Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/752

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Պ. Վ. Թէքէեան. Ել Տոքթ. Ղազարոսեանի վկայութեան համաձայն, այդ երկոլքը լաւագոյններն էին: Յետոյ Տիկին Հանըմեանն ալ, որ իբր հիւանդապահուհի գացած էր, մեկներ է եւ Իզմիր կը գտնուի այսօր:

Պ. Ա. Չօպանեան. Պատուիրակութիւնն ընդհանրապէս անտեղեակ մնաց Կիլիկիոյ Բժշկական Առաքելութեան գործունէութենէն, որովհետեւ ո՜չ միայն Առաքելութիւնը, այլ նաեւ Պ. Տամատեան ալ բան մը չէին գրեր, հակառակ անոր, որ շարունակ տեղեկութիւն կը խնդրուէր իրենցմէ: Իսկ այստեղ Բժշկական Յանձնախումբը միշտ լալ վկայութիւն կու տար Առաքելութեան անդամներու մասին, եւ տեղեկութիւն չհասնիլը կը բացատրէր ըսելով, որ ղրկուած նամակները կրնան կորսուած ըլլալ: Ես եթէ պահանջեցի, որ Բժշկական Առաքելութեան գործը ւիոխանցուի Պոլսոյ Պատրիարքարանին, երկու պատճառ ունէի: Նախ սա թէ Պատրիարքարանը Կիլիկիոյ հետ աւելի մերձաւոր ու շարունակական յարաբերութիւններ ունէր, հետեւաբար կրնար լաւագոյն կերպով մը հաղորդակցութեան մէջ մնալ Առաքելութեան հետ, քան մենք այստեղէն: Երկրորդ պատճառն էր Ազգ. Պատուիրակութեան դրամական կացութիւնը: Պատուիրակութիւնը քանի մը ամիս առաջ նոյնիսկ այս շէնքը պիտի գոցէր, այնքան անձուկ էր պիւտճէն: Կիլիկիա մարդ ղրկելու պէտք տեսնուեցաւ. Պ. Գուրգէն Թահմազեանը համոզեցինք, պատճառ եղանք, որ պաշտօնը թողու, բայց ճիշդ այն պահուն, որ պիտի մեկնէր չկրցանք քանի մը հազար ֆրանք գտնել զինքը ղրկելու համար:

Նորատունկեան էֆենւոի. Ինչ որ անգամ մըն ալ կապացուցէ, թէ մեթոտը պակսեր է:

Պ. Ա. Չօպանեան. Կը մաղթեմ, որ այս Համագումարէն բղխած նոր Պատուիրակութիւնը աւելի մեթոտ ունենար:

Նորատունկեան էֆենտի. Ես անձի ակնարկութիւն չըրի, այլ հաստատեցի իրողութիւն մը, որուն առաջին ապացոյցը ձեր խօսքերն էին:

Ամեն. Դուրեան Արքեպ. Կիլիկիոյ Բժշկական Առաքելութեան համար անհրաժեշտ ամսականը' 25-30 հազար ֆրանք, պատրաստ գումարէ՞ մը կը տրուէր:

Պ. Ա. Չօպանեան. Ո՛չ, պատրաստ դրամ չկար այդ նպատակով, հանգանակութիւններէ գոյացած դրամէն կը տրուէր: Այդ հանգանակութիւնները ժամանակէ ի վեր դադրած են գրեթէ, եւ ասոր մեծագոյն պատճառն եղաւ Զօրավար Անդրանիկ, որ Ամերիկա գնաց, բայց ըրած հանգանակութիւնը ինքն իր գլխուն տնտեսելու կը յամւսռի, առանց Պատուիրակութեան բան մը իմացնելու: Մանչեսթր եւ ուրիշ գաղութներ ալ զատ-զատ նպատակներու յատկացուցին իրենց նուէրները, որով Պատուիրակութեան աղբիւրները գոցուեցան: Բժշկական Առաքելութեան ծախքերը մասամբ առնուած են պատրաստ գումարներէ, մաս մըն ալ Պատուիրակութեան Նախագահը եւ իր քոյրը, ինչպէս նաեւ տիկին էգնւսյեան նուիրեցին: Իսկ վերջին ատենները երբ անձկութիւնը մեծ էր, գրեցինք Անդրանիկի, որ մաս մը դրամ Կիլիկիա ղրկէ Ստանայի հիւանդանոցին համար, ու որչափ որ գիտեմ, պզտիկ գումար մը ղրկեց:

Ամեն. Դուրեան Արքեպ. Կարծեմ շատ յարմար չէ այս գործը Պատրիարքարանին յանձնելը: Պատրիարքարանը չի կրնար որբերուն դրամ հասցնել: Ինչ որ կը հանգանակուի այդ անունով անբաւական է ընդհանուր պէտքը հոգալու, մէկ մըն ալ Ստանայի հիւանդանոցի հոգը բեռցնել իր վրայ չեմ գիտէր, թէ որքան խելացութիւն կրնայ ըլլալ:[1]

  1. Ճիշդ և ճիշդ ըսաւ. «Երբ Պատուիրակութիւնը չի կրնար Պատրիարքարանը ինչպէ՞ս պիտի կրնայ խօսք հասկցնել Զօրավարին»: Վերջէն սրբագրեց՝ վերի ձևով: