Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/745

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

վերջ պատահեցաւ Համագումարին մէջ եւ զոր կը յիշէք անշուշտ: Օր մը Պ. Վարանդեան ձեռքը բռնած «Լա Ֆրանս էքսթէրիէօր» լրագրին մէկ թիլը, եւ ակնյայտնի կերպով ակնարկելով Համագումարի Նախագահ Պ. Նորատունկեանի, կուզէր հաստատել, թէ այդ թերթին մէջ հրատարակուած յօդուածի մը ներշնչումը բղխած է Համագումարի մէկ անդամէն: Ինչպէս կը յիշէք, այդ միջադէպին յաջորդ օրն իսկ նոյն թերթին մէջ հրատարակուած յօդուած մը, որ «Les Hommes de Platre» /Գաճէ Մարդիկը/ վերնադիրը կը կրէր, այդ յորջորջման տակ կը նոյնացնէր Պօղոս Փաշան եւ Պ. Նորատունկեանը, երկուքն ալ ամբաստանելով իբր հեղինակ հայոց հակաֆրանսական քաղաքականութեան:

Նորատունկեան էֆենտի. ամերիկեան հոգատարութեան խնդիրը այս անցուդարձերէն ետքն է, որ ծագում առաւ:

Պ. Գ. Սինապեան. Անկէ վերջ դարձեալ տեսակցութիւն ունեցա՞ք նախարարներու կամ ուրիշ պաշտօնական անձնաւորութեանց հետ: Նորատունկեան էֆենտի. Ոչ. բնաւ մէկուն չգացի:

Պ. Ա. Թէրգիպաշեան. Իսկ ամերիկեան հոգատարութեան մասին ի՞նչ կը խորհէիք:

Նորատունկեան էֆննտի. Ըսի, թէ տար Աստուած, որ չխաբուէինք: Մէկ կողմէ՝ ինձի դժուար կը թուէր, որ Ֆրանսա համակերպի Ամերիկայի թողուլ Կիլիկիան, միւս կողմէ՛ կը յիշէի, որ Ամերիկա Մոնրոյի վարդապետութիւնն ունի, ամերիկացիք կրթուած են այդ վարդապետութեան ոգուով, եւ անհաւանական էր, որ յօժարութիւն ունենան Ամերիկայի սահմաններէն դուրս գտնոտղ կնճռոտութեանց խառնուելու եւ հոգատարութիւն ընդունելու: Իմ անխախտ համոզումս էր ասիկա: Բայց եթէ այս համոզմանս անունով պայքարէի, աշխատէի, մեր մէջ առաջ պիտի գար շատ վնասակար պառակտում մը, անանկ ատեն մը, երբ մեր ազգին համար միութիւնը առաջին անհրաժեշտ բանն էր: Այս ազգային գերագոյն շահուն սիրոյն նախընտրեցի լռել, եւ բոլորովին քաշուեցայ:

Պ. Դաւիթ-Բէկ. Այնքան որ ատիկա նոյնիսկ օտարներուն աչքին զարկաւ: Փաշան օր մը ինծի ըսաւ, թէ Պ. Կու հարցուցած էր, որ ինչո՞ւ այլեւս առիթ չունենար Պ. Նորատունկեանը տեսնելու:

Նորատունկեան էֆենտի. Ամերիկեան հոգատարութեան մասին կարելի էր խորհիլ զինադադարէն առաջ, պայմանաւ, որ հնարատր ըլլար Ամերիկայի պարտագրել այդ տեսակ յանձնառութիւն մը: Այս մասին պարագայ մը կայ, զոր առիթ է յայտնելու ժողովիդ: Զինադադարէն 5-6 ամիս առաջ Զուեցերիա եկան ֆրանսական եւ անգլիական առաքելութիւններ: Ինծի ալ այցելեցին, հարցուցին, թէ ի՞նչ կը մտածէի Թուրքիոյ հետ հաշտութեան մը եւ ընդհանուր առմամբ՜ Հայաստանի ապագային նկատմամբ: Թուրքերու նկատմամբ մտածածս ըսելէ յետոյ, իրենց խնդրանքին վրայ' գրաւոր՝ թէեւ առանց ստորագրութեան, տոփ իմ խորհուրդս, թէ ցանկալի էր, որ Ֆրանսա եւ Անգլիա համաձայնին Ամերիկայի առաջակին եւ ընդունիլ տան Հայաստանի հոգատարութիւնը: Այդ գրութեան մէջ պատճառաբանած էի, թէ ինչո՞ւ Ֆրանսա եւ Անգլիա պէտք էր նոյնիսկ պատերազմի միջոցին ընդունիլ տային Ամերիկայի՝ Հայաստանի հոգատարութիւնը: Ըսել կ՛ուզեմ, որ անհատապէս ամերիկեան հոգատարութեան դէմ չէի, եթէ կանխաւ, առաջին օրէն, ընդունած ըլլար, եւ պարտադրիչ եղանակով մը: ժամանակ ետքը՝ երբ Փարիզ եկանք, Պ. Փաստրմաճեան նոր դարձած էր Ամերիկայէն եւ, ինչպէս անկէ ալ գրած էր նախապէս, միշտ այն համոզումն ունէր, թէ Ամերիկա չպիտի ընդունի Հայաստանի հոգատարութիւնը: Ուրիշ անձնաւորութիւններ ալ, թէ’ եւրոպացի եւ թէ՜ ամերիկացի, այդ համոզումը ունէին: Տոքթ. Պարթըն եւ Ար. Մորկընթաու կը պաշտպանէին ուրիշ կարգադրութիւն մը, որուն համաձայն՝ Ամերիկա պէտք էր ստանձնէր ո՛չ թէ լոկ Հայաստանի, այլ՝ ընդհանուր Թուրքիոյ հոգատարութիւնը: Ո՛չ մէկը կապահովցնէր, թէ