Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/740

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ունկնդրութենէն ետք, թէ՝ չեխօ-սլովաքներու նման կառավարութիւն կազմելու եւ թէ՝ յարակից խնդիրներու համար պէտք տեսանք իրաւագիտական խորհրդակցութիւն մը ունենալ, եւ Փաշան այդ նպատակով հրաւիրեց պելճիքացի ծանօթ իրաւագէտ Պ. Օթլէթը, որ զանազան տեսակէտներ պարզեց մեր մտահոգութեանց առարկայ եղող օրինական հարցերու մասին, ու գրաւոր ալյանձնեց իր խորհրդատոտւթիւնը:

Պ. Մ. Տէրպէտէրեան. Հայաստանի Հանրապետութիւնը գոյութիւն ունէ՞ր այդ միջոցին:

Նորատունկեան էֆենտի. Տեղեկութիւն չունէինք. ոեւէ յարաբերութիւն եւ թղթակցութիւն չկար Կովկասի հետ:

Պ. Վ. Թէքէեան. Քէրէնսքիի ի պատիւ Լոնտոն տրուած ճաշկերոյթին մէջ նոյնիսկ Պ. Վարանդեան բաղձանք յայտնած էր, որ Կովկասեան Հայաստանը ռուսական դաշնակցային պետութեան մաս կազմէ:

Նորատունկեան էֆենտի. Պ. ՕթլԷթի խորհրդատոտւթեան հետ զուգընթացաբար, յարմար դատեցինք նաեւ տեսակցութիւն մը ունենալ չէխօ- սլովաքներու Փարիզ կազմած դահլիճին մէջ արտաքին գործոց վարիչ Պ. Պէնէշի հետ: Այս տեսակցութիւնը, որքան որ կը յիշեմ, տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 28-ին, եւ ներկայ էին Պօղոս Փաշա, Մասեհեան Խան, Պ. Վարանդեան եւ ես: Պ. Պէնէշ յայտնեց, որ եթէ իրենք յաջողեցան պատերազմիկ ճանչցուիլ եւ աթոռի իրաւունք ստանալ յառաջիկային գումարուելիք Վեհաժողովին մէջ, ատիկա կը պարտին լոկ Ֆրանսայի ազդու պաշտպանութեան: Պ. Պէնէշ մեզի նկարագրեց իրենց գործունէութիւնը, պարզեց պետութեանց հետ իրենց ունեցած յարաբերութեանց եղանակները եւ աւելցուց, որ եթէ մենք ալ Ֆրանսայի ապափնինք՝ մեր բաղձանքները դիւրութամբ կրնան պսւսկուիլ: Իսկ առժամեայ կառավարութիւն կազմելու խորհուրդը չտուաւ, ըսելով, որ ատիկա կրնար օրինական առարկութեանց տեղի տալ, քանի որ պատերազմական վիճակը այլեա վերջ գտած էր, քանի որ մանաւանդ մենք պիտի ստիպուէինք այդ պարագային Ռուսական Հայաստանն ալ հաշուի առնել, մինչդեռ Դաշնակիցները որոշած էին անեղծ պահել Ռուսիոյ ամբողջութիւնը:

Այդ օրերը տեսակցութիւն մը ունեցանք նաեւ Արտաքին Գործոց Նախարւսրութեան Արեւելեան Բաժնի տնօրէն Պ. Կուի հետ, հասկնալու համար, թէ ի՞նչ կրնար ըլլալ ֆրանսական տեսակէտը՝ Ֆրանսայի հոգատարութեամբ Ամբողջական Հայաստանի մը կւսզմութեան մասին: Տեսակցութեան ներկայ էին Փաշան, Յովհաննէս Խան Մասեհեան, Պ. Շանթ եւ ես: Պ. Կու այդ հարցին նկատմամբ ըսաւ, թէ ոեւէ հրահանգ չունի իր նախարարութենէն, բայց իր անձնական մտածումը սա է, թէ կարելի եղածին չավւ ընդարձակ Հայաստան մը պէտք է պահանջենք, այսինքն Կիլիկիան ամբողջ, Մարաշի Սանճագն ու Ավազի, Խարբերդի, Տիարպէքիրի վիլայէթներուն մեծագոյն մասերը, Արղընիի հանքերն ալ մէջը ըլլալով: Բայց այսպէսով կազմուելիք Հայաստանին համար խորհուրդ տուաւ, որ ընդունինք Զուիցերիոյ նման դաշնակցային կազմութեան մը ձեւը, աշխատելով, որ դաշնակցային կեդրոնական խորհուրդին մէջ հայերը կազմեն մեծամասնութիւնը: Երկրին զանազան մասերուն մէջ, տեղ-տեղ, մեծամասնութիւնը կրնայ մնալ միւս տարրերում, օրինակ' քիւրտերուն, ըսաւ, կը բաւէ որ կեդրոնական խորհուրդին մեծամասնութիւնը ձեր ձեռքը ըլլայ. 40-50 տարիէն քիւրտերը եւ այլ տարրերը կը տկարանան՝ իբր յետամնաց ժողովուրդ, կը կորսնցնեն իրենց ոյժը, եւ դուք կը մնաք երկրին տէրը. ձեր մշակոյթը, ձեր յատկութիւնները երաշխիք են այս մասին: Գալով Ֆրանսայի աջակցութեան մանրամասնութեանց, Պ. Կու ըսաւ, թէ ֆրանսական կառավարութիւնը Հայաստան կրնայ ղրկել բարձր-քոմիսէր մը, ժանտարմըրիի պետ մը եւ սպաներ, հանրային կրթութեան, ելեւմտից եւ այլ ճիւղերու պէտք եղած քննիչներ ու մարզիչներ: Ըստ Պ.

այդ առթիւ երկար բացատրաթիւններ տալով այն եղանակին նկատմամբ, որով վիճակագրութիւնները կը պատրաստուին Թուրքիոյ մէջ»: