Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/738

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ծագում առաւ հետեւեալ պարագաներում մէջ: Երբ 1918 Հոկտեմբերին զինադադար կնքուեցաւ եւ սկսան Փարիզ ժամանել զանազան պետութեանց եւ ազգերու Պատուիրակութիւններ. պէտք կար, որ Հայկական Պատուիրակութիւնն ալ ուժովնար: Ինչպէս կը յիշէք արդէն Պատուիրակութեան Շրջաբերականն ալ Համագումարի հրաւիրման մասին, կ՛ըսեր թէ Համագումարը սահմանուած է Ազգ. Պատուիրակութիւնը զօրացնելու: Երբ Զուեցերիայէն իբր պատգամաւոր Փարիզ եկայ, Փաշային հետ կը գործէին միայն Տիարք Մասեհեան Խան, Վարանդեան եւ Շանթ, քանի մը օր յետոյ եկան նաեւ Տիարք Տոքթ. Նեւրուզ Եգիպւոոսէն, Գ. Յակոբեան Մանչեսթրէն, ճէյմս Մալքոլմ Լոնտոնէն եւ որիշներ հետզհետէ: Իսկ Տիար Արտաւազդ Հանըմեան եղաւ ընդհանուր քարտուղար Պատուիրակութեան: Ես այն ատեն ըսի, որ էն առաջ պէտք է ծրագիր մը հաստատուի, թէ ի՞նչ կերպով առաջ պէտք է տարուի մեր ազգին դատը, եւ թէ ո՞ր պետութեան պիտի ապաւինինք մեր դատը յաջողցնելու համար: Որովհետեւ քիչ ետքը պիտի գումարուէր Խաղաղութեան Վեհաժողովը, պէտք էր որ ամուր դիրք մը ստեղծէինք մեզի համար, որպէսզի կարենայինք մենք ալ աթոռ մը գրաւել Վեհաժողովին մէջ ու մեր պահանջումները ընդունիլ տալ պետութեանց: Եւ ասիկա անհնար պիտի դառնար մեզի եթէ երբեք պաշտպան պետութիւն մը չունենայինք: Իմ գալէս առաջ Պատուիրակութիւնը յիշատակագիր մը տուած էր արդէն պետութեանց, որուն մեջ ցոյց տրուած էին նաեւ այն սահմանները, զորս պէտք է ունենար Հայկական Պետութիւնը: Այդ սահմանները կը ւոարածուէին Սել Շովէն մինչեւ Միջերկրական եւ կը պարունակէին այն երկրամասերը, որոնք վերջէն ստացան «Ամբողջական Հայաստան» ընդհանուր անունը: Ըսի թէ քանի որ այսքան ընդարձակ երկիր մը կը պահանջենք, անհրաժեշտ է, որ մեզի սրտակից օգնական պետութիւն մը ունենանք, եւ պէտք է հիմակուց խորհինք, թէ ո՞ր պետութիւնը կրնայ յարմարիլ մեզի: Ես խորհուրդ տուի, որ այս մասին ուշադրութեան առնենք նախ եւ առաջ Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ միջել 1916-ին կնքոււսծ համաձայնութիւնը, որուն վերջէն համակերպած էր նաեւ Իտալիա, քանի որ այս համաձայնութիւնը այդ տէրութեանց՝ Թուրքիոյ մեջ ունեցած բաժինները ճշդած էր եւ կրնար ուղղակի կերպով հետաքրքրել մեզ մեր ցանկութեանց իրականացման տեսակէտով: Այդ համաձայնութեան համեմատ, այն Ամբողջական Հայաստանը, զոր կը պահանջէինք, բաժնուած էր երկու մասի. Կիլիկիա եւ յարակից քանի մը նահանգներ ինչպէս Սեբաստիա, Խարբերդ, Տիարպէքիր, կը մնային Ֆրանսայի ազդեցութեան շրջանակին մէջ, իսկ Վերին Հայաստանը, այն է էրզրում, Վան, Պիթլիս կ՚ենթարկուէր Ռուսիոյ ազդեցութեան շրջանակին: Արդ, Ռուսիա վերջէն իր ստացած քաղաքական դիրքին բերումով այլեւս դեր չունէր խաղաղութեան դաշնագրին կագմութեան մէջ, որով Վերին Հայաստանի համար ամեն տեսակ կարգադրութիւն կարելի դարձած էր: Եւ որովհետեւ այսպիսով Կիլիկիա եւ միւս յարակից նահանգները կը մնային Ֆրանսայի ձեռքը, որ կարգ մը խոստումներ ըրած էր Պատուիրակութեան, ուրեմն, անոր հետ համաձայնելու առաջարկ ըրի Ամբողջական Հայաստանի կագմութեան համար: Մեր այս խորհրդակցութեան ընթացքին ըսողներ եղան, թէ Վերին Հայաստանի ամբողջ շրջանակին մէջ Անգլիա պիտի խաղայ մեծագոյն դերը եւ թէ անոր հետ ալ պէտք է համաձայնիլ: Առարկեցի, որ եթէ, երկու Հայաստան կուզենք՛ ի դէպ է անոր հետ բանակցիլ. բայց եթէ միակ Հայաստան մըն է մեր ուզածը, անհրաժեշտ պէտք է, որ բացարծակապէս եւ նւսխապէս համաձայնինք Ֆրանսայի հետ՝ խնդրին էական կէտերուն մասին: Առաջարկեցի նաեւ օրինակ առնել այն ազգերը, որոնք մեզի հետ նույն կացութեան մէջ կը գտնուէին: Չեխօ-սլովաքներու պարագան գրեթէ նոյնն էր մերինին հետ, եւ անոնք ճանչցուած էին իբր պետութիւն: Նոյնիսկ օտար հողի վրայ, Փարիզի մէջ կազմուած էր չեխօ-սլովաք դահլիճ մը, որ երկիր երթալու համար կը սպասէր պետութեան ազատագրութեան: Նոյնը կարելի էր ըսել Բոլոնիոյ համար ալ: Այս օրինակներուն վրայ յենուելով, ֆրանսացի մէկ քանի քաղաքական անձնատրութիւններ ալ խորհուրդ կու տային մեզի, որ մենք ալ չեխօ- սլովաքներուն պէս Հայաստանի կառավարութիւն մը կազմենք այստեղ: Խորհուեցաւ