Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/735

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ճակատագրին նուիրուած ձեռնարկներու գլուխ կանգնելու համար: Գիտենք, որ Պատուիրակութիւնը անբաւական է այս տեսակ գործով մը զբաղելու: Հետեւաբար, Համագումարը պէտք է արտայայտուի այդ տեսակ ձեռնարկի մը ի նպաստ: Այս անջատ մարմինը Պատուիրակութեան դէմ խավւանարար ընթացք մը չպիտի ունենայ անշուշտ: Ընդհակառակը, Պատուիրակութեան պիտի գործակցի խորհրդակցաբար: Բայց եթէ պատահի, որ Պատուիրակութիւնը թերանայ Կիլիկիոյ մասին իր ունեցած պարտականութեան մէջ, այդ պարագային նոյնիսկ պիտի գործէ Պատուիրակութեան հակառակ:

Պ. Ն. ՏԷր-Ստեփանեան. Պ. Չօպանեան խօսքը ըրաւ Զօրացեալ Պատուիրակութեան մը. բայց Զօրացիալ Պատուիրակութիւնը որուն ակնարկեց, մնայուն կազմ բնաւ չէ ունեցած, այլ Պատոփրակութխնն է այն շրջանին, որ կ՚երթայ հին Պատոփրակութենէն մինչեւ Համագումարի հաւաքումը, երբ հետզհետէ պատգամաւորներ կը հասնէին: Այդ Զօրացեալ անուանուած Պատուիրակութիւնը Ֆրանսայի հանդէպ նկարագրուած քաղաքականութիւնը ընդգրկելու որոշումը տուած է, երբ կազմուած էր հետեւեալ անձերէն՝ Նուպար Փաշա, Նորատունկեան էֆենտի, Պ. Պ. Մասեհեան Խան, Վարանդեան, Շանթ, Տոքթ. Նեւրուզ, Գ. Յակոբեան եւ ճէյմս Մալքոլմ: Կիլիկիոյ մէջ ֆրանսայի հովանաւորութեամբ անկախ պեւոութիւն մը ունենալու քաղաքականութիւնը ես կը կարծեմ, որ պէտք է ընենք համարձակօրէն, առանց մտահոգուելու ամերիկեան հոգատարութեան հարցով, քանի որ այդ հոգատարութիւնը պիտի վերաբերի այն Հայաստանին, որ պիտի բխէր նախագահ Ոփլսոնի իրաւարարութենէն, եւ որ ո՛չ միայն Կիլիկիան չի պարունակէր, այլ անոր սահմանակից ալ չէ: Սքանտինաւեան հոգատարութիւնն ալ ամերիկեանին պէս բան մը կրնայ դառնալ՝ եթէ մենք ծայրայեղ զգուշութեամբ չվարուինք: Պ. Պէնէտիքթսէն շատ բարի եւ ագնիւ մարդ մըն է, բայց ոչինչ կը ներկայացնէ, եւ ինքն իսկ այնքան ալ դիւրին բան մը չի նկատէր այդ հոգատարութիւնը: Բան մը, սակայն, որ օգտակար է եւ գոր պէտք է ընել՝ այն նախապատրաստական աշխատութիւնն է, զոր պէտք է կատարել սքանտինաւեան երկիրներու մէջ, ընդհանուր բրոբականտի ձեւով, առանց ոչինչ կանխորոշելու: Իսկ թէ որչա՞փ կարելի է Կիլիկեան անկախութիւն մը ֆրանսական հովանաւորութեան տակ' ես ալ այդ մասին լաւատես եմ հետեւեալ պատճառով: Ֆրանսա ունեցաւ իր որոշ քաղաքականութիւնը Թուրքիոյ հանդէպ, քաղաքականութիւն, որ կը միտէր պահպանել գօրաւոր Թուրքիա մը, ընդդէմ անգլիական քաղաքականութեան, որ հակառակ ձգտումը ունէր եւ որ ձեւական յաջողութիւն մը ստացած էր ցարդ դաշնագրին մէջ: Բայց այս ձեւական յաջողութիւնը իրականի վերածուեւոլ մեծ հաւանականութիւն ունի, մանաւանդ յունական միջամտութենէն վերջ, եւ եթէ այսպէս ըլլայ, Ֆրանսա իր թրքասիրական քաղաքականութեան վիժման առջեւ պիտի ուգէ ձեւ մը գտնել ետ առնելու համար ինչ որ յանուն այդ քաղաքականութեան ինքնաբերաբար գոհած էր, այսինքն՝ Կիլիկիոյ այն կարեւորագոյն մասը, որ դաշնագրով Թուրքիոյ ձգուած է: Այս բանը ընելու համար Ֆրանսա մէկ միջոց ունի, եւ այդ միջոցն է յենուլ հայ ժողովուրդին պահանջներուն վրայ, պահանջներ, որոնք զգացողական եւ պատմական չեն միայն, քանի որ մենք ^հլիկիոյ մեջ ունինք մեծ թուով հայութիւն եւ մօտ ատենէն կրնանք հոն գոյացնել հայկական բացարձակ մեծամասնոլթիւն: Ասկե զատ, ես կը կարծեմ, որ Կիլիկիոյ այն մասին մէջ ալ, որ Ֆրանսայի թողուած է եւ որուն մէջ հիմնուած է հայկական Ամանոսի Հանրապետութիւնը, Ֆրանսա շահ ունի հայասէր քաղաքականութիւն մը ընելու, տրուած ըլլալով, որ սուրիացիները զորս անցեալ տարի անիկա կը նկատէր հայոցմէ շատ աւելի վստահելի տարր մը, եւ այդ պատճառով կերպով մը Կիլիկիոյ կարեւորագոյն մասը Սուրիոյ մաս կը հռչակէ, այսօր կը խուսափին իր ձեռքէն:

Վերջացուցի. բայց կ՛ուզեմ հարցում մը ընել միջադէպի մը մասին, որ իբր կը հաւաստուի, թէ տեղի ունեցած է Հայասէրներու Համաժողովին մէջ: Երբ Պ. Պեռար առաջարկեր է ուղերձ մը ուղղել ֆրանսական կառավարութեան՝ շնորհաւորելով զայն