Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/746

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ամերիկա պիտի կրնայ ընդունիլ առանձին Հայաստանի հոգատարութխնը: Անգլիայէն ալ այդ միջոցին Փարիզ հասած էր «Թայմզ»-ի խմբագիր Մր. Սթէտ, որուն հետ տեսնուեցանք: Ան ալ թերահաւատ էր այդ մասին, ինչպէս մեր լաւագոյն անգլիացի բարեկամը՝ Լորտ Պրայս: Երկուքն ալ խորհուրդ կու տային, որ Ֆրանսայի մօտենանք: Տակաւին ուրիշ շատեր ալ կային: Երբ մենք, Զօրացեալ Պատուիրակութեան մէջ, այս խնդիրն սկսանք քննել, այս բոլորը սեղանի վրայ էին: Ըսի, որ ես ալ կը նախընտրէի Ամերիկան, ինչպէս էն առաջ խորհած էի անոր մասին, բայց այլեւս շատ տարակուսելի էր, թէ կ՛ընդունի: Մանաւանդ, որ Ամերիկայի ընդունիլը շատ երկար ամիսներու կարօտ էր, մինչդեռ Հայաստանի պէտք էր ամէնաանմիջական օժանդակութիւն: Տետոյ կար 1916-ի Համաձայնութիւնը, որ ի սկզբանէ ինծի անյայտ էր, եւ որ Ֆրանսայի վճռական դեր մը կու տար Կիլիկիոյ եւ շրջակայ հողամասերուն մէջ: Եւ Լորտ Պրայս՝ աւելի այդ նկատումով մեզի խորհուրդ կու տար, որ անգլիական հոգատարութեան վրայ չխորհինք ու Ֆրանսան նախընտրենք:

Պ. Ռ. Որբերեան. Հապէշիսթանի եւ ճիպութիի հայ գաղութն ալ զինադադարէն ետք գիր մը ուղղեց թէ՛ նախագահ Ուիլսոնի, թէ՛ Պ. Պ. Քլէմանսոյի, Լլոյտ ճորճի, Օրլանտոյի, եւ Պապին ալ, խնդրելով, որ Ամբողջական Հայաստանը կազմուի իր պատմական սահմաններուն մէջ: Իտալական կառավարութեան պատասխանը շատ լաւ էր եւ կը խոստանար բոլոր կարելին ընել այդ նպատակով: Ֆրանսա իր պատասխանին մէջ կըսէր, թէ վերջ պիտի տան հայոց դէմ կիրարկուած հարստահարութեան դրութեան, բայց անկախութեան խօսք չէր ըներ բնաւ: Պատասխան տուաւ նաեւ Անգլիան:

Նորատունկեան էֆենտի. Ի՞նչ ձեւով պատասխանեց անգլիական կառավարութիւնը:

Պ. Ռ. Որբերեան. Ընդունած ըլլալը ծանուցած էր, աւելցնելով, թէ «Բովանդակութիւնը արձանագրուած է» /Le contenu est note/:

Պ. Ա. Չօպանեան. Նախկին Զօրացեալ Պատուիրակութեան այդ համբաւաւոր նիստին, ուր Պօղոս Փաշայի, Նորատունկեան էֆենտիի եւ Դաշնակցականներու ծրագիրները ներկայացուեցան, ես ներկայ չէի, որովհետեւ այդ միջոցին Պատուիրակութեան անդամ չէի: Ինծի պատմող ալ չէր եղած անկէ ի վեր: Բայց մեր Պատուիրակութեան նիստերէն մէկուն մէջ, ասկէ 5-6 ամիս առաջ, օր մը, Փաշան բերաւ եւ կարդաց այդ երեք գրութիւնները: Նորատունկեան էֆենտիի առաջարկութեան մասին կերեւայ, թէ այդ նիստին մէջ հեգնողներ եղեր են, թէ ֆրանսացիներէ աւելի ֆրանսացի կ՚ըլլայ, քանի որ Ամբողջական Հայաստանի Հանարապետութեան համար ֆրանսացի նախագահ կ՛ուզի: Նորատունկեան էֆենտիի ծրագիրը սակայն՝ ֆրանսական հոգատարությամբ Ամբողջական Հայաստան մը կազմելու մասին, շատ կարելի բան մըն էր քանի որ, ըստ Պ. Մալքոլմի, անգլիացիք ալ չպիտի հակառակէին ատոր՝ որոշ պայմաններով: Միւս կողմէ, բարձր-քոմիսէրին ֆրանսացի մը ըլլալը առաջին շրջանին համար անպատեհութիւն մւ չէր ներկայացներ, քանի որ այդ անձնաւորութիւնը, ըստ Նորատունկեան էֆենտիի ծրագրին, հայոցմէ պիտի ընտրուէր: Ել արդէն, եթէ Ամերիկա ընդունէր Հայաստանի հոգատարութիւնը, միթէ՞ չպիտի՞ նշանակէր բարձր-քոմիսէր մը, որ ապահովապէս պիտի ըլլար ամերիկացի մը:

Նորատունկեան էֆենտի. Չմոռնամ ըսելու, որ այդ ծրագիրը պատրաստելէ առաջ, անձնապէս առիթ ունեցած էի իմանալու կարգ մը ֆրանսացի եւ ականաւոր անձերու կարծիքը: Ոմանք վաղուց ծանօթներս էին, ինչպէս Երեսփոխանական ժողովոյ նախագահ Պ. Տէշանէլ, նախկին նախարարապետ Պ. Վիվիանի, նախկին նախարար Պ. Բէնլըվէ, եւայլն: Տեսած ֆրանսացիներիս ո՛չ մէկը հակառակած էր այդ գաղափարին: Պատուիրակութեան ծանօթ գումարումէն վերջն ալ, որուն ընթացքին այդ ծրագիրը բերած էի, գացի Պ. Վիքթոր Պեռարի եւ ծրագիրը ներկայացնելով հարցուցի, թէ ի՞նչ էր իր կարծիքը այդ մասին: Ըսաւ, թէ ատիկա պատուական կամուրջ մըն է, որուն վրայէն Ֆրանսա հայոց եւ հայերը Ֆրանսայի կրնան ձեռք տալ, իրարու