Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/741

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Կոփ, այս դրութիւնը պէտք է տեւէր մինչեւ այն ատեն, ուր Հայաստան ի վիճակի ըլլար մինակը կառավարելու ինքզինքը: Հայաստանի կառավարութեան ձեւը ազգը պիտի որոշէր եւ հայկական կառավարութիւնը օրէնսդրական իրատւնք պիտի ունենար լիովին: Պ. Կու ըսաւ նաեւ, թէ նոյնիսկ Ռուսական Հայաստանը կրնար մաս կազմել անոր, բայց աւեւցուց, որ ասիկա լոկ իր անձնական կարծիքն է:

Այն պետական կազմակերպութիւնը, զոր Պ. Կու կառաջարկէր մեզ, ներշնչուած էր հաւանաբար Սուրիոյ նկատմամբ պատրաստուած օրինագծէ մը, զոր ի ճեռին ունեցանք եւ որ Ֆրանսայի հաւանութեան ենթարկուած էր Սուրիական Կեդրոնական Քոմիթէին կողմէ: Բայց դաշնակցային դրութիւնը մեզի յարմար չերեւաց եւ ինչ-ինչ խորհրդածութիւններ ըրինք: Պ, Կու դիտել տուաւ, թէ հայ ժողոփսրդին թիլը շատ ստուար չէ բաղդատմամբ Հայաստանի մեծ տարածութեան եւ միւս տարրերու թիլին: Մասեհեան Խան ըսաւ, թէ մենք Հայաստան գոյացնել կուզենք եւ ոչ թէ խառն երկիր մը: Ստոր վրայ՝ խօսքը դարձաւ պզտիկ Հայաստանի մը կազմութեան մասին, եւ խօսակցութիւնը ստացաւ ոչ տաք համգամանք մը: Մասեհեան Խան հարցուց, որ եթէ Ֆրանսա ստանձնէ հոգատարութիւնը, ի՜նչ ընթացք պիտի բռնէ Հայաստանի մէջ, ի՜նչ կերպով պիտի կառավարէ զայն:

— Ոչ իշխան մը կրնանք տալ, ոչ ալ թագաւոր մը,- ըսաւ Պ. Կու, այլ լոկ ընդհանուր քոմիսէր մը:

Մասեհեան Խան պատասխանեց.

— Այո՛, ինչպէս Թունուզի տուած էք. ուրեմն գաղութի՞ պիտի վերածէք Հայաստանը:

Շատ հաճելի կերպով մը չբաժնուեցանք այդ օրը:

Նոյն իրիկունը Փաշային տունն էինք, նորէն կը կրկնէին, թէ Պ. Կոփ ծրագիրը պարզապէս Հայաստանը կլլելու կը միտի: Մասեհեան Խան փափաքեցաւ վերստին լսել իմ կարծիքս որոշապէս: Ըսի, որ առանց Կիլիկիոյ եւ Խարբերդի նահանգին՜ էապէս հայկական պետութիւնը կատարեալ չպիտի ըլլար, եւ իրաց վիճակը կը պահանջէ Ֆրանսայի հետ բանակցիլ եւ ընդունիլ տալ Հայաստանի պաշտպանութիւնը, որոշ պայմաններով: Աւելցուցի նաեւ, թէ ասիկա ոաումնասիրութեան կարօտ հարց մըն է, ի հարկէ պէտք է աշխատինք, որ Եգիպտոսի պէս բան մը չըլլայ Հայաստան, բայց վերջապէս կարելի է յաջողիլ յարատեւ ջանքերով, կը բաւէ որ սկզբունքն ընդունինք անգամ մը եւ աշխատինք պատշաճագոյն ձեւը գտնելու: Պ. Կոփ կարծիքը վերջնական չի կրնար ըլլալ, յարեցի, անկէ բարձր պաշտօնատարներ կան, որոնք համակիր ալ են մեր ազգին, կրնանք բանակցութեան մտնել անոնց հետ. այսպէս' օրինակի համար Պ. Բիշոնը, Պ. Քամպոնը, նոյնիսկ Պ. Քլէմանսօն, որ հայոց բարեացակամ է եւ որ սերտ յարաբերութիւն կը թոփ ունենալ Պօղոս Փաշայի հետ: Եւ որովհետեւ Պ. Քլէմանսօ ամէնազօրեղ դիրք մը ունէր, անձնապէս յոյս յայտնեցի, որ կարելի էր մեր բանակցութեանց մէջ յաջողիլ, ի հարկին օգտուելով նաեւ Քէ տ՚Օրսէի մէջ մեր ունեցած բարեկամներուն աջակցութենէն[1]: Պատուիրակութեան անդամները կը կարծէին, թէ կարելի պիտի ըլլայ Կիլիկիան ունենալ առանց Ֆրանսայի, եւ նոյնիսկ՜ հակառակ Ֆրանսայի, ուրիշ պետութեան մը, զոր օրինակ՛ Ամերիկայի միջոցաւ, ինչպէս կը յուսային: Իմ կարծիքս տարբեր էր, մանաւանդ սա տեսակէտով, որ Վեհաժողովին մէջ աթոռ մը չունենալով, միջոց չպիտի գտնէինք մեր իրատւնքները պաշտպանելու: Վերջապէս՜ համաձայնութիւն չգոյացաւ մեր միջեւ, եւ միայն որոշուեցաւ կատարել Հայաստանի անկախութեան յայտարարութիւնը, որան նկատմամբ հարկ դատեցինք հասկնալ, թէ Պ. Քլէմանսոյի տրամադրութիւնները ի՞նչ պիտի ըլլան: Քիչ ետքը Փաշան

  1. Նորատունկեան էֆ. ըսաւ նաև. «Մերժեցին իմ կարծիքս, եւ նորէն «կլլել» բայը խոնարհուեցաւ թէ՛ Փաշային, թէ՛ Պ. Շանթի եւ թէ՛ Մասեհեան Խանի կողմէ»: Վերջէն վերցուց այս պարբերութիւնը, իր յայտնութիւնները թեթեւցնելու համար: