ վտանգը մօտեցած է Հայաստանի, ո՛չ Ֆրանսա, ո՜չ ալ ուրիշ հեւէ եւրոպական մեծ տէրութիւն մը կուզէ ընդունիլ Հայաստանի հոգատարութիւնը: Աս ըսել չէ, ի հարկէ, որ պետք է յուսահատինք եւ իր բախտին թողունք մեր Հանրապետութիւնը: Եթե այլեւս յուսալի չէ, որ մեծ ազգերէն մեկը ընդունի Հայաստանի հոգատարութիւնը, պետք է ամեն կերպով ջանանք փոյթեռանղ ճիգերով, որ փոքր չեզոք ազգ մը կամ ազգերու խումբ մը գտնենք, որոնք կատարեն այդ օգնականի դերը: Հայասէրներու վերջին համաժողովին մեջ Տանըմարքացի Հայասէրներու Քոմիթէին նախագահ Պ. Պէնէւոիքթսէն, որ քանի մը անգամ Հայաստան ճամբորդած է, յայտարարեց, թե սքանտինաւեան երկիրներում եւ մանաւանդ իր երկրին մէջ մեծ համակրութիւն կայ Հայաստանի համար, եւ անյուսալի չէ, որ եթե Ազգերու Ընկերութիւնը առաջարկէ Տանըմարքայի կամ ուրիշ սքանտինաւեան երկիրներու, այս վերջինները ընդունին Հայաստանի օգնականութիւնը: Միւս կողմէ անդին՝ Միջերկրականի եզերքը, Ամանոսի շրջանին մէջ նոր յոյս մը կը ծագի, եւ մեզի հասած լուրերուն համեմատ, հոն հայկական շրջանակ մը ստեղծուած է ֆրանսական հովանաւորութեան տակ: Պէտք է ջանանք ատիկա զօրացնել եւ ընդարձակել: Ամէնքս ալ գիտենք, որ Կիլիկիոյ մէջ ամէնատխուր դեպքեր պատահեցան, ուր ֆրանսացիք ալ, մենք ալ սխալներ գործեցինք, պէտք է սակայն երբեք չմոռնալ, որ Ֆրանսա Կիլիկիա մտած ատենը համակիր էր մեզի եւ զայն հայ երկիր կը նկատեր: Նոյնիսկ Պ. ժօրժ Բիքօ այնտեղ կ՚երթար «Սուրիոյ եւ Հայաստանի Բարձր Քոմիսէր» տիտղոսով, մեր սխալ ընթացքով՜ Ֆրանսան մեզի դէմ դարձուցինք եւ մղեցինք զայն թուրքերում կռթնելու: Բացէ ի բաց, ամեն տեղ, Համագումարին մէջ, գաղութներուն մէջ, Կիլիկիոյ մէջ, լրագիրներու մէջ՝ «Ֆրանսան չե՜նք ուզեր, Ամերիկա՜ն կ՛ուզենք» կը պոռայինք: Պէտք է այս սխալը ղարմանենք, եւ սկսած ենք արդեն դարմանել. Պատուիրակութիւնը աւելի քան վեց ամիսէ ի վեր Ֆրանսայի պաշտպանութիւնը կուզէ Կիլիկիոյ եւ շրջակայ հողամասերու համար: Վերջերս, Կիլիկիոյ քրիստոնեայ ազգաբնակութեանց կողմէ Դաշնակիցներուն ուղղուած եւ Ֆրանսայի հովանաւորութիւնը պահանջող հեռագիրը կարդացուեցաւ այստեղ, եւ անկէ վերջն է որ, եւ հաւանօրէն անոր ազդեցութեան տակ, ֆրանսացիք թոյլ տուած են, որ Ամանոսի մէջ հայկական շրջանակ մը կազմուի: Պէտք է ջանանք, որ ատիկա զօրանայ ու տարածուի: Պէտք է ամեն կերպ օգնութիւն հասցնել անոնց, դրամ, կամաւոր, զէնք, եւ այլն: Բայց պայմանաւ, որ միշտ Ֆրանսայի հաւանութեամբ եւ աջակցութեամբ գործենք: Եթէ նորեն փոփոխական եւ հակասական քաղաքականութեան մը հետեւինք, նորէն ամեն բան կը կորսնցնենք: Միտքէս չեմ անցըներ երբեք, թէ Ամերիկայէն ոչինչ յուսալու չենք, անկից կրնանք ստանալ, մեր անկախ Հանրապետութեան համար նիւթական եւ բարոյական մեծ աջակցութիւններ, եւ ասիկա ստանալու համար պէտք է միշտ աշխատինք: Բայց կը շեշտեմ, որ Փոքր Հայքի եւ Կիլիկիոյ համար Ֆրանսայի հետ միայն գործ ունենալու ենք:

Պ. Վ. Թեքէեան. Կիլիկիոյ մասին մինչեւ այսօր յուսատու ի՞նչ ըրինք: Կարծեմ Համագումարի անդամները համաձայն են ինծի, թէ բան մըն ալ չըրինք: Հիմա որ Ամանոսի Հանրապետութեան փոքր ճառագայթը ծագած է, ատիկա պարտք կը դնէ Համագումարին վրայ, որ գոնէ այղ մասին իրեն ինկած պարտականութիւնները լիովին կատարէ: Կիլիկիոյ կացութիւնը այսօր այն աստիճան կը հետաքրքրէ մեր ազգը, որ այս Համագումարէն դուրս, եւ Պատուիրակութենէն ալ դուրս, որոշ շրջանակ մը անով կը զբաղի եւ կը մտածէ մնայուն մարմին մը ընտրել յատկապէս Կիլիկիոյ