Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/744

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Հայաստանի գլուխը: Պատասխանեցի, թէ ատիկա առժամանակեայ բան մըն է, թէ մենք մեր ուզածը ընտրելու ազատ պիտի ըլլանք, ու նոյն ատեն յիշեցուցի օրինակը շատ մը երկիրներու որոնք իրենց գլուխը օտարներ ունենալով սկսան, եւ որոնք անկախ ու զօրեղ պետութիւններ դարձան, ինչպէս Յունաստան, Պուլկարիա, եւ այլն: Անկեղծօրէն ըսելով, նոյն օրը ծրագիրս խորապէս չքննուեցաւ[1]: Եւ որովհետեւ Փաշան համակարծիք չէր ինծի, առաջարկեցի իրեն, որ ինք ալ ծրագիր մը բերէ ու ենթարկէ խորհրդակցութեան: Յետագայ նիստերուն մէջ Փաշան ծրագիր մը բերաւ, որ նոյնպէս հւսւանութիւն չգտւսւ:[2] Պատուիրակութեան անդամներէն ոմանք, ընդ որս Պ. Շանթ, արտայայտուեցան տարբեր ուղղութեամբ, այսինքն՝ գոհանալ Ամբողջական Հայաստանի անկախութեան յայտարարութեամբ որ եղած էր Նոյեմբեր 30-ին, այդ Յայտարարութեան իրականացման գործն ու կազմուելիք հայկական պետութիւնը ենթարկելով ընդհանուր Դաշնակիցներու պաշտպանութեան:

Այս տարակարծութիւնները տեւեցին տակափն քանի մը նիստ, ու կարելի չեղաւ վերջնական որոշման գալ, որով խնդիրը այդպէս անլոյծ մնաց, հակառակ իմ պնդումներուս, թէ ժամանակը անգին է եւ գործը՜ ստիպողական: Գիտէք անշուշտ, թէ ի՞նչ հետեւանք ունեցան այս առաջարկներս, քանի որ իրողութիւնը արձագանգ գտաւ մինչեւ Համագումարին մէջ:[3]

Պ. Ն. Տէր-Ստեփանեան. Այո՛, ո՛չ միայն հակառակեցան ձեզի, ըսին թէ ֆրանսամոլ էք, այլ նաեւ ձեզ նախատելու, զրպարտելու չափ առաջ գացին: Կը յիշեմ մասնատրաբար միջադէպ մը, որ տեղի ունեցաւ ճիշդ Փարիզ հասած օրս, այսինքն՝ 1918 Դեկտեմբեր 30-ին, միջադէպ, որ ցոյց կու տայ, թէ ի՞նչ մտայնութիւն կը տիրէր այն ատենուան Պատուիրակութեան մէջ: Ասիկա առաջին տպատրութիւնն է, զոր կրեցի Փարիզի մէջ մեր ներկայացուցիչներէն, եւ որուն որչաւի շինիչ ըլլալը ձեզի կը թողում դատել: Յանկարծ Պ. Վարանդեան ամբաստանող ձայնով մը եւ կիրքով յայտարարեց, որ Պատուիրակութեան մէջ ամեն խօսուած Քէ տՕրսէէն կը գիտցուի, եւ հետեւաբար, Պատուիրակութեան մէջ գտնուող անձերու միջոցաւ է, որ կ՚ըլլայ այս բանը: Ես անմիջապէս հասկցւսյ, որ ամբաստանութիւնը ուղղուած էր Պ.Նորատունկեանի եւ Պ. Մալքոլմի, որոնք լաւագոյն նկատեցին լռել: Քիչ ետքը սակայն' Պօղոս Փաշա, խօսքն ուղղելով Պ. Նորատունկեանի, ըսաւ. «Excellence! Եթէ կ՚ուզէք Պատուիրակութեան նախագահութիւնը ստանձնել, ահաւասիկ իմ աթոռս, գրաւեցէ՜ք զայն»: Պ. Նորատունկեան մէկ խօսք միայն ըրաւ, որ հետեւեալն էր. «Excellence! Ի զուր մի՛ բարկանաք, Ձեր առողջութիւնը չափազանց թանկագին է ազգին համար»: Նուպար Փաշայի այդ խօսքերը կ՛ապացուցեն, թէ իր մէջ գոյացուցեր էին այն համոզումը,- աւելորդ է ըսել որո՞նք,- որ իբր թէ Պ. Նորատունկեան կ՚ուզէր Քէ տ՚Օրսէի միջոցաւ զինքը տապալել եւ իր տեղը գրաւել: Իսկ Պ. Վարանդեանի ամբաստանութեանց լրջութիւնը կարելի է դատել այն միւս միջադէպէն, որ երկու ամիս

  1. ճիշդ ու ճիշդ ըսաւ. «Անկեղծօրէն ըսելով՝ վշտացայ, որ առանց ծրագիրս խորապէս քննելու, այդքան փութկոտ կարծիք մը յայտնուեցաւ Փաշային կողմէ»: Վերջէն թեթևցուց այս պարբերութիւնը՝ վերի ձևով:
  2. Նորատունկեան էֆ. ըսաւ նաեւ. «Փաշային ծրագիրը հիմնուած էր Երկու տարբեր հոգատարութեամբ երկու անջատ Հայաստաններու կազմութեան վրայ»: Վերջէն ջնջեց այս տողերը:
  3. Նորատունկեան էֆ. բառ առ բառ հետևեալն ըսաւ այս մասին. «Հասկցուցի իրենց, թէ շատ սխալ կը մտածեն, որուն վրայ՝ բոլորովին սրեցաւ իրենց հակառակութիւնը ինծի դէմ, ըսին թէ ֆրանսամոլ եմ, և այսքանով ալ չբաւականացան, մինչև իսկ զիս նախատելու չափ առաջ գացին, գրպարտեցին ալ, վերջապէս ծանօթ է ձեզի մնացածը, որ իր արծագանգը ունեցաւ նաև Համագումարին մէջ»: Վերջէն թեթևցուց այս պարբերութիւնը՝ վերը արձանագրուած կերպով: