Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/743

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

առաջարկեց Անգլիոյ աջակցութիւնը փնտռել: Իր ծրագրին համեմատ՝ Ամբողջական Հայաստանի հոգատարութիւնը պիտի կատարուէր՝ արեւմտեան մասին համար Անգլիոյ կողմէ անջատաբար: Փաշային ծրագիրը երկու անջատ Հայաստաններու մասին' զիս չէր խանդավառեր, բայց համամիտ էի ազգին դիրքը ճշդելու եւ ժամ առաջ ծրագիր մը ընտրելու մեր ունենալիք քաղաքականութեան մասին: Երբ իմ կարծիքս ուզուեցաւ, չծածկեցի, թէ Ֆրանսան կը նախընտրեմ իբր աջակից պետութխն Ամբողջական Հայաստանի, եւ բացատրելով իմ նախընտրութեանս պատճառները, տրամադրութիւն յայտնեցի առ այդ ծրագիր մը բերել՝ եթէ Պատոփրակութեան անդամները սկզբունքով համամիտ ըլլային: Այս առաջարկութիւնս ընդունուեցաւ, եւ յաջորդ նիստին բերի ծրագրի նախագիծ մը, որուն մէջ պայմաններ ցոյց տուած էի աջակից պետութեան կողմէ՝ որ Ֆրանսան պիտի ըլլար՜ Հայաստանի տրուելիք աջակցութեան: Իմ ծրագրիս համեմատ՛ Ամբողջական Հայաստանը /Թուրքիոյ հայկական նահանգները, Ռուսական Հայաստանը, Կիլիկիան, եւայլն/ պիտի ճանչցուէր ազատ ու անկախ պետութխն, Ազգերոլ Ընկերութեան երաշխաւորութեամբ, եւ Ընկերութեան մասնաւոր «մանտա»յով՝ Ֆրանսա պիտի ստանձնէր ժամանակաւոր աջակցութիւն մը, որուն տեւողութիւնը պիտի որոշէր Խաղաղութեան Վեհաժողովը: Չեմ մտներ մանրամասնութհանց մէջ. բայց քանի մը բառով ըսեմ, որ իմ մտածումս եղած էր թէ՝ Ամբողջական Հայաստանի պետութեան հաստատութիւնն ու ճանաչումը եւ թէ՝ Ֆրանսայի բարոյական ու նիլթական օգնութիւնը ապահովել: Ես կ՚ուգէի, որ ժամանակի մը համար, զոր օրինակ՝ հինգ կամ տասը տարի, ֆրանսացի մը կառավարէ մեր երկիրը, եւ այդ ֆրանսացին մենք ընտրենք եռանուն ցանկի մը վրայէն, որ մեզի տրուի ֆրանսական կառավարութեան կողմէ, իբր նախագահ, բարձր-քոմիսէր, կամ ուրիշ ոեւէ անունով մը:

Պ. Վ. Թէքէեան. Կը յիշեմ, որ ձեր մտածումն էր առաջարկել Պ. ժօնառը՝ Ալճերիոյ նախորդ ընդհանուր կուսակալը, բոր այնքան մեծ անուն մը թողուց:

Նորատունկեան էֆենտի. Ամեն պարագայի մէջ՝ ընտրութիւնը մենք պիտի ընէինք: Ես կը խորհէի, թէ ֆրանսական ազգը, նկատի առնելով իր ասպետական տրամադրութիւնները, ամենայն սիրով պիտի աջակցէր մեր պետութեան բարգաւաճման ու զօրացման, եթէ երբեք ֆրանսացի մը ըլլար Հայաստանի գլուխը: Իմ ծրագրիս համաձայն՛ երկրին պետական լեզուն եւ դրօշը, ինչպէս նաեւ դրամները հայկական պիտի ըլլային, Դաշնակից պետութիւնները իսկոյն գրաւման պիտի ենթարկէին հայկական հողերը, անոնցմէ հեռացնելով ո՛չ միայն թուրք զօրքերը, այլ նաեւ՝ անդորրոլթիւնը վրդովող տարրերը: Ֆրանսա դրամ փոխ պիտի տար երկրին մէջ տիրող թշուառութիւնը բառնալու համար, երկրին վերականգնութեան պիտի ձեռնարկէր՜ հայթայթելով ո՜չ միայն անհրաժեշտ գումարները, այլ նաեւ՝ պաշտօնեաներն ու մասնագէտները, պիտի կազմէր ու մարզէր բանակը, Հայաստանի բնական հարստութիւնները պիտի օգտագործէր ի նպաստ պետութեան ու ժողովուրղին, պետութեան անհրաժեշտ փոխառութխնները պիտի երաշխաւորէր, եւ Խաղաղութեան Վեհաժողովին մէջ ոյժ պիտի տար մեր հատուցման իրաւունքին, ինչպէս նաեւ հայկական ջարդերու եւ տեղահանութեանց հեղինակները պատմելու պահանջման: Երբ այս ծրագիրս կարդացուեցաւ, Փաշան ըսաւ, որ «Բնաւ չեմ հաւանիր այս տեսակ ծրագրի մը. կատարելապէս միակողմանի /unilateral/ է, եւ Ֆրանսա երբեք չպիտի ընդունի զւպն»: Այսինքն՝ ըսել ուզեց, որ իմ ծրագիրս մեզի համար շատ նպաստաւոր էր, բայց Ֆրանսա չէր կարող ընդունիլ զայն: Պատոփրակութեան անդամներէն մէկը ըսաւ, թէ ինչպէ՞ս օտար մը կրնանք դնել

շատ ծանրակշիռ արարքի մը պատասխանատուութիւնը միանգամայն բոլոր ժողովականներուն բաժնել տալու փորձ մըն էր որ կընէր, այս մասին լռեկ համամտութիւնը ունենալով Մասեհեան Խանի եւ Պ. Շանթի, որոնք գիտէին նամակին ղրկուած ըլլալը: