Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/750

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

իրաւունք տալ Պատուիրակութեան Նախագահին, որ պէտք տեսած ատենք cooptation- ի դրութեամբ աւելցնէ Պատուիրակութեան անդամներուն թիլը:

Համագումարը որոշեց այս խնդիրը նկատողութեան առնել Պատուիրակութեան Նախագահ Պօղոս Նուպար Փաշայի ներկայութեան:

Կարդացուեցաւ Տիրէքթիւներու Սահմանման Յանձնաժողովին 9-րդ առաջարկութիւնը, որու մասին երեք կարծիք բերուած էին Յանձնաժողովին կողմէ: Նախորդ նիստին՝ Պ. Բարսեղեան ետ առած էր իր առաջարկութիւնը: Այս անգամ ալ Պ. Սինապեան, նկատելով, որ Պատուիրակութեան անդամ ընտրուած է, ետ առաւ իր առաջարկութիւնը, որով մնաց միայն Թէրզիպաշեան-Տէր-Ստեփանեան առաջարկութիւնը:

Համագումարը որոշեց անմիջապէս քուէի ենթարկել այս առաջարկութիւնը:

Պ. Մ. Տէրպէտէրեան. Ես հակառակ եմ այդ բանաձեւին ամբողջութեան, որովհետեւ այնտեղ կը շօշափուին երկու հարցեր: Առաջին՝ Հայաստաններոլ միութեան ակտ, եւ երկրորդ՝ Միացեալ նախարարութեան կազմութիւն, թրքահայերէ Եւ ռուսահայերէ բաղկացած: Արդ, եթէ երկու Հայաստաններու միացման համար դիւանագիտական ակտ մը անհրաժեշտ է, ունինք երեք որոշ յայտարարութիւններ. առաջին՝ Նուպար Փաշայի 1918 Նոյեմբերի Յայտարարութիւնը. երկրորդ՝ Հայկական Պետութեան 1919 Մայիսի ակտը, եւ երրորդ՝ Թուրքիոյ ներկայացուած դաշնագրով Մեծ Տէրութեանց նուիրագործած ակտը, որով Հայկական Պետութեան սահմանները կ՚ընդարձակուին Վանայ, Պիթլիսի, Կարնոյ եւ Տրապիզոնի նահանգներուն ամբողջութեամբ կամ մասերով: Իբր դիւանագիտական ակտեր՝ ասոնք բաւական են, թէեւ չեմ գիտեր, որ եթէ երբեւիցէ կազմակերպուած Ռուսաստան մը, ըլլայ պոլշեւիկ, ցարական կամ սահմանադրական, ուզէ գրաւել Հայաստանն ու Միջերկրական հասնիլ, որչա՞փ պիտի ազդուի այդ ակտերէն, եւ թէ անոնք որչա՞փ պիտի զօրեն կասեցնելու արշաւող քազաքներու յառաջացումը: Ներքնապէս՝ ես երբեք պէտք չեմ տեսներ միացման ոեւէ ակտի: Հայերու հատուածական բաժանումները բռնադատուած են իրենց կամքին հակառակ եւ անկախ պատճառներով: Հայութիւնը միշտ պահած է իր բարոյական միութիւնը: Երբեք հայութիւնը յայտարարած չէ, թէ կը բաժնուի իր այսինչ հատուածէն, որպէսզի այսօր ալ ստիպուի յայտարարել, թէ վերստին կը միանայ անոր: Գալով նախարարական կազմին մէջ տարբեր հատուածներու ներկայութեան, այդպիսի պահանջ մը թերեւս կարենար պաշտպաններ ունենալ, եթէ միութիւնը իրականանար դաշնագրին ստորագրութիւնէն առաջ: Բայց այսուհետեւ այլեւս արտառոց կը գտնեմ այդպիսի պահանջ մը: Իմ միակ պահանջս այն է, որ հայկական նախարարութիւնը կազմուի իրենց պաշտօնին բարձրութեան վրայ գտնուող հայ քաղաքացիներէ, ըլլան անոնք թրքահայ թէ հնդկահայ, պարսկահայ թէ ռումանահայ: Եթէ պատահի, որ Աւստրօ-հունգարական նախկին կայսրութեան նախարարապետ հայազգի Լուգաշը երկիր վերադառնայ եւ ուզէ նախարարութեան մէջ մտնել, միթէ՞ պիտի մերժենք, որովհետեւ Իգդիր, էրզրում կամ Երեւան չէ ծնած: Թերեւս յառաջիկային եէզտի, թաթար կամ քիլրտ նախարարներ ալ պիտի ունենանք ժամանակին պահանջմանց համաձայն: Ինչպէ՞ս կարելի է պահանջել, որ անպատճառ նախարարներէն այսչափը թրքահայ ըլլան եւ այսչափ ռուսահայ:

12 պատգամատրներու ներկայութեան քուէի դրուեցաւ Պ. Պ. Թէրզիպաշեանի եւ Տէր-Ստեփանեանի առաջարկութիւնը, բայց միայն 5 քուէ ստացած ըլլալուն, որոշուեցաւ այդ առաջարկութիւնը նոյնութեամբ, բայց ոչ իբր որոշում հաղորդել Պատուիրակութեան:

Կարդացուեցաւ Յունիս 26-ի նիստին մէջ Դուրեան Արքեպիսկոպոսի եւ Պ. Պ. Սինապեանի, Հանըմեանի, Բարսեղեանի, Դաւիթ-Բէկի, Պզտիկեանի ու Տէրպէտէրեանի ստորագրութեամբ ներկայացուած բանաձեւը:

Համագումարը որոշեց քուէի ենթարկել գայն: