Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/748

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ֆրանսայի հոգատարութիւնը ստանալ՝ եթէ կարելի է՝ Ամբողջական Հայաստանի համար, իսկ եթէ կարելի չէր՛ Մեծ Հայաստանի համար անգլիական հոգատարութիւն մը, եւ Փոքր Հայքի ու Կիլիկիոյ համար ֆրանսական պաշտպանութեամբ ինքնավարութիւն մը, այս վերջինն ըլլալով այդ միջոցին ամէնէն անմիջական կերպով ապահովը եւ իրագործելին, եթէ մենք ուզէինք: Կը յիշեմ, որ նոյն օրերուն ընդարձակ վիճաբանութիւն մըն ալ ունեցած եմ Պ. Վարանդեանի եւ Պ. Շանթի հետ, որոնք ամերիկեան հոգատարութեան գաղափարին յարած էին: Ամերիկեան հոգատարութիւնը ինծի անորոշ ու հեռաւոր՝ թէպէտ եւ հրապուրիչ, բայց անստոյգ խոշոր երազ մը կը թուէր, մինչդեռ անգլօ-ֆրանսական կարգադրութեամբ մը կրնայինք մեր հարցը անմիջապէս լուծել դրական կերպով մը: Ատկից զատ, դիտել կու տայի նաեւ, որ Ամերիկայի ետեւէն վազելով, առանց վստահ ըլլալու անոր հոգատարութիւնը ստանալու, ապահովապէս Ֆրանսան պիտի նեղացնէինք եւ մեզի թշնամի դարձնէինք, ինչպէս ալ եղաւ: Որովհետեւ նոյնիսկ ամերիկեան հոգատարութիւնը հետապնդելու ատեննիս եւ ո՛չ իսկ ամենադոյզն նրբավարութիւն ցոյց տուինք, գոնէ Ֆրանսայի դիւրազգացութիւնները յարգած ըլլալու համար: Յանկարծակի, հայերը կռնակ դարձուցին Ֆրանսայի: Ամեն տեղ բացէ ի բաց անոր հակառակ կ՚արտայայտուէին: Օր մը, բարեկամ ընտանիքի մը մէջ Պ. Մասեհեան հետեւեալն ըսաւ նոյնիսկ 15 հոգիի ներկայութեան. «Այս ֆրանսացիք կ՛ուզեն կոր մեր երկիրը գաղութ մը դարձնել: Ես Պ. Կոփ ըսի. «Մենք մինչեւ հիմա կը պաշտէինք Ֆրանսան, բայց եթէ շարունակէ այսպէս տիրամոլական ձգտումներ ցոյց տալ, պիտի ստիպուինք ատել Ֆրանսան»: Քիչ օր յետոյ, «Բլաժա» պանդոկին առջեւ հանդիպեցայ Պ. Մասեհեանի եւ յայտնեցի իրեն, թէ ինչքան վտանգաւոր կը գտնէի Ֆրանսայի հետ սկսուած որոշ գործ մը այսպէս յանկարծ լքելով ամերիկեան հոգատարութեան երազին յանձնոփլը: Պ. Մասեհեան ինծի պատասխանեց. «Ես վստահ եմ, որ Ամերիկա պիտի ընդունի հոգատարութիւնը եւ կարելի բան չէ կապուած մնալ Ֆրանսայի՝ երբ այդպիսի հզօր աջակցութեամբ մը Ամբողջական Հայաստան մը կազմելու հնարաւորութիւն կայ. պատմութեան առջեւ ես կը ստանձնեմ ասոր պատասխանատուութիւնը»: Ոմանք ալ կը կարծեն, որ արդէն Ֆրանսա չպիտի ընդունէր, եթէ նոյնիսկ մենք պնդած ըլլայինք Ամբողջական Հայաստանի հոգատարութիւնը: Արդ, ես առիթ ունեցայ ասկից 6-7 ամիս առաջ տեսակցութիւն մը ունենալու Պ. Կէռնիէի հետ, որ իբր Ֆրանս-Արմէնի Ընկերակցութեան նախագահ՝ 1917-18 շրջանին սերտ յարաբերութիւններ ունէր Ազգ. Պատուիրակութեան հետ եւ գլխաւոր միջնորդներէն մէկն էր այս վերջինին եւ Քէ տ՚Օրսէի միջեւ: Պ. Կեռնիէ մեծ դառնութեամբ խօսեցաւ, յիշելով այդ օրերուն անցած դարձածը, եւ ըսաւ. «Այդ միջոցին դուք մեծ առիթ մը փախցուցիք. ես գիտեմ, որ ֆրանսական կառավարութիւնը տրամադիր էր ընդունելու Ամբողջական Հայաստանի հոգատարութիւնը, եթէ հայերը որոշապէս խնդրէին զայն Վեհաժողովին բացուելէն առաջ: Քէ տՕրսէի պաշտօնատարները կրնան աւելի կամ նուազ վերապահ լեզու մը բանեցնել, պէտք չէր անոնցմէ խրտչիլ, ես գիտէի մեր կառավարութեան բուն տրամադրութիւնները եւ ատոր համար խնդրեցի, որ Ազգ. Պատուիրակութիւնը այդ խնդրանքը ընէ. բայց հայերը, ատեն մը ինծի հետ գործակցելէ յետոյ, յանկարծ զիս մէջտեղ ձգեցին»: Իսկ Պ. Մալքոլմ նոյնպէս ինծի պատմած էր հետեւեալը. անցեալ տարի, մեր Համագումարին բացումէն քիչ առաջ, տեակցութիւն մը ունեցեր է Ֆրանսայի Երեսփոխանական ժողովին Արտաքին Գործոց Յանձնաժողովին Նախագահ Պ. Ֆրանքլին-Պույեոնի հետ եւ խնդրեր է անկից հարցնել Յանձնաժողովին, թէ համաձա՞յն են, որ Ֆրանսա ստանձնէ Ամբողջական Հայաստանի հոգատարութիւնը: Քանի մը օր յետոյ Պ. Ֆրանքլին-Պույեոն յայտներ է Պ. Մալքոլմի, թէ այդ հարցը դրեր է Յանձնաժողովին առջեւ եւ թէ Յանձնաժողովը գրեթէ ամբողջութեամբ իր համամտութիւնը յայտներ է:

Պ. Ն. Տէր-Ստեփանեան. ճի՞շդ է ասիկա, Պ. Նախագահ: