Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/737

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Պ. Վ. Թէքէեան. Թերեա մտածուի, որ եթէ Պ. Ահարոնեան գիտնար այդ ամենը, ծանօթ միջադէպը տեղի չէր ունենար, բայց եթէ նոյնիսկ գիտնար` չեմ կարծեր, որ տարբեր վարուեր, որովհետեւ փափաքը կը պակսի իր մօտ:

Պ. Զ. Պզտիկեան. Կարծեմ լաւագոյն բանը, որ կրնանք ընել Կիլիկիոյ համար, այնտեղ սկսած կամատրական շարժման ոյժ տալն է: Կիլիկեցտց քաղաքական ճակատագրին նկատմամբ վճռական քայլեր առնելու իրաւունքը ամէնէն առաջ իրենց կը պատկանի: Ասով չեմ ուզեր ուրանալ ո՛չ Պատուիրակութեան կատարելիք դերը, ո՛չ ալ Պատուիրակութեան իբր օժանդակ գործելու առաջադրութեամբ կազմուելիք յանձնաժողովի մը կարեւորութիւնը: Բայց այս վերջինը եւ Պատուիրակութիւնը Կիլիկիոյ ժողովուրդին հետ մշտապէս շփման մէջ մնալու են, որպէսզի այնտեղ եւ այստեղ եղած ջանքերը ներդաշնակ մնան, իրար չխաչաձեւեն: Դժբախտաբար, Քէ տ՚Օրսէի մեջ տեսակ մը կողմնակալ հակառակութիւն գոյութիւն առած է կիլիկեցւոց նկատմամբ: Ասիկա տեսանք միշտ ամեն անգամ, որ Կիլիկիոյ համար դիմում ըրինք: Պատճառը պարզ է անշուշտ: Քէ տՕրսէի մէջ Կիլիկիոյ նկատմամբ լիակատար տեղեկութիւններ չանին, այլ կ՚առաջնորդուին այնտեղէն եկող տեղեկագիրներէ, որոնք ընդհանուր կերպով աննպաստ են մերիններուն: Այս սխալ հասկացողութիւնը պէտք է դարմանել. եւ յետոյ՜ միշտ ամէնէն կարեւորը, պէտք է զօրացնել տեղոյն մէջ առաջ եկած կամատրական շարժումը, անոր ընծայելով թէ՛ նիւթական ոյժ եւ թէ՛ բարոյական, եթէ կ՚ուգէք' դիւանագիտական ոյժ:

Պ. Դաւիթ-Բէկ. Համաձայն եմ Պ. Թէքէեանի ըսածին:

Պ. Ա. Չօպանեան. Ես անգամ մըն ալ կը վերադառնամ առաջարկութեան մը, զոր ըրած եմ ասկէ առաջ: Պէտք է, որ այս Համագումարը նշանակալից կերպով մը արտայայտուի մասնաւորաբար Ամանոսի մէջ գոյութիւն առած Հանրապետութեան նկատմամբ: Մենք տեսանք, որ Հայասէրներու Համաժողովին մաս կազմող օտարներ որոնք Փարիզ հաւաքուած էին, այդ մասին ուղերձ մը ուղղեցին պետութեանց: Երբ օտարները այս տեսակ արտայայտութեան մը օգտակարութիւնը կը զգան, զարմանալի չէ. որ Պատուիրակութիւն եւ Համագումար անտարբեր մնան: Կառաջարկեմ, որ Համագումարն իր կարգին ուղերձ մը ղրկէ պետութեանց, Ամանոսի նորակազմ Հանրապետութեան եւ առհասարակ Կիլիկիոյ ամբողջութեան համար պահանջելով ինքնավար ռեժիմ մը՝ Ֆրանսայի հովանավորութեան տակ: Համագումարը պէտք է քաջալերէ նաեւ Ամերիկայի մէջ եղած ձեռնարկները Կիլիկիոյ կամաւորական շարժման գօրացման մասին: Երբ ինքնապաշտպանութեան գործին համար Պատուիրակութիւնը եւ Ս. Պատրիարքը Լոնտոնէն հեռագիր ուղղեցին Ամերիկա, մեծ խանդավառութիւն առաջ եկաւ եւ հարիւր հազարներով տոլար ղրկուեցաւ:

Պ. Ա. Թէրզիպաշեան. Յայտնի կ՚ըլլայ, որ Ֆրանսա զինուորական գործոդութեան մը պիտի ձեռնարկէ Սուրիոյ մէջ, եւ իր ալ փափաքն է հիմա, որ Կիլիկիոյ որոշ մէկ շրջանակին նկատմամբ ապահով ըլլայ: Այդ շրջանակը Ամանոսն է. կրնանք ասկէ օգտուիլ:

Պ. Մ. Տէրպէտէրեան. Ես պիտի խնդրէի մեր Նախագահէն, որ մանրամասն կերպով պատմէր այստեղ, թէ Զօրացեալ Պատուիրակութեան օրով երբ ինքը այնքան հեռատես ու ողջամիտ կարծիք մը յայտնած էր Հայկական Խնդրին մասին, ի՞նչ հիման վրայ իրեն դէմ արտայայտուեցան: Ընդհանուր կարծիքն այն է, որ մենք այդ միջոցին մեր բերնին ոսկորը ձգելով շուքին ետեւէն վագեցինք եւ մեր բերնին ոսկորն ալ վրայ տուինք: Պատմութեան համար գոնէ պէտք է արձանագրուին այս խնդրին մանրամասնութիւնները:

Համագումարին ներկայ անդամները ամբողջովին համամիտ գտնուեցան Պ. Տէրպէտէրեանի, եւ կրկնեցին անոր ըրած առաջարկութիւնը : Նորատունկեան էֆենտի. Թէեւ ժամանակը չէ այս խնդրով գբաղուելու, բայց ժողովիդ գոհացում տալու համար համառօտ ըսեմ, թէ ազգին քաղաքականութիւնը