Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/749

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Նորատունկեան էֆենտի. Այո՛: Նոյնիսկ Պ. Մալքոլմին ալ ըսի, որ ես Պատուիրակութեան հետ յարաբերութեան մէջ չեմ, գացէ՜ք եւ այդ լուրը հաղորդեցէ՛ք Փաշային:

Պ. Ա. Չօպանեան. Պէտք էր, որ թէ՛ Նորատունկեան էֆենտի եւ թէ' Պ. Մալքոլմ Համագումարի առաջին նստաշրջանին այս հարցն իր ամբողջ լայնութեամբ դնէին Համագումարին առջեւ: ճիշդ է, որ մինչեւ այն ատեն՝ ո չ միայն Պատուիրակութիւնը, այլ՝ ազգն ամբողջ դէք բռնած էին Ամերիկայի հոգատարության նկատմամբ եւ քիչ հաւանականութիւն կար, որ կարելի ըլլար այղ հոսանքին դէմ երթալ. բայց պէտք էր այղ փո՛րձը ընել գոնէ պատմութեան համար:

Պ. Մ. Պապաջանեան. Իբր ռուսահայ՝ դժբախտաբար շատ քիչ ծանօթ եմ արեւմտահայոց վերաբերող հարցերու. միւս կողմէ, բացակայելու ստիպուած ըլլալով, չկրցայ սկիզբէն հետեւիլ վիճաբանութեան ենթարկուած խնդիրներում, որով դժուար է ինծի կարծիք յայտնել անոնց մասին: Բայց չեմ կրնար ժողովիդ չյիշեցնել, թէ Հայաստան եւ երեք վիլւսյէթները որոնք անոր պիտի կցուին, մեծ վտանգի ենթակայ են: Այս վտանգը կու գայ մէկ կողմէ պլշեւիկերէն ու միւս կողմէ՝ Մուսթաֆա Քէմալէն: Աէկն ու միւսը հաւասարապէս սպառնալից են այս միջոցիս: Ծանօթ են Մուսթաֆա Քէմալի հետապնդած նպատակները: Անիկա չուզեր, որ նոյնիսկ թիզ մը հող տրուի Հայաստանի՝ հարեւան Թուրքիայէն: Իսկ պոլշեւիկերը մեծ իմբէրիալիսթներ են, կը ցանկան տարածուիլ ո՜չ միայն ղէպի Անատոլու, այլ մինչեւ Պոլիս, ու միւս կողմէ ալ՝ մինչեւ Իսկետէրուն: Այս պայմանները աչքի առջեւ ունենալուս համար մանաւանդ՝ ամբողջ սրտովս կը բաղձամ, որ հայերը ազատութեան ու անկախութեան տիրանան Կիլիկիոյ մէջ: Անկախ Կիլիկիա մը նոյնիսկ Երեւանի ազատութեան աղբիւր կրնայ դառնալ օր մը, եթէ երբեք պարագաները ջնջեն այսօրուան Հանրապետութիւնը: 1918 Նոյեմբերին' երբ անդին Հանրապետութիւնը կար, այսօրուան պէս մտահոգ էինք անոր տեււսկանութեան նկատմամբ: Այղ մտահոգութեան մէջ երբ լսեցինք, թէ այստեղ, Փարիզի մէջ, Ազգ. Պատուիրակութիւնը յւսյտարարեր է Հայաստանի ւսնկւսխութիւնը, չափազանց ուրախացանք, եւ Դաշնակցականները մեզի հետ ու մեգի չափ ուրախացան, մտածելով, որ եթէ դուք այղ յայտարարութիւնը կ՚ընէք, ձեզի համամիտ ունիք Անգլիան ու Ֆրանսան: Արեւելեան հայերս սովորաբար շատ տեղեակ չենք եւրոպական իրերուն, հետեւաբար պէտք չէ մեզ մեղադրել այս մտածման համար: Այսօր, ինչպէս այն ատեն, վտանգը նոյնն է Հանրապետութեան համար, հետեւաբար, ցանկալի պիտի ըլլար Կիլիկիոյ մէջ անկախ հայութեան մը գոյութիւնը, որպէսզի եթէ այս կողմի անկախութիւնը վրայ տայինք, Կիլիկիոյ կորիզին շնորհիւ օր մը կարենայինք վերստին ձեռք անցընել մեր կորսնցուցածը:

Պ. Պապաջանեան այս առթիւ ներկայացուց հետեւեալ առաջարկութիւնը.

«Նկատելով Կիլիկիոյ քաղաքական նոր պայմանները, Համագումարը անհրաժեշտ կը գտնէ հետապնդել Կիլիկիոյ մէջ ինքնավար, եւ եթէ կարելի է՝ անկախ Հայաստան ստեղծելու քաղաքականութիւնը՝ Ֆրանսայի հովանաւորութեան տակ»:

Մ. Պապաջանեան

Այս առաջարկութեան միացան նաեւ Պ. Պ. Ա. Չօպանեան եւ Ա. Թէրզիպաշեան:

Ի վերջոյ, կարգ մը բարեփոխոլթեանց ենթարկուելով, այս առաջարկութիւնը ստացաւ հետեւեալ վերջնական ձեւը.

«Նկատելով Կիլիկիոյ քաղաքական նոր պայմանները. Համագումարը անհրաժեշտ կը գտնէ հետապնդել Կիլիկիոյ եւ, հնարաւորութեան պարագային՝ շրջակայ հայ հողամասերու մէջ ինքնավար, եւ եթէ կարելի է՛ անկախ իշխանութիւն հաստատելու քաղաքականութիւնը՝ Ֆրասայի հովանաւորութեան տակ»:

Այս ձեւով քուէարկութեան դրուելով, առաջարկութիւնը, 12 պատգամաւորներու ներկայութեան, ընղունուեցաւ միաձայնութեամբ:

Պ. Պապաջանեան, նկատի առնելով, որ օրուան քաղաքական պահանջներուն բաղդատմանը Պատուիրակութեան անդամներում թիլը անբաւական է, առաջարկեց