Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/739

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

թէ արդեօք կարելի չէ՛ր այդ մտածումը իրականութեան դնել: Արդէն 1918 Նոյեմբեր 18- ին Ֆրանս-Արմենի Ընկերակցութեան նախագահ Պ. Կեռնիէի միջոցով ունկնդրութիւն մը ունեցած էինք արտաքին գործոց պաշտօնատան մէջ նախարար Պ. Բիշոնէն, զոր շահեկան է վերյուշել: Այդ ունկնդրութեան ներկայ գտնուեցան տասնչորս անձեր, ընդ որս՝ Պ. Կեռնիէ, Պ. Կու, Պ. Ֆրանքլին-Պոյյեոն, Ֆրանս-Արմենի Ընկերակցութեան կարետր անդամներէն մեկ քանին, ինչպէս Զօրավար Պայեյու, Պ. Պ. Օնօրա, Ֆերտինանտ Հերոլտ, Հանրի Քուլոն, էսքոֆիէ, Պեռլ, Մաքլէր եւ այլն, Պօղոս Փաշան, Յովհաննէս Խան Մասեհեան, Պ. Վարանդեան եւ ես: Պ. Կեոնիէ, թուելով հայոց կողմէ պատերազմին ընթացքին Կովկասի, Պաղեստինի եւ ուրիշ ճակատներու վրայ Դաշնակիցներուն ընծայուած զինուորական աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Օտար Լեգէոնի հայ կամաւորներուն գործունէութիւնը, յանուն Ֆրանս-Արմենի Ընկերակցութեան խնդրեց նախարարէն, որպէսզի հայ ժողովուրդը, որ իր այդ աջակցութեամբ արդէն գոյապէս /de facto/ պատերազմիկ ժողովուրդ դարձած էր, իրաւապէս /de juris/ նաեւ պատերազմիկ ճանչցոփ, որպէսզի կարենայ ԽաղաղութեաՕ Վեհաժողովին մէջ աթոռ ունենալ եւ պաշտպանել իր իրատւնքները: Պ. Բիշոն պատասխանեց, թէ Ֆրանսայի համակրութիւնը ամբողջովին հայոց կողմն է ել ինք անձնապէս կատարեալ պատերազմիկ ժողովուրդ կը նկատէ հայերը: Աւելցուց, որ Վերսայլի վէրջին Միջդաշնակցային Խորհրդաժողովին մէջ ինք պաշտպանեց հայերը պատերազմիկ ճանչնալու տեսակէտը, բայց Դաշնակից պատուիրակները, նկատելով որ զինադադարը կնքուած է, յարմար դատեցին ընթացք չտալ խնդրին: Պ. Բիշոն վստահեցուց նոյն ատեն, թէ Ֆրանսա պիտի պնդէ, որ հայերը աթոռ ունենան Խաղաղութեան Վեհաժողովին մէջ, եւ խնդրեց, որ Ազգ. Պատուիրակութիւնը առ այդ հայոց իրաւունքները հաստատող ծանօթագիր մը ներկայացնէ իրեն:[1] Այս

  1. Նորատունկեան էֆենտի ջնջեց հետեւեալ տողերը, զորս արտասանած էր այս խօսքերէն ետք. «... Փաշան այդ առթիւ յիշեցուց այն պայմանները, որոնց մէջ կագմուած էին հայ կամաւոր խումբերը, որոնք ֆրանսացւոց հետ կողք-կողքի կռուեցան Պաղեստինի ճակատին վրայ. յիշեցուց նաև այն ատեն Եղած խոստումը, թէ լայն ինքնավարութիւն մը պիտի տրուէր հայոց Կիլիկիոյ և սահմանակից նահանգներուն մէջ, ու զարմանք յայտնեց, թէ հիմա ինչպէս կը ժխտոփ հայոց պատերազմիկ ժողովուրդի հանգամանքը: Պ. Բիշոն անգամ մըն ալ կրկնեց, որ եթէ հայերը պատերազմիկ ժողովուրդ չեն հռչակուած և այդ մասին Ազգ. Պատուիրակութեան կողմէ Վերսայլի Միջդաշնակցային Խորհուրղին յղած խնդրանքը չէ ընդունուած, ատոր մէջ Ֆրանսա ղեր չունի, և թէ ինք աշխատած է ու պիտի աշխատի ղարձեալ, որ այդ արդարութեան հատուցումն ըլլայ հայոց: Ունկնդրութեան ընթացքին խօսք դարձաւ նաեւ Կովկասի մէջ տեղի ունեցած վերջին ջարդերոլ մասին, որոնց համար Փաշան ըսաւ, թէ թուրքերոլ դրդումով եղած են: Պ. Բիշոն, որ նոյնպէս այդ կարծիքն ունէր, հաստատեց, թէ դժբախտաբար ջարդերը աւելի մեծ ծաւալ ունեցած են, քան ինչ որ ծանուցած էին թերթերը, եւ աւելցուց, որ Ֆրանսա, անգլիական կառավարութեան հետ համախորհուրդ, որոշած է խիստ միջոցներ ձեռք առնել թուրքերուն դէմ, վերջ տալու համար կոտորածներում: Իր խօսքերէն առաջին անգամ այղ օրը յայտնի եղաւ, որ ֆրանսական և անգլիական կառավարութիւնները, թուրքերուն վրայ ճնշում բանեցնելու եւ զանոնք զգաստութեան բերելու համար, որոշած են Կ. Պոլիսը գրաւել: Փաշային կողմէ եղած պահանջման մը վրայ, որան համաձայն գտնուեցան թէ՜ Պ. Բիշոն եւ թէ Պ. Կու, նախարարը խոստացաւ «Հայկական Լեգէոն» անունը տալ ֆրանսական ղրօշի տակ ծառայող հայ կամաւորներուն, որոնք կը գործէին «Արևելեան Լեգէոն» անունին տակ, ինչպէս Փաշան ինքն իսկ պահանջած էր անոնց կագմութեան միջոցին, զգուշութեան համար, որպէսզի թուրք վարիչները բոլորովին չգրգռուին հայոց դէմ : Պ. Բիշոն խոստացաւ նաեւ, որ այդ Լեգէոնը ի հարկին պիտի արտօնոփ Հայաստան էրթալու, հայրենի հողին պաշտպանութեան համար: Ունկնդրութեան միջոցին խօսք դարձաւ նաեւ յարակից ուրիշ հարցերու մասին: Մասնաւորաբար Պ. Կու փափաքեցաւ վիճակագրական տեղեկութիւններ ունենալ Թուրքիոյ ընդհանուր բնակչոլթեան մասին: Յայտնեցի այս գործին դժուարութիւնը,