Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/742

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

հաղորդեց, թէ անձի մը միջոցաւ, որուն անունը չի կրնար տալ, ստացած է Պ. Քլէմանսոյի պատասխանը սապէս թէ՛ ինծի անձնապէս խորհուրդ չի տար, որ հայերը անկախութխն յայտարարեն, բայց եթէ ընելու ըլլան՛ չպիտի հակառակի: Այս պատախանին մէջ հակառակելու տրամադրութիւն չըլլալուն, Նոյեմբեր 30-ին Հայաստանի անկախութեան հռչակման ծանօթ գիրը ղրկուեցաւ պետութեանց: Իսկ առժամեայ դահլիճ կազմելու գաղափարը, տրուած հանգամանքներում մէջ, բոլորովին մէկդի թողուեցաւ:

Պ. Ն. Տէր-Ստեփանեան. Երանի թէ կազմած ըլլայիք:

Նորատունկեան էֆենտի. Անկախութեան յայտարարութիւնը յատուկ անձի մը միջոցաւ ղրկուեցաւ Լոնտոն: Անգլիական կառավարութիւնը գրատրապէս պատասխանեց, թէ «ստացանք ու կ՛արձանագրենք» /Nous en prenons note/, ինչ որ չհակառակելու նշան է, բայց ոչ բացարձակ հաւանհւթեան. որովհետեւ այս վերջին պարագային պէտք էր ըսուած ըլլար՝ «նկատողութեան կ՛առնենք» /Nous en prenons acte/: Իսկ Ֆրանսա եւ Իտալիա պատասխան չտուին: Միայն՝ իտալական խորհրդարանին մէջ Հայաստանի իրաւունքները հռչակուեցան ծափահարութիւններով:

Պ. Վ. Թէքէեան. Այդ միջոցին Պ. Տամատեան Իտալիա կը գտնուէր, բայց իրեն լուր տրուած չէր, թէ այդ տեսակ գիր մը ուղղուած է իտալական կառավարութեան: Շատ նեղացած էր ասոր համար, ու վերջէն ըսաւ, որ եթէ տեղեկութիւն ունեցած ըլլար, տեղին վրայ կաշխատէր պատասխան մը ստանալու եւ կը յաջողէր ալ: Չեմ գիտեր, թէ Փաշան ի՞նչ դիմում ըրաւ այստեղ անձնապէս:

Նորատունկեան էֆենտի. Այդ միջոցին բոլոր տեսակցութիւնները Փաշային կողմէ կ՛ըլլային՜ իբր Պատուիրակութեան Նախագահ, երբեմն Մասեհեան Խան միասին կերթար: Դեկտեմբեր 10-ին Ազգ. Պատոփրակութիւնը նիստ մը ունեցաւ, որուն ներկայ էինք՛ Փաշան, Յովհաննէս Խան Մասեհեան, Տոքթ. Նեւրուզ, Պ. Շանթ, Պ. Վարանդեան եւ ես: Փաշան, որ կը նախագահէր, կարդաց Պ. Սվազլըի կողմէ իրեն հասած նամակ մը, որմէ կը հասկցուէր թէ Տոքթ. Պարթընի դիմումին վրայ՛ արտաքին գործոց նախարար Պ. Լանսինկ բացորոշապէս յայտարարած է, թէ ամերիկեան կառավարութիւնը երբեք չի կրնար ընդունիլ Հայաստանի հոգատարութիւնը: Փաշան՝ աւելցնելով, թէ Պ. Քլէմանսօ ալ գգացուցած էր ատիկա իրեն, յիշեցուց, թէ նախագահ Ուիլսոն երեք օրէն Փարիզ կը ժամանէ եւ թէ անհրաժեշտ է, որ կարելի եղածին չափ շուտով որոշում մը տրոփ այս հոգատարութեան խնդրին նկատմամբ: Նկատի առնելով Պ. Լանսինկի մերժումը, Փաշան այն գաղափարը յայտնեց, թէ Կիլիկիոյ եւ սահմանակից վիլայէթներու մասին պէտք է վերադառնալ 1916-ին Ֆրանսայի ստանձնած յանձնառութեան եւ անոնց համար խնդրել Ֆրանսայի հոգատարութիւնը, բայց ո չ թէ Պ. Կուի կողմէ արտայայտուած գիծերով, որոնց գործադրութիւնը կցման համարժէք կը նկատէր: Պօղոս Փաշա կառաջարկէր նամակով մը մերժել այդ ծրագիրը եւ յանձնառութիւն յայտնել ընդունելու աջակցութեան շատ թեթեւ ձեւ մը, որուն մեծ գիծերը կրնայինք սահմանել՝ եթէ երբեք ֆրանսական կառավարութիւնը սկզբունքով ընդունէր այդ ձեւը[1]: Իսկ Վերին եւ Կովկասեան Հայաստանի համար՝ Փաշան

  1. Իրականութեան մէջ՝ Փաշան այդ նամակը գրած էր արդէն Նոյեմբեր 30-ին, Պ. Կուի հետ Քէ տ՚Օրսէի մէջ տեղի ունեցած տեսակցութենէն երկու օր վերջ, բնական է՝ Յովհաննէս Խան Մասեհեանի եւ Պ. Լևոն Շանթի ազդեցութեան տակ, եւ այն տեսակ կտրուկ ձևով մը, որ նոր բանակցութեանց պէտքին ակնարկելով հանդերձ՝ յետագայ բանակցութեանց դռները կը գոցէր: Դեկտեմբեր 10-ին, այսինքն՝ նամակին ղրկելէն 10 օր վերջ երբ ժողովին մէջ այս կարգի նամակ մը ղրկելու անհրաժեշտութիւնը կը զգացնէր Նորատունկեան էֆենտիի եւ միա ժողովականներուն, որոնք տեղեկութիւն չունէին նամակին ղրկուած ըլլալէն, Փաշան պարզապէս կատարուած իրողութիւն մը վաւերացնել տալու, ինքնագլուխ՝ կամ մէկ-երկու ժողովականներու միայն գիտակցութեամբ և քիչ մը չափազանց հապճեպով տեղի ունեցած