Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/747

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մեծապէս մերձենալով: Չմոռնանք, որ Պ. Պեռար սկզբունքով հակառակ էր ֆրանսական միջամտութեան Արեւելքի մէջ ծաւալման. բայց նորէն ծրագիրը անգործնական չգտաւ, մանաւանդ երբ իրեն հասկցուցի, թէ մենք դժուար թէ կարենանք մեր անկախութիւնը իրականացնել առանց օգնական պետութեան մը, եւ թէ այդ օգնական պետութիւնը կրնայ ըլլալ Ֆրանսան. որան մշակոյթը այնքան ընտանի է մեգի, գոր վարժուած ենք սիրելու, եւ որ արդէն մեզի հանդէպ յանձնառութիւն մը ստանձնած էր 1916-ի Համաձայնութեան կնքման առթիւ:

Պ. Ա. Չօպանեան. Պօղոս Փաշայի ծրագիրն ալ գործնական էր, ու նոյնիսկ աւելի գործնական էր թերեւս, թէպէտ Ամբողջական Հայաստանը երկու մասի բաժնուած կ՛ըլլար ատով: Խնդիր է արդէն, թէ օր մը պատմութիւնը չպիտի* մեղադրէ մեզ այս Ամբողջական Հայաստանի չափագանց գեղեցիկ գաղափարին համար, որուն երեսէն հայ ժողովուրդը այնքան մեծ կորուստ մը ունեցաւ: Պօղոս Փաշան համամիտ էր անոնց, որոնք կուզէին օգտուիլ բնավայրին այս կամ այն մասերուն մէջ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող եւ անմիջական շահ ունեցող տէրութիւններէն, ձգտելով ստանալ Անգլիոյ հոգատարութիւնը Մեծ Հայաստանի համար եւ Ֆրանսայինը՝ Փոքր Հայաստանի համար: Իսկ Դաշնակցականները կ՛ըսեին, թէ ֆրանսա տկարացած ագգ մըն է, միւսիւլմանական ուղղութեան կը հետեւի, էմբէրիալիսթ է, թէ իրական անկախութիւն չպիտի տայ, այլ՝ Հայաստանը պիտի վերածէ Թունուգի պէս գաղութի մը, եւ խորհուրդ կու տային չաճապարել Ֆրանսայի հետ կապուելու, եւ Ամբողջական Հայաստանի հոգատարութիւնը տալ կա՜մ Ամերիկայի եւ կա՛մ Անգլիոյ: Վերջնական որոշում մը տալէ առաջ կը յանձնարարէին սպասել բոլոր Դաշնակից Պատուիրակութեանց Փարիզ հասնելուն, մասնաւորապէս ամերիկեանին եւ անգլիականին, որպէսզի անոնց հետ խորհրդակցելէ ետքը տրուէր այդ որոշումը: Արդ, ինչպէս յայտնի է, անոնց ալ հասնելէն ետքը, որոշումը որ տրուեցաւ Դաշնակցականներին եւ, պէտք է խոստովանիլ, ազգին ալ մեծամասնութեան նախասիրութեանց ճնշման տակ, ամերիկեան հոգատարութիւնն ուզելը եղաւ Ամբողջական Հայաստանի համար: Արղ, թէ՛ Դաշնակցականները եւ թէ՛ ազգին ստուար գանգուածը կը մոռնային, թէ Կովկասի մէջ Մեծ Հայաստանի վրայ վճռական դեր կատարելու կարող անգլիական զօրութիւնը կար, եւ Փոքր Հայաստանի ու մանաւանդ Կիլիկիոյ մէջ 1916-ի Համաձայնութեան հետեւանքով Ֆրանսան կար, եւ անոր հետ մեր Ագգ. Պատուիրակութեան ունեցած բանակցութիւնները կային: Կային տակաւին մեր հագարաւոր կամաւորները ֆրանսական դրօշի տակ, կար Կիլիկիոյ ինքնավարութիւն մը տալու խոստումը ֆրանսական կառավարութեան կողմէ, եւ այս բոլորը շօշափելի իրողութիւններ էին, գորս պէտք էր հաշուի առնել: Կ՚ընդունիմ, թէ Պ. Կու, որ խօսելու չոր եւ քիչ սրտապնդիչ եղանակ մը ունի սովորոբար, կրնայ այնպէս մը արտայայտուած ըլլալ, որ վարանման մղած ըլլայ մեր ներկայացուցիչներէն ոմանք: Բայց Պ. Կուի, ինչպէս եւ Պ. Բիշոնի հետ միակ տեսակցութիւն մը բաւական չէր անշուշտ այդպիսի ծանր հարցի մը մասին վերջնական որոշում մը տալու համար: Պ. Կու եւ նոյն ինքն Պ. Բիշոն ամբողջ Ֆրանսան չէին, անոնցմէ դուրս կային բագմաթիւ ականաւոր ազդեցիկ անձնատրութիւններ, հայոց բարեկամ, կար Ֆրանսայի Հանրապետութեան զօրեղ նախագահը՝ Պ. Բուանքարէն, որուն հետ պէտք էր խօսիլ, կար մանաւանդ ամէնէն վեր՛ մեծագօր Քլեմանսօն, Հայկական Դատին հին բարեկամը, Նուպարենց տան վաղեմի մտերիմը, որ յաղթանակը վաստակող մեծ ֆրանսացին ըլլալէ զատ, Խաղաղութեան Վեհաժողովին նախագահն էր, եւ որ յաղթանակէն քիչ առաջ ըսած էր Պօղոս Փաշային. «Արեւը, լուսինը եւ աստղե՞րը կ՚ուգէք Հայաստանի համար՝ պիտի ունենաք»: Ասիկա կատակ մըն էր անշուշտ, բայց դէպի հայերը շատ լալ տրամադրութիւն մը ցոյց կու տար: Այդ օրերուն, կը յիշեմ, որ քանի մը անգամ «Բլաժա» պանդոկին մէջ Նորատունկեան էֆենտիի եւ Պ. Մալքոլմի հետ այս խնդրին նկատմամբ երկար խօսակցութիւններ ունեցած եմ եւ յայտնած եմ, որ լիովին համաձայն եմ իրենց հետ, թէ լաւագոյն լուծումն էր Անգլիոյ համաձայնութեամբ