Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/736

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ամանոսի Հանրապետութեան կազմութեան առթիւ եւ այդ մասին յանձնարարութիւններ ընելու համար, Պ. Ահարոնեան պէտք զգացեր է ըսելու, թէ այդպիսի Հանրապետութեան մը գոյութեան մասին ոչ մէկ հաստատ լուր իբր թէ չըլլալով, պէտք չէ ոեւէ յիշատակութիւն ընել: Ստոր վրայ Պ. Պեռար ըսեր է, թէ ատիկա իրողութիւն մըն է: Պ. Ահարոնեան պնդեր է, թէ հաստատ բան մը չկայ եւ թէ ճանչցուած չէ այդ Հանրապետութիւնը, ինչպէս ճանչցուած է Երեւանի Հանրապետութիւնը: Վիճաբանութիւնը շարունակուեր է հետեւեալ կերպով. «Ես Ձեզի կըսեմ, որ իրողութիւն մըն է,- կրկներ է անգամ մըն ալ Պ. Պեռար,- քանի որ այդ մասին հարցում եղաւ Շերակոյտին մէջ եւ կառավարութիւնը չհերքեց»: Իսկ երբ Պ. Ահարոնեան յամառեր է նորէն պնդել, այն ատեն Պ. Պեռար ըսեր է. «Երբ ես Ձեզի կըսեմ, որ ատիկա իրականութիւն է, մի՛ ստիպէք զիս ըսելու նաեւ, որ Ծերակոյտին Արտաքին Գործոց Յանձնաժողովին մէջ այդ մասին խնդիր եղած է արդէն»:

Պ. Մ. Տէրպէտէրեան. Նոյնիսկ եթէ Պ. Ահարոնեան տարակոյս ալ յայտնած ըլլայ, ինչո՞ւ գէշ կը մեկնէք:

Պ. Ն. Տէր-Ստեփանեան. Ես գէշ չեմ մեկներ, միայն դիտել կու տամ, որ այսպիսի տարակոյսներ ունենալը մեր մէկ որոշ հոսանքին լեզուով որուն գլուխներէն մէկն է Պ. Ահարոնեան, «դաւաճանութիւն» կը կոչուի: Միջադէպը՝ ինչպէս որ ինծի հաղորդուեցաւ, պատմեցի նոյնութեամբ: Կը հարցնեմ հիմա Պ. Սինապեանի, թէ ճի՞շդ է այս պատմութիւնը:

Պ. Գ. Սինապեան. Չեմ կրնար պատասխան տալ, որովհետեւ ներկայ չէի:

Պ. Ա. Չօպանեան. Համաժողովին առաջին օրն էր, որ տեղի ունեցաւ այդ միջադէպը, զոր նոյնութեամբ՝ ինչպէս պատմուեցաւ՛ կը հաստատեմ:

Նորատունկեպն էֆենտի. Ես չլսեցի: Կիլիկիոյ այն մասերը, որոնք դաշնագրին ընկերացող քարտէսին մէջ ցոյց տրուած են իբր Սուրիոյ մաս, օրինակի համար՝ Հասան Պէյլի, Տէօրթ Եօլ եւ այլն, բնական կերպով անջաւոուած են արդէն: Հասկնալի է, թէ ֆրանսական կառավարութիւնը, ինչպէս Լիբանանի համար, այնպէս ալ Կիլիկիոյ այդ մասին համար կրնայ չուզել, որ ուղղակի Սուրիական Պետութեան տակ իյնան: Ֆրանսա կը փափաքի թերեւս, որ դաշնակցական կազմ մը ունենայ Սուրիոյ Պետութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ Սուրիոյ զանազան մասերը զերծ պահել էմիր Ֆայսալի ոտնձգութիւններէն: Այդ նպատակաւ՝ Ֆրանսայի գործին պիտի յարմարի, որ Ամանոսի այդ շրջանակին հայերը մասնաւոր կազմակերպութիւն մը ունենան: Ֆրանսա նախապէս կը յուսար, որ էմիր Ֆայսալ պիտի ենթարկուի իր թեւարկութեան, եւ Սուրիա' Թունուզի կամ Մարոքի պէս ձեւ մը պիտի ստանայ: Բայց ինչպէս յայտնի է, էմիր Ֆայսալ անկախութեան դրօշ պարզեց նոյն ինքն Ֆրանսայի դէմ, եւ այսօր յայտնի եղաւ, թէ Ֆայսալ չուզէր Ֆրանսան ընղունիլ իբր հոգատար, այլ՜ իբր պարզ օգնական պետութիւն: Այս կացութեան հանդէպ ֆրանսացիք կը խորհին անշուշտ, թէ ինչո՞ւ Կիլիկիոյ այդ անջատեաւ մասը թողուն Սուրիոյ: Այդ մասին մէջ կարելի է ընդգրկել նաեւ Իսկենտէրունը. եւ ֆրանսացիք կը տեսնեն բնականաբար, որ եթէ նոյնիսկ Սուրիական Պետութիւնը խուսափի իրենցմէ, գոնէ այդ նաւահանգիստը իրենց կապուելու է, քանի որ Սուրիոյ ամբողջ առեւտուրը գլխաւորաբար Իսկենտէրունի ճամբով պիտի կւստարուի: Ահա՝ թէ ինչու ֆրանսացիք շահ ունին փափաքելու, որ Կիլիկիոյ այդ մասին մէջ իրենց հովանավորութեան ու վարչութեան ենթակայ մասնաւոր կազմակերպութիւն մը գոյանայ, մանաւանդ եթէ մենք գիտնանք օգտոփլ ասկէ, խոհեմ ու պատշաճ վարմունք մը ունենալով իրենց հետ: Դուրսէն Յանձնաժողովի մը կազմութեան մասին խօսք եղաւ. բայց Պատուիրակութիւնն ալ պէտք է մշտապէս շփման մէջ մնայ Քէ տ՚Օրսէի հետ եւ աշխատի, որ ֆրանսական աջակցութիւնը նոյն շրջանակի հայ ժողոփսրդին հետզհետէ աւելի դրական եւ աւելի հիմնաւոր դառնայ: