Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/751

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

12 պատգամաւորներու ներկայութեան քուէի դրուելով, բանաձեւը Ց-ի դէմ 3 քուէ ստանալով՝ մերժուեցաւ:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 6 1/2-ին:

ՀԱԱ, ֆ. -430, ց. 1. գ. 67, թթ. 64-81: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ Լ

9 Յուլիս 1920, ժամը 4-ին

նախագահութեամբ Գաբրիէլ էֆ. Նորատունկեանի:

Ներկայ էին 10 պատգամատր՝

Եղիշէ Արքեպ. Դուրեան, Պ. Պ. Դաւիթ-Բէկ, Ա. Թէրզիպաշեան, Վ. Թէքէեան, ԳՆորատունկեան, Ռ. Որբերեան, Ա. Չօպանեան, Գ. Սինապեան, Մ. Տէրպէտերեան, Ն.ՏԷր-Ստեփանեան:


Օրակարգ

1. Վերակազմութիւն Ազգ. Պատուիրակութեան:

2. Հարցում Պ. Վահան Թէքէեանի Ամերիկայի մէջ հոգատարութեան խնդրին

նկատմամբ եղած յայտարարութեան մասին

ԱՏԵՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. Ընթերցում ատենագրութեան

Կարդացուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ Յալիս 5-ի նիստին ատենագրութիւնը:


Օրակարգ

1. Վերակազմութիւն Ազգ. Պատուիրակութեան

Կարդացուեցաւ Պ. Ն. Տէր-Ստեփանեանի հետեւեալ առաջարկութիւնը Կիլիկիոյ Բժշկական Առաքելութեան մասին.

«Համագումարը, նկատելով որ Կիլիկիոյ Բժշկական Առաքելութիւնը կազմելու եւ վարելու համար Ազգ. Պատուիրակութեան կողմէ նշանակուած յանձնախումբը անկարող եղած է գործը դնելու կանոնաւոր հիման վրայ, կորոշէ, որ այդ Առաքելութեան ղեկավարութիւնն ու վարչութիւնը ամբողջովին եւ անմիջապէս յանձնուին Պատրիարքարանին:

Ն. Տէր-Ստեփանեան

ախումբի տեղեկագրին ընթերցման միջոցին հարցում ըրի, թէ Կիլիկիոյ Բժշկական Առաքելութեան անդամները կը շարունակե՛ն իրենց պաշտօնը: Պատասխանուեցաւ, թէ կը շարունակեն: Բայց անկէ ի վեր նոր տեղեկութիւններ հասան, եւ այսօր գարմացմամբ կը լսենք, որ անոնք մեծ մասամբ մեկներ են Կիլիկիայէն: Տոքթ. Տամլամանեան, որ Առաքելութեան կարողագոյն անդամը կը նկատուէր, հոն չէ. ուրիշներ Եւրոպա դարձած են: Ղրկուած հիւանդապահուհիներու կարողագոյններն ալ մեկներ են նոյնպէս:

Նորատունկեան էֆենտի. Ես ալ տեսայ անոնցմէ երկուքը, որոնք կարծեմ Սիլեան ընտանիքին կը պատկանին, երկուքն ալ շատ լաւ բաներ չըսին Առաքելութեան արդի վիճակին մասին: